Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Ձեւակերպած Ենք Բաւական Հետաքրքրական Ծանրաձող» Կ՛ըսէ Վարչապետ Կարապետեան

Հոկտեմբեր 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

varchabed_101816

18 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան արտակարգ նիստը, զոր վարած է Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան:  Քննարկուած են երկու հարցեր` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրը եւ «Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ գումարելու վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեան մասին» որոշումը:

Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը ներկայացուցած է Հայաստանի փոխվարչապետ, Միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, որ դիտել տուած է, թէ Հայաստանի մարտահրաւէրները կը պահանջեն վայրկեան առաջ իրագործել բարեփոխումներ` այս ընթացքին մէջ ներգրաւելով եւ օգտագործելով Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջ ներուժը: Վաչէ Գաբրիէլեան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է հանրապետութեան մէջ արդիւնաւէտ բարեփոխումներու միջոցով ապահովել Հայաստանի գերագոյն արժէք հանդիսացողին` Հայաստանի քաղաքացիին պաշտպանուածութիւնը, արժանապատուութիւնը, կենսամակարդակի բարձրացումը, արդար հասարակութեան մէջ ապրիլը, ապագայի նկատմամբ լաւատեսութիւնը:

Այս առիթով վարչապետը ըսած է. «Մենք ձեւակերպած ենք, իմ կարծիքովս, բաւականին հետաքրքրական ծանրաձող, զոր բարձրացնելու համար պէտք է կեդրոնացնենք եւ համախմբենք մեր ներուժը». ան յորդորած է գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն` յատուկ ուշադրութիւն դարձնել ծրագիրի իրականացման: «Հաշուետուութիւն պիտի տանք, ժամանակը պիտի գայ, պէտք է բացատրենք` ինչ ըրած ենք, ինչ չենք ըրած, ինչը գործնականօրէն պէտք է բացառե՛նք», շեշտած է վարչապետը:

Գործադիրը համաձայնութիւն տուած է Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրին, որ պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովին:

Նախորդը

«ՀՅԴ – ՀՀԿ Յուշագիրին Գրեթէ Բոլոր Դրոյթները Կ՛արտացոլան Կառավարութեան Ծրագիրին Մէջ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Վոլֆսպուրկ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?