Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Բեթղեհէմի Ճամբով` Դառնանք Աստուծոյ

Յունուար 6, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

aram-i

Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ էջքն է երկիր` ի խնդիր մարդուն երկինք բարձրացման, Աստուծոյ մօտեցումը մարդուն` ի խնդիր մարդուն դէպի Աստուած մերձեցման, Աստուծոյ ինքնաճանաչումը մարդուն` ի խնդիր մարդուն զԱստուած ճանաչման:

Բեթղեհէմը երկնային հրաւէր է դառնալու Աստուծոյ: Ի՞նչ կը նշանակէ դառնալ Աստուծոյ:

– Դառնալ Աստուծոյ կը նշանակէ ճանչնալ զԱստուած: Քրիստոնէական հաւատքի ամէնէն իւրայատուկ երեւոյթներէն մէկը զԱստուած ճանչնալն է: Աստուած ճանաչողութիւնը մարդու բանական ճիգին արդիւնքը չէ. մարդը չէ, որ զԱստուած կը ճանչնայ, այլ Աստուած ինքն է, որ պատմութեան ընթացքին ինքզինք ճանաչելի դարձուց մարդուն` յայտնութեան ճամբով: Աստուծոյ յայտնութիւնը Աստուծոյ անձին ու գործին յայտնութիւնն է, այլ խօսքով` ինքնայայտնութիւն: Յայտնողը եւ յայտնուողը Աստուած է: Մարդուն համար կարելի է Աստուած ճանչնալ յայտնութեան սահմաններուն մէջ, այնքանով որ Աստուած ինքզինք յայտնած է: Արդ, Աստուած ճանչնալու համար հարկ է դառնալ Աստուծոյ յայտնութեան աղբիւրը հանդիսացող Աստուածաշունչին, Աստուծոյ յայտնութեան շօշափելի արտայայտութիւնը եղող Բեթղեհէմին:

– Դառնալ Աստուծոյ կը նշանակէ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ: Աստուած իր ձեռագործին` ստեղծագործութեան ճամբով կենդանի հաղորդակցութեան մէջ մտաւ մարդուն հետ: Իսկ իր Միածին Որդւոյն ճամբով Աստուած մարդացաւ, մեզի հետ եղաւ ու մեզի պէս եղաւ: Աստուծոյ մարդեղացումը երկնային հրաւէր մըն էր իր Արարիչէն հեռացած ու անառակացած մարդուն` դառնալու իր Երկնաւոր Հօր եւ վերահաստատելու հայր ու որդի յարաբերութիւնը: Աստուած հայր է, սիրող, ներող ու հոգատար հայր: Այս գիտակցութեամբ մարդ պէտք է մօտենայ Աստուծոյ: Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը քրիստոնէական հաւատքին ամէնէն էական յատկանիշներէն մէկն է:

– Դառնալ Աստուծոյ կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ: Աստուածաշունչը կը վկայէ, թէ Աստուած աշխարհէն ու մարդէն հեռու, անըմբռնելի ու անճանաչելի գոյութիւն մը չէ: Իր յայտնութեան ճամբով Աստուած ներկայութիւն դարձաւ իր ստեղծագործութեան մէջ: Հակառակ մարդուն մեղքին, Քրիստոսի մարդեղութեամբ Աստուած վերստեղծեց ու վերանորոգեց մարդն ու ամբողջ տիեզերքը: Աստուած միշտ ներկայ է իր ստեղծագործութեան մէջ, կենսատու ու պայծառակերպող ներկայութիւն է Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն` եկեղեցւոյ մէջ:

– Դառնալ Բեթղեհէմին ճամբով Աստուծոյ, կը նշանակէ Աստուծոյ Միածին Որդին ընդունիլ իբրեւ միակ Փրկիչը աշխարհին: Հրեշտակներ Յիսուսին ծնունդը աւետեցին իբրեւ ծնունդը աշխարհի փրկիչին: Աստուծոյ Որդին կը մարդանար` իր աստուածաստեղծ բնութիւնը ապականած մարդը վերամարդացնելու, Աստուծոյ պատկերը եղծած մարդուն մէջ վերահաստատելու աստուածային պատկերը, անառակացած մարդը վերստին դարձնելու Աստուծոյ որդեգիր զաւակը, մեղքի տիրապետութեան տակ ճնշուած մարդը ազատագրելու: Քրիստոս իր կեանքով ու առաքելութեամբ ցոյց տուաւ Աստուծոյ դառնալու ճշմարիտ կերպը եւ վաւերական ճամբան:

Ժողովուրդ հայոց,

Ներկայ աշխարհը իր լուսագեղ երեւոյթներով մեզ կը հեռացնէ ճշմարիտ լոյսի աղբիւրէն` Բեթղեհէմէն:

Ներկայ աշխարհը իր գրաւիչ գիւտերով մեզ կը հեռացնէ Աստուածայայտնութեան սրբավայրէն` Բեթղեհէմէն:

Ներկայ աշխարհը իր մարդակեդրոն արժէքներով մեզ կը հեռացնէ աստուածակեդրոն արժէքներու գանձարանէն` Բեթղեհէմէն:

Ներկայ աշխարհը իր տեսանելի թէ անտեսանելի չարերով ու չարիքներով մեզ կը հեռացնէ բարութիւն ճառագայթող Բեթղեհէմէն:

Ներկայ աշխարհը ատելութիւն ու թշնամութիւն սերմանող մարդերով ու կառոյցներով մեզ կը հեռացնէ աստուածային անհուն սիրոյ մարմնացումը դարձած Բեթղեհէմէն:

Ներկայ աշխարհը իր փառքի ու շահի վաշխառուներով մեզ կը հեռացնէ խոնարհութեան ու ծառայութեան ցուցանիշը հանդիսացող Բեթղեհէմէն:

Ներկայ աշխարհը իր նոր «փրկիչ»-ներով մեզ կը հեռացնէ աշխարհի ճշմարիտ Փրկիչէն` Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուս Քրիստոսէն:

Արդ, զգո՜ւշ® առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ:

Դարե՜ր շարունակ, Բեթղեհէմի խորհուրդով քու կեանքդ շաղախած, Բեթղեհէմի պատգամը քու կեանքիդ իմաստը, ճանապարհն ու նպատակը դարձուցած ժողովուրդ հայոց, ներկայ փոթորկալից աշխարհին մէջ դարձի՛ր Բեթղեհէմին, հայեացքդ ուղղէ միայն Բեթղեհէմին եւ անկէ ճառագայթող լոյսով լուսաւորէ, հաւատքով թրծէ ու յոյսով շաղախէ կեանքդ ու գործդ:

Բեթղեհէմն է մեր փրկութեան ճշմարիտ ճամբան, որովհետեւ «մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը® եւ գտանք մեր փրկութիւնը» (Ա. Կր 1. 30):

Բեթղեհէմն է աստուածային յաւերժական սիրոյ աղբիւրը: Հետեւաբար, «ո՛չ ոք կրնայ մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն, որ յայտնուեցաւ Քրիստոսի ճամբով» (Հռ. 8. 39):

Բեթղեհէմն է Աստուծոյ մօտենալու ու Աստուծոյ հետ հաշտուելու միակ միջոցը, որովհետեւ` «Յիսուս Քրիստոսի միջոցով հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ» (Հռ. 5. 1) ու դարձած իր որդեգիր զաւակը:

Բեթղեհէմն է Աստուած ճանչնալու միակ ու ճշմարիտ ճամբան, որովհետեւ Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած մօտեցաւ մարդուն: Արդ, «հիմա, որ զԱստուած ճանչցանք եւ մանաւանդ Աստուած ալ մեզ ճանչցաւ» (Գղ. 4. 9), դառնանք Աստուծոյ ու ապրինք Աստուծոյ փրկարար ներկայութիւնը:

Ահա խորհուրդը Բեթղեհէմին: Ահա յաւերժահունչ պատգամը Բեթղեհէմին: Արդ, Բեթղեհէմի ճամբով դառնանք Աստուծոյ:

* * *

Աստուածայայտնութեան խորհուրդով համակուած, հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Սերժ Սարգսեանը` մաղթելով իրեն արեւշատ օրեր ու արդիւնաշատ գործունէութիւն: Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ երկար գահակալութիւն` եկեղեցանուէր գործերով հարուստ: Նո՛յն սիրով կ’ողջունենք Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը` մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ աստուածահաճոյ գործերով լեցուն գահակալութիւն: Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմերուն թեմակալ առաջնորդները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութեանց մարմինները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները` հայցելով Աստուծմէ, որ Բեթղեհէմի ճառագայթող լոյսով ու յոյսով ծիածանէ իրենց կեանքն ու գործը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

6 յունուար 2017
Անթիլիաս, Լիբանան

 

Նախորդը

Պէտք Չէ Մոռնանք Զաստուած Ու Պէտք Չէ Մոռնանք Մեզի Եկող Մեր Փրկիչը…

Յաջորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը . Քրիստոսով Մարդկանց Տրուեց Աշխարհում Խաղաղութիւն, Սէր Եւ Հաճութիւն Հաստատելու Պատգամը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ինքնիշխանութիւն Յղացքներ. Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Բ.

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?