Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ – ՀՀԿ Յուշագիրին Գրեթէ Բոլոր Դրոյթները Կ՛արտացոլան Կառավարութեան Ծրագիրին Մէջ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

October 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

fotorcreated-18

Ազգային ժողովի արտակարգ նիստերու ծիրին մէջ 18 հոկտեմբերին շարունակուած են պատգամաւորներուն ելոյթները Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծին վերաբերեալ: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ բազմաթիւ ելոյթներ կը պարունակեն զեղումներ, որոնք կապուած չեն ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն:

«Տրամախոհութիւնը հետաքրքրական հասկացողութիւն ունի` կարելիութիւն եւ իրականութիւն: Օրէնքներով կը ստեղծենք կարելիութիւն, բայց անիկա իրականութիւն կը դառնայ մարդոց ընդմէջէն: Այնպէս որ` Ընտրական օրէնսգիրքը չի կրնար ինքնիրմով ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր բացարձակ խնդիր չըլլայ: Բազմիցս ըսած ենք, որ եթէ քաղաքական որեւէ ուժ ներկայ չէ տեղամասերուն մէջ, ապա ինչ ալ գրես Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ, միեւնոյն է, եթէ կը հասնինք հոն, ուր  յանցաւոր համագործակցութիւն կը կատարուի տեղամասին մէջ, ապա կրնան ամէն ինչ ընել», դիտել տուած է ան:

Ռուստամեանի համաձայն, այս օրէնսգիրքով կը ստեղծուին կարելիութիւններ, կ՛աւելնան գործիքները, որպէսզի զանոնք օգտագործողները նախ հասկնան` ատիկա ինչպէ՛ս պէտք է օգտագործուի, եւ սկսին այդ գործիքները կիրարկել ընտրութիւններուն ընթացքին: Պատգամաւորին համաձայն, «այդ գործիքները եւ կարելիութիւնները աւելցած են Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծով»:

Անդրադառնալով պատգամաւորներուն առաջադրած մտահոգութեան` սուտ յայտարարութեան քրէականացման առնչուած, Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ ատիկա ուշադրութեան արժանի երեւոյթ է, եւ որ կառավարութեան ներկայացուցիչը պէտք է անդրադառնայ այդ երեւոյթի իրաւականութեան ու յայտարարութիւններու դիտաւորութեան: «Ատիկա պէտք է ամրագրուի ու յստակեցուի, որ այդպէս դիւրութեամբ մարդիկ չդատապարտուին, այն ալ` երկուքէն հինգ տարի», յայտնած է ան:

Պատգամաւորը անդրադարձած է Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Էլինար Վարդանեանի այն մտահոգութեան, թէ ընտրութիւններուն արդիւնքները ե՞րբ անվաւեր պիտի նկատուին: Ռուստամեանի համաձայն, այդ մէկը ճշդողները պէտք է ըլլան յանձնախումբերը, որոնք անաչառութիւն ու անկախութիւն պէտք է ունենան` օրինականութիւնը պաշտպանելու եւ ըսելու համար, որ անճշդութիւնները ազդած են ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ:

Արմէն Ռուստամեանը համամիտ չէր այն ելոյթ ունեցողներուն, որոնք կ՛ըսեն, թէ բոլորը մեղաւոր են, սահմանադրութիւնը մեղաւոր է` բացի իրենցմէ: Պատգամաւորին համաձայն, այդ մտածելակերպով քաղաքական ուժերը որեւէ տեղ չեն հասնիր:

«Թերեւս սահմանադրութիւնը մեղադրելէ զատ, պէտք է փորձենք պարզ հարցումի մը պատասխանել` ինչպէ՞ս եղաւ, որ ընդդիմութիւնը, մեծամասնութիւն ունենալով, չդարձաւ ընդդիմադիր աւագանիներու մեծամասնութիւն: Գիւմրիի առնչուած, համաձայն եմ, որ յաւելումի համակարգը արտօնած էր, որ այդպէս ըլլայ: Տոկոսներու յաւելումը պէտք է վերացուի, ես ատոր դէմ եղած եմ, ատիկա ապագայի հարց է, եւ կարելի է զայն փոխել: Բայց եթէ համեմատութիւն կատարենք նախորդ ընտրութիւններուն եւ ընտրակարգին հետ, ապա մարդը կրնար 10 տոկոս ձայներով անցնիլ ու դառնալ քաղաքապետ, մինչդեռ հիմա կարելիութիւն կայ սահմանադրական փոփոխութիւններով գումարել ընդդիմադիր ձայները եւ ունենալ մեծամասնութիւն», ըսած է Ռուստամեան:

Ան շեշտած է, որ նոր ընտրակարգով առաջին անգամ ըլլալով իշխանութիւնը չկրցաւ մեծամասնութիւն դառնալ, ինչ որ անցեալին չէ եղած, եւ ատիկա կարելի չէ յետընթաց նկատել: «Եկէք գոնէ պահենք այն, ինչ որ դրական է: Կը կարծեմ, թէ սահմանադրութեան առաջին քննութիւնը դրական արդիւնք արձանագրած է, որովհետեւ ընդդիմութիւնը իշխանափոխութեան կարելիութիւն ունեցած է  Վանաձորի մէջ: Բայց տարբեր պատճառներով ընդդիմութիւնը այդ փոփոխութենէն չօգտուեցաւ: Կրնայ ըլլալ, որ ընդդիմութիւնը իր ցանկին մէջ «Տրովաթայի  ձիեր» ունեցած է: 18 ձայնը դարձաւ 14: Դիւրին է ըսել, որ իշխանութիւնները կատարած են: Մտած էք խաղադաշտ ու պարտուած, այս է իրականութիւնը», ըսած է Ռուստամեան:

Ժողովի աւարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը վստահաբար տեղեակ է կառավարութեան ծրագիրին մասին, անիկա համախոհական կառավարութեան մաս կը կազմէ: «Մենք այսօր վարչապետին հետ հանդիպում ունեցած ենք: Մեր հիմնական ակնկալութիւնները արդարացած են, որովհետեւ մենք կ՛ըսենք, որ այս ծրագիրը պէտք է ըլլայ յստակ», ըսած է պատգամաւորը:

Ըստ Ռուստամեանի, կառավարութեան ծրագիրը պէտք է արտացոլացնէ ՀՅԴ-ՀՀԿ յուշագիրին դրոյթները: «Գրեթէ 90 տոկոսով, եթէ ոչ աւելի, յուշագիրի բոլոր դրոյթները կ՛արտացոլան կառավարութեան ծրագիրին մէջ», շեշտած է  պատգամաւորը:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ի՞նչ մտահոգութիւններ ունին կամ ի՞նչ դիտարկումներ կատարուած են հանդիպման ընթացքին` Ռուստամեան արձագանգած է. «Մեր քննարկման ուղղութիւնը եղած է այն, որ յուշագիրին համապատասխանէ կառավարութեան այս ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին համապատասխանէ, հակաճգնաժամային բնոյթի քայլեր առնուին: Իրականութիւնը  այդպիսին է, եւ այդ գնահատականով ալ վարչապետը ստանձնած է այս պաշտօնը»:

Ըստ անոր, կառավարութեան ծրագիրը կարճաժամկէտ չէ: «Ծրագիրին ժամկէտները տարբեր են` կախեալ տարբեր խնդիրներէ: Ծրագիրը չէ կաշկանդուած անով, որ կառավարութիւնը մինչեւ ապրիլ պիտի գործէ: Վարչապետը ատով չէ կաշկանդուած: Կարելի չէ միայն վեց ամսուան համար բան մը գրել եւ ըսել` այսքանն է, ես ասով պիտի սահմանափակուիմ: Ի վերջոյ, իրաւայաջորդ պիտի ըլլայ, ուստի վարչապետին դիրքորոշումը ճիշդ է», ըսած է Ռուստամեան:

Պատգամաւորը դիտել տուած է, որ կառավարութեան ծրագիրին ձախողութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ ամբողջ երկրի ձախողութեան: Ըստ անոր, կառավարութեան այս ծրագիրը շատ բաներով կը տարբերի միւս ծրագիրներէն: «Նախ` անով, որ կ՛արտացոլէ մեր յուշագիրին դրոյթները, յետոյ շատ բաներ ճշգրտուած են, կան ճշգրիտ ու յստակ նպատակներ եւ թիրախներ, յստակ ժամկէտներ», հաստատած է ան:

Նախորդը

Երեւան Կը Հրապարակէ Ղարաբաղի Հարցով ՀԱՊԿ-ի Վեհաժողովին Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

«Մենք Ձեւակերպած Ենք Բաւական Հետաքրքրական Ծանրաձող» Կ՛ըսէ Վարչապետ Կարապետեան

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.