Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 հոկտեմբերին ընդունած է Եւրասիական գործընկերութեան միջազգային առաջին համաժողովին մասնակիցները, ինչպէս նաեւ նոյն օրը այցելած է «ԱրմՀայԹեք-2016» առաջին միջազգային ցուցահանդէսը:
Նախագահական նստավայրին մէջ ողջունելով համաժողովի մասնակիցները` նախագահը կարեւոր նկատած է այն, որ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան այս օգտակար նախաձեռնութեան սկիզբը կը տրուի ներկայացուցչական մակարդակով, քանի որ, անոր համաձայն, մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը կարելիութիւն ունի իր էական ներդրումը բերելու համաժողովի կայացման եւ շարունակականութեան ապահովման մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Եւրասիական գործընկերութեան միջազգային համաժողովը կրնայ դառնալ կարեւոր հարթակ մասնակից երկիրներու պետական, գործարար եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն համար` կարելիութիւն ընձեռելով մշակելու գործնական մեքանիզմներ` ուղղուած այդ երկիրներու փոխգործակցութեան ներուժի բացայայտման, ինչպէս նաեւ դիտարկելու առաւել ընդլայնուած բազմակողմանի տնտեսական համագործակցութեան կարելիութիւնները: Հայաստանի նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ միշտ ալ ողջունելի է ներկայութիւնը գործընկերներուն, եւ Հայաստան բաց է համագործակցութեան ամէն տեսակի ծրագիրներու քննարկման:
Սերժ Սարգսեան հանդիպման մասնակիցներուն հակիրճ կերպով ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսական առաջնահերթութիւնները եւ պատասխանած զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն:
Աւելի ուշ նախագահը այցելած է 13-15 հոկտեմբերին տեղի ունեցած սպառազինութեան եւ պաշտպանական արհեստագիտութիւններու «ԱրմՀայԹեք-2016» առաջին միջազգային ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական յանձնախումբի որոշման հիման վրայ եւ նպատակ ունի ներկայացնել սպառազինութեան եւ զինուորական սարքերու արտադրութեան մարզին մէջ առկայ ժամանակակից բարձր արհեստագիտութեան նորարարական մշակումներն ու պատրաստի լուծումները, նաեւ նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական արդիւնաբերութեան համակարգային բարեփոխումներու իրականացման:
«ԱրմՀայԹեք-2016» ցուցահանդէսին ներկայացուած են նորագոյն արհեստագիտական լուծումներ, ելեկտրոնային սարքեր, տուեալներու փոխանցման համակարգեր, ժամանակակից սպառազինութեան նմուշներ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ստորաբաժանումներու հանդերձանք, սահմաններու հսկողութեան համակարգեր, անօդաչու թռչող սարքեր եւ այլն:
Հանրապետութեան նախագահը շրջագայած է սրահին մէջ, ծանօթացած ներկայացուած պաշտպանական համակարգերուն, սպառազինութեան նորարարական մշակումներուն եւ զինուորական կազմածներուն: