Կիրակի, 6 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի:
Հանդիպումը առիթ եղաւ արծարծելու Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներուն առնչուած հարցեր ու ծրագիրներ: