Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուրջ 4 Միլիոն Տոլարի Ուղղակի Ներդրումներ Պիտի Կատարուին Դիլիջանի Մեծցուած Համայնքին Մէջ

October 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lokian_101716

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան 15 հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Տաւուշի մարզ, ուր Դիլիջանի մէջ մասնակցած է  «Դիլիջանը երկու տարի անց» խորագիրով քննարկման` մասնակցութեամբ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւոր խորհրդական Գագիկ Մարտիրոսեանի, Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանի, Դիլիջանի քաղաքապետ Արմէն Սանթրոսեանի, Տարածքային զարգացման հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Կիրակոսեանի, մարզի շարք մը համայնքներու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ շահագրգիռ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:

Նախարար Լոքեան քննարկման մասնակիցներուն ներկայացուցած է Դիլիջանի մեծցուած համայնքի զարգացման ծրագիրները, անդրադարձած է համայնքներու զարգացման վերաբերեալ կառավարութեան նախաձեռնած նոր քայլերուն: Դաւիթ Լոքեան նշած է, որ շուրջ 4 միլիոն տոլարի ուղղակի ներդրումներ կատարուած են Դիլիջանի մեծցուած համայնքին մէջ: Իւրաքանչիւր ծրագիր մանրամասն պիտի դիտարկուի, եւ միայն անկէ ետք անոնց գործադրութիւնը պիտի արտօնուի:

«Համոզուած եմ, որ այդ ծրագիրները մեծ թափ պիտի տան Դիլիջանի զարգացման: Ասոր պիտի նպաստեն Եւրոպական Միութեան երկու մեծ ծրագիրները: Մէկով երթեւեկի խնդիրները պիտի լուծուին, իսկ միւսով Դիլիջանը զբօսաշրջային գօտիի պիտի վերածուի: Ծրագիրը կը ներառէ յատուկ ինքնաշարժներով շրջագայութիւն Դիլիջանի զբօսայգիին մէջ, արկածախնդրական զբօսաշրջութեան ձեւերու զարգացում, գիւղական համայնքներուն մէջ զբօսաշրջական կեդրոններու ստեղծում», նշած է նախարար Դաւիթ Լոքեան:

Տարածքային կառավարման եւ զարգացման փոխնախարար  Արթուր Խաչատրեան քննարկման մասնակիցներուն ներկայացուցած է համայնքներու զարգացման 5-ամեայ ծրագիրներու մշակման եւ կառավարման մեթոտաբանութիւնը: 2017 թուականի սկիզբը, երբ համայնքապետերը կը մշակեն ծրագիրներ, անոնք պիտի աշխատին նոր մեթոտաբանութեամբ: Մշակուած նոր մեթոտաբանութեան համաձայն, յստակ կերպով պիտի երեւի, թէ ինչպիսի՛ պիւտճէ ունին համայնքները,  ինչպէ՛ս կը ծախսեն եւ տարեվերջին ի՛նչ արդիւնքներ պէտք է արձանագրեն: Անդրադառնալով նոր մեթոտաբանութեան` նախարար Դաւիթ Լոքեան ըսած է. «Բացի 4 միլիոն տոլարէն, որուն մասին նշեցի, պետութեան կողմէ  իւրաքանչիւր տարի շուրջ 500 միլիոն դրամ օժանդակութիւն կը տրուի: Անիկա պէտք է ծախսուի ըստ պիւտճէական յատկացման,  պէտք է ըլլայ հաշուարկելի, եւ քաղաքացիները պէտք է տեսնեն   մատուցուող ծառայութիւններուն որակի բարձրացումը: Ասիկա քիչ գումար չէ, եւ մենք խստագոյնս պիտի վերահսկենք համայնքներուն մէջ կատարուող պիւտճէական ծախսերուն»: Նախարարը ընդգծած է, որ ատիկա նաեւ Հայաստանի վարչապետին յանձնարարականն է, որ տրուած է կառավարութեան նիստին:

Կառավարութեան 2017 թուականի ծրագիրին մէջ համայնքներու զարգացման վերաբերող նոր գործիք պիտի կիրարկուի:  Նախարար Լոքեանի համաձայն, պիտի գործադրուի պետութիւն-սեփական հատուած փոխյարաբերութեան նոր գործիքը: «Այս գործիքին հիմնական գաղափարախօսութիւնը հետեւեալն է.  համայնքներուն մէջ տնտեսական ձեռնարկներ իրականացնելու, արտադրութիւններ հիմնելու հարցին մէջ պետութիւնը պատրաստ է սեփական հատուածին հետ գումար ներդնել, տուեալ ձեռնարկը ստեղծել եւ տարիներ ետք անիկա սեփական հատուածին զիջիլ», ըսած է նախարարը` նկատել տալով, որ գումարներ պիտի տրամադրուին հեռանկարային եւ յաւելեալ արժէք ստեղծող ձեռնարկներուն համար:

Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Գագիկ Մարտիրոսեան իր կարգին նշած է, որ մարզերու զարգացման ծրագիրները պէտք է նպաստեն մարդոց կեանքի որակի բարելաւման: «Հայթայթուած են որոշ միջոցներ եւ պիտի ձեռնարկուին քայլերու, որպէսզի այդ միջոցներու օգտագործման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացուի: Կը կարծեմ, թէ մեծ յաջողութիւններ կարելի է ակնկալել, եթէ տեղական համայնքները իրենց գործառոյթները ճիշդ կատարեն` մարզպետներուն օգնութեամբ, իսկ կառավարութիւնն ալ իր քայլերը կատարէ», դիտել տուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդականը:

Հայաստանի մէջ մեծ վարչատարածքային բարեփոխումներու հոլովոյթը նախատեսուած է աւարտել 2018 թուականին: Իսկ մինչեւ 15 յունուար 2017 պէտք է ներկայացուին մեծցուած  18  համայնքներու 5-ամեայ զարգացման ծրագիրները:  Յառաջիկային նման քննարկումներ պիտի կատարուին Տաթեւի եւ Թումանեանի մեծցուած համայնքներուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Սուրիահայերու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցով Դիմուած Է Միջազգային Մարմիններուն

Յաջորդը

Կառավարութեան Մէջ Նոր Նշանակումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.