Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Աննախադէպ Է Այն, Ինչ Որ Փոխած Ենք Ընտրական Համակարգին Մէջ»

Դեկտեմբեր 7, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_120616

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան  6 դեկտեմբերին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն ըսած է, որ Դաշնակցութիւնը իր տեսակէտները արտայայտած է եւ թեր պիտի քուէարկէ 2017 թուականի պիւտճէի նախագիծին:

Անդրադառնալով Դաշնակցութեան` ընտրութիւններուն մասնակցելու ձեւաչափին, ան դիտել տուած է, որ հակում կայ առանձինն մղելու ընտրապայքարը, ինչպէս միշտ եղած է:

«Չկայ նոր բան մը, որ մեզ ստիպէ դաշինք կնքելու դրութիւն որդեգրել: Հետագային աւելի կը յստականայ: Բայց քանի տակաւին ժամանակ կայ, եւ դեռ յայտնի չէ` ո՛վ դիմում կրնայ ներկայացնել, ի՛նչ ծրագիրներով, եւ որո՛նք են խաղին մէջ ներգրաւողները, կանուխ է այս մասին խօսելու», ըսած է Ռուստամեան:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ համագործակցութեան անդրադառնալով` ան դիտել տուած է, որ այդ համագործակցութիւնը կապուած չէ ընտրութիւններուն կամ կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացին:

«Մենք այդ համագործակցութեան մասին յայտարարած ենք` նպատակները հռչակելով, եւ այդ նպատակներու շուրջ է, որ կը համագործակցինք: Ատիկա առնչուած չէ որեւէ այլ ձեւաչափի հետ», յայտնած է պատգամաւորը` աւելցնելով. «Մեր համագործակցութեան մէջ ժամկէտներ չկան: Շատ յստակ արձանագրուած է համագործակցութեան ընդհանուր տրամաբանութիւնը: Անիկա հիմնականին մէջ կը վերաբերի սահմանադրական փոփոխութիւնները կեանքի կոչելու գործընթացին: Ասիկա մեծ գործընթաց է, որ պէտք է տեղի ունենայ յստակ ժամանակահատուածներով, որոնք արձանագրուած են Սահմանադրութեան անցումային դրոյթներուն մէջ»:

Ըստ Ռուստամեանի, բոլոր այն խնդիրները, որոնք կապուած էին իշխանութիւններու վերարտադրութեան մեքանիզմները արմատախիլ ընելու հետ, իրենք կատարած են, եւ այսօր իսկապէս կայ ընտրական համակարգ մը, որով թէ՛ ընտրութիւնները կը կատարուին այնպէս, որ իշխանութիւնները պահպանեն իրենց դիրքերը` վերընտրուելով, ոչ թէ վերարտադրուելով, եւ թէ  ընդդիմութիւնը կարելիութիւն կ՛ունենայ յաջողելու ընտրութիւններուն եւ իշխանափոխութիւն կատարելու:

«Մենք ամրագրած ենք կանխարգիլող մեքանիզմները փակ պահելու բոլոր կեղծիքներու դռները, որոնք մինչեւ հիմա բաց էին, եւ հիմնականին մէջ ատիկա կը կատարուէր բազմակի քուէարկութիւններու միջոցով, եւ այս ընտրութիւնները իսկապէս աննախադէպ պիտի ըլլան», յայտնած է պատգամաւորը:

Ռուստամեան կարեւոր նկատած է նաեւ այն փաստը, որ ընդդիմութեան համար նախատեսուած է նուազագոյն աթոռներու թիւ, եւ որ, անկախ ընտրութիւններու արդիւնքներէն, ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ մէկ երրորդէն ոչ նուազ ներկայացուածութիւն:

«Մենք կ՛ունենանք  նոր քաղաքական համակարգ մը, ուր իշխանութիւնները զսպուած պիտի ըլլան, որովհետեւ պիտի չըլլայ մէկը, որ ունենայ այսօրուան նախագահին լիազօրութիւնները: Սահմանադրականօրէն նախատեսուած իշխանութեան երեք ճիւղերը տարանջատուած պիտի ըլլան, եւ կարեւորագոյնը` ընտրութիւնները կարելիութիւն պիտի տան ձեւաւորելու ընդդիմութիւն-իշխանութիւն` զիրար հակակշռող համակարգ մը, որ Հայաստանի մէջ երբեք չէ եղած», ընդգծած է Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունած Է Ապրիլեան Գործողութիւններուն Մասնակցած Կամաւորականները

Յաջորդը

Խմբագրական. Երկրաշարժ Առանց Ցնցումի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?