Ֆրանսայի ծերակոյտը երէկ տեղի ունեցած քննարկումին ընթացքին 156 թեր եւ 146 դէմ քուէներով վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ին յայտնեց, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումը լուրջ յաջողութիւն է:
«Ասիկա բաւական լուրջ յաջողութիւն մըն է, զգալի աշխատանք կատարուած է մեր կողմէ: Չմոռնանք, որ թուրքերը լուրջ լոպիինկ կատարեցին, սակայն Ծերակոյտը թեր քուէարկեց այն տարբերակին, որ ամրան քուէարկուած էր Ազգային ժողովին կողմէ: Ատիկա կը նշանակէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը վերջնական կերպով ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծը», ըսած է Փափազեան:
Անոր խօսքով` հաւանաբար թուրքերը պիտի գտնեն 60 երեսփոխաններ, որոնք պիտի աջակցին Թուրքիոյ, եւ հարցը պիտի ներկայացուի Սահմանադրական դատարանին: Ատիկա կը նշանակէ, որ այդտեղ եւս օրինագիծը կրնայ քննարկուիլ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատը` Ազգային ժողովը յուլիսին միաձայնութեամբ որդեգրած էր «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» կոչուող օրինագիծին փոփոխութիւնները, որով պատիժ կը սահմանուի մարդկութեան դէմ գործուած բոլոր յանցագործութիւնները, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար:
Արձագանգներ
Ըստ Ֆրանսայի ծերակոյտի կայքին, Օ տը Սենը ներկայացնող համայնավար հանրապետականներու խմբակցութենէն ծերակուտական Պրիժիթ Կոնթիէ Մորեն յայտարարած է, որ Ֆրանսայի «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու միջոցով ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու հարցը կարելի եղած է դուրս բերել խօսքի ազատութեան առնչուող խնդիրներուն հետ բախումէն, որոնք փետրուար 2012-ին նշուած են Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ:
«Այս նոր օրէնքը կոչուած է հանդարտեցնելու երբեմն մասնատուած հասարակութիւնը: Օրէնքի այս յօդուածը խորհրդարանին մէջ ընդունուած է միաձայնութեամբ, անիկա կ՛առնչուի ճանչցուած բոլոր ցեղասպանութիւններուն, որոնց կարգին` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, որ ճանչցուած է 2001»-ին», նշած է Պրիժիթ Կոնթիէ Մորեն:
Այս որոշումին մասին խօսելով` Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պուայէ ըսած է, որ ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը տասը տարուան աշխատանքի արդիւնք է: Ան շեշտած է, որ 29 մայիս 1998-էն ի վեր, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունած է «1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն ճանչնալու» վերաբերող սկզբունքը, աշխատանք տարուած է «մարդկային արժանապատուութեան այդ հարցին առնչութեամբ»: Պուայէ ներկայացուցած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ ժխտման քրէականացման ուղղուած քայլերուն պատմութիւնը: «Մեր երկարատեւ աշխատանքը ի զուր չանցաւ: Ուրախ եւ հպարտ եմ տեսնելով, որ բազմաթիւ խորհրդարանականներու, միաւորումներու ու յայտնի իրաւաբաններու հետ ժխտողականութեան դէմ մեր պայքարը յստակ դարձած է շնորհիւ մեր պաշտօնակիցներուն, մասնաւորաբար ծերակուտականներ Ժան Քլոտ Կոտենի եւ Պրունօ Կիյէի շնորհիւ», շեշտած է խորհրդարանականը: