Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառու Վանք. Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօն

Նոյեմբեր 7, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

zmmar-1_110516

5 նոյեմբեր 2016-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Զմմառեան միաբանութեան մայրավանքի վերափոխման Սուրբ Կուսին եկեղեցւոյ կոչնակները աւետեցին համանուն միաբանութեան ընծայարանի անուանակոչութեան բարեբաստիկ լուրը:

Արարողութիւնը կատարուեցաւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի:

Սոյն տօնակատարութեան պատարագը մատուցեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ.Ծ.վրդ. Մուրատեան:

Ներկայ էին հայ կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ եւ քոյրեր, պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, լատին համայնքի եպիսկոպոս Սեզար Եսայեան եւ այլոք:

zmmar-2_110516

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ:

Աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարի, դպրեվանքի անուանակոչութեան հանդիսութիւնը կը նուիրուի հայ սուրբի մը վարքին կամ յիշատակութեան արժանի պատմական դէպքի մը եւ իր վաստակով նշանակելի աւանդ ձգած դէմքի մը:

Այս տարուան յայտագիրը Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակին ձօնուեցաւ: Սեղանի օրհնութենէն անմիջապէս ետք հնչեց դպրեվանքի քայլերգը: Ողջոյնի խօսքը արտասանեց նորընծայ Սերժ Քիւշերեան:

Ժառանգաւորաց փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան, նախքան դպրեվանեցիներէ բաղկացած երգչախումբը ղեկավարելը, հակիրճ ձեւով ներկայացուց շարականի դերն ու նշանակութիւնը հայ իրականութեան մէջ ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար վանականներու կեանքին մէջ` նշելով. «Այս տարուան յայտագիրին տեսչութիւնս ուզեց նոր որակ եւ հնչեղութիւն ներմուծել` համադրելով հայ գրականութեան հնագոյն եւ ամէնէն սիրուած տեսակը, շարականը` բովանդակութեան եւ գեղարուեստական ձեւի առումով:

«Դարեր շարունակ լայն ժողովրդականութիւն վայելող շարականը մշակման եւ դասական կատարելագործման հասցուցին մեր եկեղեցւոյ հայրերը: Քանզի անիկա մեծ դեր եւ նշանակութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ պահել իր այժմէականութիւնը վանական կեանքին մէջ:

«Զմմառու կղերի միաբանութեան հայրերը եւս յօրինած եւ դաշնաւորած են բազում-բազմապիսի շարականներ:

Տրուած ըլլալով, որ հաւատացեալ հանրութեան շարականներու ունկնդրութեան կարելիութիւն կ՛ընձեռուի սոսկ տօնական օրերուն, եւ որովհետեւ տարին ամբողջ տօնական է եւ եռուն, առ այդ, մեր դպրեվանքի աւանդական անուանակոչութիւնը լաւագոյն առիթն է մեր պապերէն մեզի ժառանգ ձգուած շարականները արժեւորելու, մեծարելու ու զանոնք փոխանցելու դարերուն»: Փոխտեսուչի սոյն ներկայացումէն ետք ընթացք առաւ շարականներու կատարողութիւնը` «Հայկական միջնադարեան մեղեդիներ եւ տաղեր» խորագիրով:

Ժառանգաւորաց տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան, Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակի շուրջ իր մտորումները կիսեց ներկաներուն հետ: Տեսուչը իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով դպրեվանքի անուանակոչութիւնը:

zmmar-3_110516

Այնուհետեւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան կատարեց դպրեվանքի տարեգիրք «Կանչ հրեշտակապետին» գրախօսականը:

Ձեռնարկին ֆրանսերէնով իր սրտի խօսքը արտասանեց Զմմառու պատրիարքական կղերի պատրիարքական փոխանորդ միաբանութեան եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ.Ծ.վրդ. Մուրատեան. ան բարձր գնահատեց ձեռնարկը կազմակերպողները եւ անդրադարձաւ հրեշտակապետներուն կարեւորութեան մեր կեանքին մէջ` պաշտպանուելու սատանային որոգայթներէն: Հուսկ, խրախուսեց նորընծաները եւ ժառանգաւորները հաստատ մնալու իրենց կոչման մէջ:

Ներկաներէն գերապայծառ Սեզար Եսայեան խօսք առնելով բարձր գնահատեց հայ համայնքը. ան հաստատեց, որ թէեւ փոքր ածու մըն ենք, սակայն կարեւոր վկայութիւն մը ունինք արտայայտելիք Արեւելքի մէջ: Իսկ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, իր կարգին շնորհաւորեց ժառանգաւորները, որոնք այս տօնակատարութեան եւ հաւաքոյթին կեդրոնն էին:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր հայրական պատգամին մէջ դրուատեց ժառանգաւորաց յարկին մէջ ծաւալուող աշխատանքները: Ան շնորհաւորեց դպրեվանքի անուանակոչութիւնը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն հրեշտակապետներու անունը` ի դէմս մեծաւոր հօր` գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.վրդ. Մուրատեանին, եւ ամէնքը միասնաբար հատեցին օրուան կարկանդակը:

Աւարտին հիւրերը ստացան դպրեվանքի պաշտօնաթերթ «Կանչ հրեշտակապետին» տարեգիրքի վերջին օրինակը, որ լոյս տեսած էր ընդամէնը մէկ օր առաջ:

Նախորդը

160 Ընտանիք Իրենց Տուներուն Բանալիները Տուած Են Սփիւռքի Նախարարութեան` Սուրիահայերուն Տրամադրելու Միտումով

Յաջորդը

Լիբանանահայ Գաղութի Ներկայացուցիչները Մօտէն Ծանօթացան Ազգային Միացեալ Վարժարանին

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?