Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յունուար 9, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

arachnort-3_1617

«Աստուծոյ Լոյսին Ու Շնորհքին Յենած` Սրբութեամբ Վարենք Մեր Կեանքը Եւ Հասնինք Աստուծոյ Անմահական Պարգեւներուն»

Ըսաւ Շահէ Եպս. Փանոսեան

arachnort-1_1617

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` չորեքշաբթի, 6 յունուար 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, զոր մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ս. պատարագին ներկայ էին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Ազգային վարչութիւնը, ազգային երեսփոխաններ եւ մեծաթիւ ժողովուրդ:

Հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը կատարեց հետեւեալ մէջբերումը. «Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց, որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին: Այդ շնորհքը մեզ կը մղէ, որ անհաւատ կենցաղէ եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ հեռանանք‚ զգաստութեամբ‚ արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ‚…..» (Տիտոս 2:11-12):

Ապա ան դիտել տուաւ, որ Ս. Ծննդեան առաւօտուն, իբրեւ Ճաշու գիրք ընթերցուած Պօղոս առաքեալի խօսքերը կու գան մեզի յիշեցնելու, որ այսօր Աստուած տեսանելի կերպով իր շնորհքը յայտնեց աշխարհին:

«Աստուած երկինքէն երկիր եկաւ, որպէսզի մարդ արարածը կարենայ բարեշրջել աշխարհի մէջ իր կենցաղը եւ հասնիլ փրկութեան խոստումին:

«Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ  հանդիպման առիթ է Ս. Ծնունդը: Հետեւաբար, Աստուծոյ հետ հանդիպիլ կը նշանակէ սրբուիլ, մաքրուիլ աղտեղութիւններէ եւ լեցուիլ Աստուծոյ փառքով ու Պօղոս առաքեալի դարձակէտին օրինակով ամբողջական շրջադարձ ապրիլ: Առաքեալը Փրկիչին հանդիպեցաւ Դամասկոսի ճամբուն վրայ, ուր կ՛երթար քրիստոնէութեան հետեւորդները հալածելու:  Սակայն, այն պահուն, երբ հանդիպեցաւ Փրկիչին, իր կեանքը յեղաշրջուելով ստացաւ նոր նկարագիր ու կերպարանք եւ այնուհետեւ Քրիստոսի հալածիչը դարձաւ Աւետարանի քարոզիչ մեծ առաքեալը, որ Քրիստոսի եկեղեցւոյ տարածման գործին մէջ այնքան էական աշխատանք տարաւ հեթանոս աշխարհին մէջ», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:

Այս իրականութենէն մեկնելով` ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին Ս. Ծննդեան հոգեպարար այս մթնոլորտին մէջ իրենց սրտերը ջերմացնելու, իրենց կեանքին համար սրբութիւն եւ զօրութիւն քաղելու ցանկութեամբ, իր կեանքին համար լոյս փնտռող ծաղիկի նման, դառնալու դէպի Բեթղեհէմ եւ Շնորհալի հայրապետին բառերով իրենց սրտի աղերսը ուղղելու դէպի երկինք` ըսելով. «Լոյս, Արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս`… ծագեա ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը ի սրտէ մաղթեց, որ Ս. Ծննդեան հոգեթով մթնոլորտին մէջ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ տեղի ունեցող այս հանդիպումը սրբութիւն եւ աստուածային շնորհ բերէ մեր հոգիներուն, «որպէսզի աշխարհ եկող մեր Փրկիչով կերպարանափոխուած, մենք դառնանք նոր մարդ, որ երկրի վրայ չի մոռնար երկինքի մէջ բնակող իր Արարիչը, այլ յենած Աստուծոյ լոյսին ու շնորհքին, սրբութեամբ կը վարէ իր կեանքը եւ կը հասնի Աստուծոյ անմահական պարգեւներուն»:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:

Շնորհաւորական Այցելութիւններ

 

arachnort-5_1617

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով առաջնորդ սրբազանը եւ Ազգային վարչութիւնը ընդունեցին շնորհաւորութիւններ` պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու, կուսակցութիւններու, ազգայիններու, միութիւններու եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչ հոգեւորականներու կողմէ:

Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Ծննդեան պատարագէն ետք, Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի մէջ շնորհաւորութիւնները ընդունուեցան մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ:

arachnort-4_1617

arachnort-6_1617

Շնորհաւորողներուն շարքին էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, նախկին նախարարներ Շահէ Պարսումեան, Փանոս Մանճեան եւ Վրէժ Սապունճեան,  վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչը, նախարար Ղաթթաս Խուրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի ներկայացուցիչ, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաայի ներկայացուցիչը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներ, ընդհանուր տնօրէններ, Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, Մաշարիհ Խայրիէի պատուիրակութիւնը, Պէյրութի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, թաղապետներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լիբանանեան այլ համայնքները ներկայացնող հոգեւորականներ:

arachnort-2_1617

 

 

Նախորդը

Վերանորոգումի Տարի – 2 0 1 7

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Նշուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ներկայութեամբ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?