Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւմրիի, Վանաձորի Եւ Սպիտակի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին

December 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

harkanki-dourk_120716

Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Սպիտակի մէջ տեղի ունեցած են 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին նուիրուած նախաձեռնութիւններ: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի անունով ծաղկեպսակներ զետեղուած են երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողներուն առջեւ:

Գիւմրիի մէջ առաւօտեան հոգեհանգիստի պաշտօն կատարուած է Շիրակի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սակայն օրուան ընթացքին եւս մարդաշատ եղած են Գիւմրիի բոլոր եկեղեցիները եւ գերեզմանատուները:

Երկրաշարժէն 28 տարի ետք մարդիկ կը շարունակեն այցելել աղէտին զոհ գացած հարազատներուն շիրիմները` սգալու ու խնկարկելու կորուստը:

Մարդոց հոսքը չէր դադրեր նաեւ դէպի անմեղ զոհերու եղբայրական գերեզման: Իսկ առաւօտեան 11:41-ին` ճիշդ այն նոյն ժամուն, երբ տեղի ունեցաւ սարսափելի աղէտը, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, նախարարները, Ազգային ժողովի պատգամաւորները, մարզային եւ քաղաքային   իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, քաղաք այցելած հիւրերը ծաղիկներ զետեղած են երկրաշարժի անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ, 1 վայրկեան լռութեամբ յարգած են անոնց յիշատակը:

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի կողմէ կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն: Իր պատգամին մէջ ան խորհուրդ տուած է բոլորին արժեւորել կեանքը, դասեր քաղել այդ դաժան օրերէն:

«Պէտք է քննենք` տեսնելու համար երկրաշարժէն 28 տարի ետք լուսոյ որդինե՞ր ենք, պատրա՞ստ ենք անակնկալներուն, թէ՞ դարձեալ պէտք է մնանք անպատրաստ: Ըլլանք պատրաստ մեր աշխատանքով, մեր քրտինքով, լաւատեսութեամբ ու բարոյական սկզբունքներով, որ մեր նահատակները հանգիստ ննջեն: Թող շէն մնայ մեր Հայաստանը, Գիւմրին, բայց ոչ թէ ուրիշի, այլ մեր քրտինքով, մեր նուիրումով ու մեր աշխատանքով», իր խօսքին մէջ նշած է Միքայէլ եպս. Աջապահեան:

 

 

Նախորդը

Գիտութեան Եւ Կրթութեան Նախարարութիւնը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Արեւմտահայերէնի Զարգացման Կեդրոնի Ստեղծումը

Յաջորդը

«Մենք Մեր Երկիրը Սկսուած Հոլովոյթներուն Հիման Վրայ Յառաջ Տանելու Խնդիր Ունինք» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.