Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երկու Պետութիւններու Վարչապետները Այցելած Են Մարտական Դիրքեր

November 7, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tirk_110616

Աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Կարէն Կարապետեանը եւ Արցախի կառավարութեան ղեկավար Արա Յարութիւնեանը պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի ընկերակցութեամբ այցելած են կեդրոնական ենթակայութեան զրահապատային զօրամասերէն մէկը, ուր զրահապատային ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ ներկայացուած է մարտավարական-ուսումնական վարժանք:

Այնուհետեւ երկու հայկական պետութիւններու վարչապետները եղած են մարտական յենակէտերէն մէկուն մէջ: Առաջնագիծին մէջ  կառավարութիւններու ղեկավարները ծանօթացած են մարտական հերթապահութիւն կրող անձնակազմերու ինչպէս ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, այնպէս ալ մարտական դիրքերուն վրայ իրականացուող թեքնիք վերազինման եւ ճարտարագիտական  աշխատանքներուն ընթացքին: Վարչապետներուն զեկուցուած է, որ շփման գիծին մէջ լուրջ քայլեր կատարուած են հակառակորդին  գործողութիւնները աւելի կանխատեսելի դարձնելու առումով:

Վարչապետ Կարապետեան ընդգծած է այն հանգամանքը, որ առաջնագիծին մէջ լայն թափով իրականացուող աշխատանքները  անվտանգ կը դարձնեն մարտական հերթապահութիւն կրող զինուորներուն ծառայութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետները տարբեր հարցերու շուրջ զրուցած են ինչպէս ժամկէտային, այնպէս ալ սպայական անձնակազմին հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կարեւոր նկատած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինուորներուն եւ առհասարակ բանակի առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ եւ նշած, որ ապրիլեան պատերազմին յաջորդող ժամանակաշրջանին մէջ բանակաշինութեան մարզին մէջ իրականացուած են մեծածաւալ աշխատանքներ: Միաժամանակ, Կարէն Կարապետեան եւ Արա Յարութիւնեան վստահեցուցած են, որ սահմանագիծին մէջ իրականացուող աշխատանքները աշխուժութեամբ պիտի շարունակուին:

Վարչապետ Կարապետեան Ծաղիկներ Զետեղած Է Զոհուած
Ազատամարտիկներու Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշարձանին

housh_110616

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ ու ծաղկեպսակ զետեղած է Համաշխարհային Բ. պատերազմին եւ Շուշիի ազատագրման ընթացքին  զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին: Հայաստանի վարչապետը այնուհետեւ այցելած է յուշահամալիրին մօտ  գտնուող Արցախեան գոյամարտին զոհուած ազատամարտիկներու  եղբայրական գերեզմանատուն, ծաղիկներ զետեղած անոնց շիրիմներուն` յարգանքի տուրք մատուցելով ազատամարտիկներու  յիշատակին:

 

Նախորդը

Հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Կռփամարտ. Հայրենի Մարզիկները Կը Պատրաստուին Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.