Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կվիրիկաշվիլին 4 նոյեմբերին այցելած են սահմանամերձ Դեբեդ գետի վրայ ապագայ Բարեկամութեան կամուրջի կառուցման վայր:
Շինարարական պայմանագիրները կը ծրագրուի կնքել 2017-ի առաջին եռամսեակին, իսկ կամուրջը պիտի սկսի օգտագործուիլ 2018-ի ամրան կամ աշնան:
Իր խօսքին մէջ Հայաստանի երթեւեկի, կապի ու տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Վահան Մարտիրոսեան անդրադարձած է Վրաստանի ու Իրանի հետ Հայաստանի փոխադրութեան կապերու զարգացման կարեւորութեան: Նոր կամուրջը պիտի փոխարինէ հին, դեռ 1960-ականներուն կառուցուած կամուրջը եւ պիտի կարենայ ընդունիլ ներկայ բեռնափոխադրման հոսքը, նաեւ տարանցիկ բեռներ գրաւել: Նախագիծի ֆինանսաւորման աղբիւրները Հայաստանի կառավարութեան առած վարկն է եւ Վրաստանի ու Հայաստանի կառավարութիւններու համաֆինանսաւորումը:
Վրաստանի տնտեսութեան ու կայուն զարգացման փոխնախարար Կենատի Արվելածէ յայտնած է, որ հանրապետութիւնը պատրաստ է արդիականացնելու իր ճանապարհային ցանցը, որպէսզի լայն ու յարմարաւէտ երթեւեկի միջանցք տրամադրէ թէ՛ արեւմուտքէն արեւելք, թէ՛ հիւսիսէն հարաւ:
Նախարարն ու փոխնախարարը նշած են նաեւ նոր նախագիծի խորհրդանշական իմաստը` իբրեւ երկու դրացի երկիրներու եւ ժողովուրդներու վաղեմի բարեկամութեան խորհրդանիշ:
Կամուրջի շինարարութեան մասին համաձայնագիրը, զոր ստորագրած են Հայաստանի ու Վրաստանի կառավարութիւնները, ուժի մէջ մտած է յունիս 2015-ին:
Կամուրջը պիտի կառուցուի Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան 10,3 միլիոն եւրոյի չափով վարկով: