Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

160 Ընտանիք Իրենց Տուներուն Բանալիները Տուած Են Սփիւռքի Նախարարութեան` Սուրիահայերուն Տրամադրելու Միտումով

Նոյեմբեր 7, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

min-hranush_110616

Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ըսած է, որ վերջին երկու շաբաթներուն 33 սուրիահայեր հասած են Հայաստան:

Անդրադառնալով անոնց բնակութեան վայրեր տրամադրելու հարցին` նախարարը դիտել տուած է, որ կայ երկու ձեւ. մէկը այն է, որ նոր հասնողները կը մնան ժամանակաւոր կացարաններու մէջ, մինչեւ տուներ վարձուին անոնց համար, իսկ ոմանց հարազատները արդէն իսկ Հայաստան կը գտնուին, ուստի նոր եկողները կ՛ապաստանին անոնց քով, մինչեւ որ անոնց մնայուն տուներ ապահովուին:

Նախարարը հաստատած է, որ չկայ Երեւան գալ փափաքող սուրիահայ մը, որուն համար համապատասխան օգնութիւն չի ցուցաբերուիր: «Չկայ ոեւէ մէկը, որ կ՛ուզէ Երեւան հասնիլ եւ չի հասնիր: Մենք յստակացուցած ենք նաեւ, թէ ուրկէ՛ կրնան  գումարներ ստանալ, ի՛նչ քայլերու պէտք է դիմեն, որպէսզի Երեւան հասնին»` յայտարարելով, որ նկատի ունենալով այս հարցին համազգային բնոյթ ունենալը, տարբեր կառոյցներ կ՛օժանդակեն այս նպատակին:

Ըստ Հրանուշ Յակոբեանի, սուրիահայերը Հայաստանի մէջ կը դիմագրաւեն երկու հիմնական հարցեր` բնակարանի եւ աշխատանքի: Աշխատանքի առումով կառավարութիւնը կը փորձէ նախարարութիւններու, գործարարներու միջոցով աջակցիլ, որպէսզի անոնք կարենան գործարարական ծրագիրներ կատարել, աշխատիլ եւ ապրիլ:  Ան աւելցուցած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանն ալ կը փորձէ իր առաւելագոյնը ընել` առաջին անհրաժեշտութեան կենցաղային իրեր տրամադրելով:

Բնակարանային հարցերուն մասին խօսելով` նախարար Յակոբեան ըսած է. «160 ընտանիք իրենց տուներուն բանալիները տրամադրած են մեզի, եւ մենք այդ տուներուն մէջ անվճար կը տեղաւորենք սուրիահայ ընտանիքներ»:

Ան տեղեկացուցած է, որ այս տարուան ընթացքին, մինչեւ 30 սեպտեմբեր, Հայաստան մեկնած են 428 սուրիահայեր: 30 սեպտեմբերէն ետք, հոկտեմբերին, Հայաստան մեկնած է 47 հոգի:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Զմմառու Վանք. Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօն

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?