Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Նշուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ներկայութեամբ

Յունուար 9, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

arama_1617

«Թող Աշխարհասփիւռ Մեր Ժողովուրդի Զաւակները Իմանան, Որ Սուրիոյ Ու Հալէպի Մեր Ժողովուրդը  Տառապեցաւ, Սակայն Այսօր Վերականգնած Է, Ու Խաղաղութեան Ծիածանը Կամար Կապած Է Հալէպի Վերեւ»

Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Ուրբաթ, 6 յունուար 2017-ի առաւօտուն, ազատագրուած Հալէպի մէջ աննախընթաց ցնծութեամբ նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` հոծ բազմութեամբ հաւատացեալներու ներկայութեան:

Այս տարի տօնը սփոփիչ ու գօտեպնդիչ էր տագնապահար հալէպահայութեան համար, յատկապէս այն հանգամանքով, որ ան զոյգ տօները կը նշէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայութեամբ եւ անոր կողմէ մատուցուած Ս. պատարագով:

arama5_1617

Խուռներամ բազմութեան կողքին, Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեան, պատկան մարմինին ու հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչները, Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպի եւ Դամասկոսի երեսփոխաններ, խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներ, Ֆրանսայէն եկած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամներ եւ լրագրողներ, Հալէպի տեղական ինքնակառավարման մարմինի ներկայացուցիչներ, քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ Հալէպի մէջ Հայաստանի փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեան:

Ս. պատարագը մատուցեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Առընթերականերն էին` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Նորայր եպս. Աշըգեան: Խորանի երգեցողութիւնը կատարեց Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան: Խորանի սպասարկուներն էին` Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան եւ  Զաւէն աբղյ. Նաճարեան: Պատարագին մասնակցեցաւ Հալէպի հոգեւորականաց դասը, իսկ երգեցողութեան` Հալէպի հայ առաքելական չորս եկեղեցիներու միացեալ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ` բժիշկ Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ տառապեալ ու տագնապեալ, բայց միշտ կանգուն Հալէպէն աւետելով Աստուծոյ որդւոյն Ծնունդը` ըսաւ. «Այսօր, ահաւասիկ Աստուծոյ խաղաղութեան ու սիրոյ արեւը կը ճառագայթէ Հալէպ քաղաքին վրայ. ինծի համար հոգեկան անհուն ուրախութիւն է տեսնել մեր ժողովուրդի զաւակները այս խուռներամ բազմութեամբ մեր հաւատքի տան, մեր եկեղեցւոյ մէջ: Ես մեր ժողովուրդի զաւակներուն աչքերուն մէջ արցունք կը տեսնեմ, սակայն միաժամանակ անոնց դէմքերուն վրայ կը տեսնեմ խաղաղութեան, յոյսի ու հաւատքի ճառագայթող ներկայութիւնը:

«Թող աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակները իմանան, որ Սուրիոյ ու Հալէպի մեր ժողովուրդը տառապեցաւ, սակայն այսօր վերականգնած է ու խաղաղութեան ծիածանը կամար կապած է Հալէպի վերեւ:

«Հալէպի հայութիւնը այստեղ պիտի մնայ: Պատմութեան ընթացքին ամրացած է անոր ներկայութիւնը այս քաղաքին մէջ:

«Դարեր շարունակ մենք այստեղ` քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն հետ ապրած ենք խաղաղութեամբ, գործակցութեամբ ու փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտի մէջ: Թող աշխարհը իմանայ, որ Հալէպը քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան քաղաքն է: Ոմանք փորձեցին աղաւաղել Հալէպի դիմագիծը, ինքնութիւնը, սակայն Հալէպը կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ ապրիլ իր քրիստոնեայ-իսլամ բնակչութեան գոյակցութեամբ, վերանորոգ կամքով ու նուիրումով»:

Վեհափառ հայրապետը, իր զօրակցութիւնը յայտնելով Հալէպի ժողովուրդին, հաստատեց. «Մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի ձեզի հետ է ժողովուրդ հայոց Հալէպի: Ինչպէս անցնող հինգ տարիներուն, այսօր եւս մենք զօրավիգ կը կանգնինք, կ՛աջակցինք ձեզի բառին ամբողջական իմաստով:

«Այս հոգեպարար պահուն իմ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որ խաղաղութիւնը տարածուի ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, որպէսզի սուրիահայութիւնը շարունակէ իր կազմակերպ կեանքը ապրիլ Սուրիոյ մէջ:

«Սուրիոյ հայութիւնը մեր ազգի կեանքին մէջ իր առանցքային դերը ունեցած է: Վստահ ենք, որ ան վերանորոգ թափով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

«Հազա՛ր փառք ու յարգանք Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս Հալէպի մեր ժողովուրդին: Հաւատքով ու յոյսով թրծուած շարունակեցէ՛ք ձեր կեանքը` ի խնդիր խաղաղութեան ու համայնքներու, ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ ամրապնդուած գոյակցութեան»:

arama2_1617

Ապա վեհափառ հայրապետը, թափօրին ընկերակցութեամբ, ներկաներուն իր օրհնութիւնը տալով, ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ ներքնասրահ, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային աջահամբոյր:

Հուսկ, ազգային մարմիններ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ու Հալէպի նահանգապետին գլխաւորութեամբ պետական պաշտօնական պատուիրակութիւններ շնորհաւորական այցելութիւն տուին վեհափառ հայրապետին, Բերիոյ թեմի առաջնորդին ու Ազգային իշխանութեան:

Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ Հալէպի միւս հայկական յարանուանութիւններուն եւ ազգային կառոյցներուն տրուած այցելութիւններուն պիտի անդրադառնանք մեր երեքշաբթի օրուան թիւով:

arama4_1617

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Էջմիածինի Եւ Բոլոր Թեմերուն Մէջ Խաչի Կնքահայրերը` Սուրիահայեր

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?