3 նոյեմբերին կառավարութեան նիստէն առաջ, Հայաստանի վարչապետը անդրադարձած է 2 նոյեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններու վերահսկողական համակարգերու եւ վճարովի կառատուներու կազմակերպման ծրագիրին առնչուող հարցերու քննարկման նպատակով կայացած խորհրդակցութեան` իր կարգին յանձնարարելով ոստիկանապետին` ըստ անհրաժեշտութեան ներգրաւելով արդարադատութեան ու ելեւմուտքի նախարարութիւնները, բանակցիլ «Սեքիւրիթի տրիմ»-ի հետ եւ մէկ շաբթուան ընթացքին ներկայացնել իրաւական լուծումներ, որպէսզի այդ ընկերութեան գործառոյթները` ֆինանսական հոսքերու ամբողջական տնօրինումը եւ կառավարումը փոխանցուին պետական կառոյցներուն:
Վարչապետը յանձնարարած է ելեւմուտքի եւ արդարադատութեան նախարարներուն` աջակցիլ Երեւանի քաղաքապետին «Փարքինկ Սիթի Սերվիս» ընկերութեան հետ բանակցութիւններուն եւ մէկ շաբթուան ընթացքին ներկայացնել իրաւական լուծումներ, որպէսզի այդ ընկերութեան գործառոյթները եւ ելեւմտական հոսքերու ամբողջական կառավարումն ու տնօրինումը փոխանցուին համայնքային կառոյցներուն:
Վարչապետը Անդրադարձած Է Կազի Գինի
Նուազեցման Աղբիւրներուն
3 նոյեմբերի կառավարութեան նիստէն առաջ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան կատարած է յայտարարութիւն մը` կազի գինի նուազեցման առնչութեամբ հասարակութեան մէջ ստեղծուած թիւրըմբռնումին մասին: Անոր համաձայն, պիւտճէն ոչ մէկ ձեւով պիտի յատկացուի կազի գինի նուազեցման` ո՛չ ստուերային, ո՛չ ուղիղ, ո՛չ մէկ ձեւով:
«Սակագիները հետեւեալն են` 10 հազար խորանարդ մեթրէն աւելի կազ սպառողի համար 257,56 տոլարին համարժէք դրամը դարձած է 242,1: Եթէ այդ կազմակերպութիւնը աւելի կազ կը սպառէ, քան նախապէս, եւ ցուցակը ներկայացուցած է «Կազփրոմ Արմենիա»-ին, ապա աւելի կազի համար անոր սակագինը 212 տոլարին համարժէք դրամ է: «Կազփրոմ Արմենիա»-ն փորձ կը կատարէ քաջալերելու, որ շուկան մեծնայ, եւ գործառնութեան կարելիութիւն կ՛ունենայ իր ինքնարժէքին վրայ աշխուժ շուկայի մեծացման հաշուոյն աշխատիլ, որպէսզի գործառնութիւնը շահաւէտ դառնայ», դիտել տուած է վարչապետը:
Կարէն Կարապետեանի համաձայն, 10 հազար խորանարդ մեթրէն նուազ սպառող բնակչութեան համար սակը 146,7 դրամէն եղած է 139 դրամ, ընկերային հարցեր ունեցողներուն համար` 100 դրամ: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ու «Կազփրոմ Արմենիա»-ին յանձնարարուած է մինչեւ 1 յունուար ներկայացնել ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններ ունեցողներուն ցանկը:
«Մենք պէտք է յստակ իմանանք, թէ ո՛վ ընկերային առումով անապահով է: Ինչ կը վերաբերի ջերմոցներուն եւ գիւղմթերք վերամշակող ձեռնարկութիւններուն, սակագինը 257,56 տոլարէն նուազած է 212 տոլարի: 45 տոլարէն աւելի նուազեցում կայ: Կ՛ակնկալուի, որ այդ մարզը, օգտուելով այս կարելիութենէն, կարենայ ընդլայնուիլ», դիտել տուած է վարչապետը:
Ան ներկայացուցած է այն աղբիւրները, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է նուազեցնել կազին գինը: «Կայ չորս աղբիւր: 1 յունուարին կ՛աւարտի Վրաստանի հետ տարանցիկութեան պայմանագիրը, եւ կան ակնկալիքներ, որ տարանցիկութեան գինը կը նուազի: Երկրորդ` սակագիներու նուազման արդիւնքով «Կազփրոմ Արմենիա»-ն կ՛ակնկալէ շուկայի ընդլայնում, որուն արդիւնք պիտի ըլլայ վաճառքի նուազեցում: Երրորդ` կարգ մը ելեւմտական ծախսերու սեղմումներու եւ վարկերու նուազեցման շնորհիւ «Կազփրոմ Արմենիա»-ն իր մօտ սեղմումներ պիտի կատարէ: Չորրորդ` «Կազփրոմ Արմենիա»-ի հիմնադիրը շուկայի ընդլայնման եւ կայունացման համար ելեւմտական վտանգները, որոնք կը յառաջանան այս ընկերութեան մէջ, պիտի վերցնէ իր վրայ: Շատ պարզ, հասկնալի չորս գործօններ են, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան սակագինի նուազեցման աղբիւրները», ըսած է վարչապետը:
Ապօրինի Հարստացումը Քրէականացնող Օրէնքի
Նախագիծ Պատրաստելու Յանձնարարական Տրուած Է
Կառավարութեան 3 նոյեմբերի նիստի օրակարգային հարցերու քննարկման անցնելէ առաջ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան հաստատած է, որ կառավարութիւնը պիտի պայքարի ապօրինի հարստութիւն դիզելու դէմ: «Պաշտօնեան պէտք է ենթարկուի քրէական պատասխանատուութեան, եթէ անոր ունեցուածքներու աճը էականօրէն կը գերազանցէ անոր եկամուտները», յայտարարած է վարչապետը` տալով շարք մը յանձնարարութիւններ:
Ապօրինի հարստացման դէմ առնուելիք քայլերը, ըստ վարչապետին, կը բխին կառավարութեան ծրագիրէն ու փտածութեան դէմ պայքարելու առնչութեամբ տրուած խոստումներէն. «Կը յանձնարարեմ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարին երկշաբաթեայ ժամկէտի մէջ նախագիծը ներկայացնել կառավարութեան: Խօսքը կը վերաբերի ապօրինի հարստացման քրէականացման նախագիծին մասին: Երկրորդը, ապօրինի հարստացման քրէականացման նախագիծին հետ անհրաժեշտ է ներկայացնել կանխիկ գործառնութիւնները սահմանափակող օրէնքի նախագիծ»:
Ըստ վարչապետին, կան բազմաթիւ պարագաներ, ուր պաշտօնեան նշած է, թէ ինք փոխառութիւն ստացած է, սակայն յստակ չէ` իսկապէ՞ս ստացած է, թէ՞ ոչ: «Այսպէս կոչուած կեղծ փոխառութիւնները, կեղծ նուիրատուութիւնները հիմնականին մէջ կը կատարուին կանխիկ եղանակով, եւ հոլովոյթը կը դարձնեն սկզբունքօրէն անվերահսկելի: Այս խնդիրներու լուծման նպատակով կը յանձնարարեմ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարին, Կեդրոնական դրամատան հետ միասին երկշաբաթեայ ժամկէտի մէջ կառավարութեան ներկայացնել կանխիկ գործառնութիւններու սահմանափակման օրէնքի նախագիծը»:
Վարչապետ դառնալէ 2,5 ամիս ետք Կարապետեան անդրադարձած է կառավարութեան կազմին մէջ գործող փտածութեան դէմ պայքարող խորհուրդին, զոր աշխուժացնելու եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու մասին կը խօսէր նաեւ նախորդ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութիւնը` փորձելով այդ խորհուրդին մէջ ներգրաւել նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան անդամները, որոնցմէ շատեր մերժեցին այդ առաջարկը. «Հայաստանի արդարադատութեան նախարարին կը յանձնարարեմ կազմակերպել հանդիպումներ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ, ընդդիմութեան եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ, եւ ըստ անհրաժեշտութեան, ներկայացնել առաջարկ Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի կազմաւորման, սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ կազմի վերանայման վերաբերեալ»:
3 նոյեմբերի նիստին 4 նախարարութիւններ ներկայացուցած են ծրագիրներու իրականացման գրասենեակներու (ԾԻԳ) լուծարման առաջարկներ, որոնց կարգին` մշակութային ծրագիրներու, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական ու արտակարգ իրավիճակներու մարզերու ծրագիրներու իրականացման գրասենեակները: