Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Մեր Երկիրը Սկսուած Հոլովոյթներուն Հիման Վրայ Յառաջ Տանելու Խնդիր Ունինք» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Դեկտեմբեր 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_120716

7 դեկտեմբերին խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեանի` ընտրութեան ՀՅԴ-ի ցանկէն մասնակցելու հարցին, դիտել տուած է, որ նման քննարկումներ չեն եղած, տակաւին այդ փուլին չեն հասած: Ըստ անոր, ներկայ դրութեամբ իրենք լրջօրէն կը պատրաստուին անձնական ուժերով մասնակցելու ընտրութիւններուն, բայց իրենք ալ խնդիր ունին ընդլայնելու իրենց համակիր շրջանակը եւ աւելի մեծ խումբով ընտրապայքար մղելու, որովհետեւ նոր ընտրակարգը այդպիսի դաշտ ստեղծած է:

«Այդ նորութիւններուն գծով մենք համապատասխան լուրջ ընելիք ունինք` գտնել այն անձերը, որոնք Դաշնակցութեան հետ նոյն տրամաբանութեամբ կրնան երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներուն պատասխանատու ըլլալ: Անոնք պէտք է առնուազն ամբողջութեամբ կիսեն ՀՅԴ-ի արժեհամակարգը, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը յայտնի է իր շատ յստակ ձեւակերպուած գաղափարախօսութեամբ, եւ ոեւէ մէկը մեզի հետ չի կրնար ըլլալ` այդ գաղափարախօսութիւնը չընդունելով», դիտել տուած է Ռուստամեան:

Անդրադառնալով Ռուբէն Յակոբեանին` Ռուստամեան նշած է, որ ժամանակին ան եղած է ՀՅԴ-ի անդամ, բայց իրենք անոր հետ չեն խօսած, ոչ ալ այդպիսի հարց կայ օրակարգի վրայ:

«Յակոբեանի հետ ալ, միւս բոլորին հետ ալ, որոնք Դաշնակցութեան մաս կազմած են ժամանակին, մենք ունինք բնական յարաբերութիւններ, որովհետեւ եթէ անոնք օր մը մաս կազմած են ՀՅԴ-ին, պատահաբար չեն եղած, բոլորն ալ, բնականաբար, ընդունած են Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը, եւ նոյնիսկ եթէ հիմա դուրս են Դաշնակցութեան կառոյցէն, այդուամենայնիւ, այդ գաղափարախօսութիւնը կրողներն են: Ատիկա մարդու տեսակին մէջ է, հոգիին մէջ է», նշած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ միշտ կ՛ըսուի, որ Դաշնակցութիւնը ունի իր մնայուն` 5 տոկոս ձայները, Հանրապետականին հետ համագործակցութենէն ետք այդ տոկոսը պիտի տատանի՞, թէ՞ ոչ` Ռուստամեան ըսած է. «Դաշնակցութեան այդ մնայուն տոկոսը երբեք պիտի չտատանի, որովհետեւ ատիկա բնորոշ է ինքնին գաղափարական կուսակցութիւններուն: Անոնց տոկոսը կրնայ շատ թռիչքային չըլլալ, բայց շատ կայուն է, ատիկա կը խօսի կուսակցութեան գաղափարականութեան մասին: Մենք միշտ կ՛ըսենք այն, որ համոզուած ենք, եւ վստահ ենք, որ ատիկա պէտք է ժողովուրդին, ոչ թէ, երբ հանդէս կու գանք ամբոխավարական յայտարարութիւններով: Միշտ ալ յաղթահարած ենք այդ շեմը, բայց մենք նուազագոյն շեմը յաղթահարելու խնդիր չունինք: Մենք մեր երկիրը սկսուած հոլովոյթներուն հիման վրայ յառաջ տանելու խնդիր ունինք: Մենք դերակատար եղած ենք այս նախադրեալները ստեղծելու հարցին մէջ, համահեղինակ եղած ենք այս բոլորին, եթէ չըսեմ` հիմնական պահանջատէրը եղած ենք, եւ հիմա սխալ պիտի ըլլայ, որ միւս քայլերը կեանքի կոչելու, խորացնելու, հոլովոյթ սկսելու մէջ դերակատար չըլլանք»:

 

Նախորդը

Գիւմրիի, Վանաձորի Եւ Սպիտակի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայութեան Ջանքերով Արցախի Աւերուած Բնակավայրերու Վերակառուցման Համար Հանգանակուեցաւ 85.000 Տոլար

RelatedPosts

Ակնարկ.   Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Նոյեմբեր 13, 2025
Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում.  Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ  Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ
Գլխաւոր լուրեր

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?