«Ազդակ»-ի կազմակերպած լսարաններու շարքին թիւ 122-ը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 4 յունուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Զեկուցողն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան: Դասախօսութեան նիւթն էր «Թուրքիա. վերջին զարգացումները` ներքին-արտաքին ուղղութիւններով»:
Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ ընդգծեց, թէ 15 յուլիս 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջման ձախողած փորձին պատճառով հաստատուած արտակարգ դրութիւնը տակաւին կը շարունակուի երկրին մէջ, եւ թէ յեղաշրջման այս փորձը նախագահ Էրտողանի համար պարգեւ մըն էր: Թշնամիներու թիւի նուազման եւ բարեկամներու թիւի յաւելման առումով Էրտողանի որդեգրած նոր վարդապետութիւնը արձանագրած է երկու յաջողութիւն` Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ հետ քաղաքականութեան վերականգնումը:
Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան իր դասախօսութեան սկսաւ նշելով, որ առաջին անգամ ըլլալով ան ճիգ պիտի թափէ նիւթին մէջ մնալու, որովհետեւ ներկայ քաղաքական զարգացումները ստեղծած են այնպիսի իրավիճակ մը, որ անխուսափելիօրէն իրարու կը կապեն շարք մը զարգացումներ, որոնք անպայմանօրէն կամ ուղղակիօրէն իրարու հետ առնչութիւն չունէին նոյնիսկ տարի մը առաջ: Ան աւելցուց, որ կը գտնուինք երեւոյթի մը առջեւ, ուր Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Թուիթըր»-ի իր էջին միջոցով կը կատարէ հաստատումներ, որոնք յաճախ անճիշդ են եւ երբեմն ալ բոլորովին սուտ: Իրավիճակ մը, ուր Թուրքիոյ մէջ, քաղաքական յայտարարութիւնները, որոնք ներքին սպառումի համար կը կատարուէին եւ յաճախ սուտերով լեցուն յայտարարութիւնները հիմա Թուրքիոյ սահմաններէն անդին կ՛անցնին: Այժմ գերպետութիւններու գլուխը կը գտնուին այնպիսի ղեկավարներ, որոնք շատ նման են իրարու: Դոկտ. Մուրատեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ այս երեւոյթը, որ կը տեսնենք Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի մէջ, մեզի մտածել կու տայ, թէ 2017-ը աննախատեսելի տարի մը կրնայ ըլլալ ժխտական իմաստով, եթէ պիտի ըլլանք իրատես:
Դոկտ. Մուրատեան պատմեց դրուագ մը, որ պատահած էր 2011-ին, Տիգրանակերտի Չնքուշ աւանը այցելութեան ընթացքին: Երբ դուրս կու գային աւանէն, մարդ մը` Ռեճայ Աթայ անունով, եկաւ եւ ինքնաշարժին պատուհանը սկսաւ թակել եւ հրաւիրեց զանոնք տեսնելու իր կնոջ մայրը, որ Ցեղասպանութենէն վերապրողի զաւակ է, ծնած է Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք եւ որուն անունն է Ասիա: 1915-ին, տեղահանութեան ընթացքին Չիմչի բնակչութիւնը, ի տարբերութիւն այլ շրջաններու հայ բնակչութեան, սուրիական անապատ առաջնորդուելու փոխարէն, կ՛առաջնորդուի Տուտամ վիհին մօտ: Այդ շրջանի հայերուն ինչքերը կողոպտելէ ետք, զանոնք սպաննելով վիհին մէջ կը նետեն: Հայոց ցեղասպանութեան մեծագոյն հաւաքական գերեզմաններէն մէկը կը հանդիսանայ Տուտամի շրջանը: Այս շրջանէն կան քանի մը վերապրողներ, որոնցմէ մէկը Ասիայի մայրը եղած է: Դոկտ. Մուրատեանի խումբին մէջ ըլլալով լրագրողներ, Ասիայի եւ անոր ընտանիքին պատմութիւնը հասաւ միջազգային մամուլ: Դոկտ. Մուրատեան յայտնեց, որ քանի մը շաբաթ առաջ Ռեճայի Աթայ` Ասիայի փեսան ձերբակալուեցաւ Թուրքիոյ ոստիկանութեան կողմէ, իբրեւ քրտական հարցի գործիչ: Ան Տիգրանակերտի ոստիկանատան մէջ կալանքի տակ էր: Ձերբակալութենէն երեք շաբաթ ետք, ահաբեկչական գործողութիւն մը տեղի ունեցաւ այդ ոստիկանատան առջեւ, այդ պատճառով ալ ոստիկանատան պատը փուլ եկաւ եւ մահացաւ Ռեճայի Աթայ: Դոկտ. Մուրատեան հաստատեց, որ այս դրուագով ուզեց սկսիլ զեկուցումը, որովհետեւ այս ընտանիքին ողբերգութիւնը քիչ մը ամէն տեղ գոյութիւն ունի: Ընտանիք մը, որ ունի հայկական որոշ արմատներ, ընտանիք մը, որ ապրած է քրտական հարցին ամբողջ հոլովոյթը, ընտանիք մը, որ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ աւելի ազատ ձեւով սկսած է արտայայտուիլ եւ խօսիլ իր արմատներուն մասին, եւ վերջապէս` ընտանիք մը, որ այսօր ուղղակիօրէն զոհը դարձած է վերջին տարիներու Թուրքիոյ քաղաքական զարգացումին:
Դոկտ. Մուրատեան խօսելով այսօրուան Թուրքիոյ հիմնական երեք ուժերուն մասին, որոնք ունին ներկայ հզօրութիւնը, անդրադարձաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, յատկապէս 1920-ականներուն, երբ Մուսթաֆա Քեմալ իշխանութեան հասաւ եւ ազգայնական շարժումը յաջողութիւն արձանագրեց, հիմը դրուեցաւ աւանդութեան մը, որ մէկ կողմէ կ՛ընդունէր եւ կը հաստատէր, որ Թուրքիոյ մէջ տիրական պիտի ըլլայ իսլամական ճիւղին մէկ արտայայտութիւնը, որ սիւննիականութիւնն է, ինչպէս նաեւ կը մերժէր փոքրամասնութիւնները: Այս աւանդութեան գլխաւոր պաշտպանը կը հանդիսանայ թրքական բանակը: 2001-ին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը` Էրտողանի ղեկավարութեամբ, կը խոստանար բացայայտուած ձեւով արմատական իսլամութիւնը վերադարձնել թրքական իրականութեան մէջ եւ կը փորձէր որոշ կողմեր ներգրաւել, որպէսզի կարենայ պայքարիլ թրքական բանակի տիրական ներկայութեան դէմ: Էրտողան եւ իր զինակիցները կը գիտակցէին, թէ հնարաւոր պիտի չըլլայ երկար ժամանակ ապահովել ժողովուրդի նեցուկը, եթէ չկարենան պետութեան կառոյցին մէջ կարեւոր լծակներ ապահովել: Այս հոլովոյթին մէջ էր, որ Ֆեթհուլլա Կիւլենը դարձաւ կարեւոր դերակատար թրքական իրականութեան մէջ: Ան արդէն 1970-ականներէն ի վեր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր երկրին մէջ: Ան երկիրը լքած էր, սակայն կարեւոր ցանց մը ստեղծած էր: Այս ցանցին շնորհիւ ան կրցած էր լծակներ ապահովել երկրին մէջ եւ անկէ դուրս: Էրտողան պետութեան մէջ իր դիրքը հաստատելու եւ ամրագրելու համար դաշնակցեցաւ Կիւլենի հետ: Ան Կիւլենի շնորհիւ 2007-ին կրցաւ ոչնչացնել բանակին մէջ տեղի ունեցած ոտնձգութիւնները: Երեք հիմնական կողմ ստեղծուեցաւ երկրին մէջ` Էրտողանի կողմը, Կիւլենի կողմը եւ բանակը: Իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէր ոչնչացնել երկրորդ կողմը` օգնութեամբը երրորդին կամ ունենալով երրորդի նեցուկը: Պետական վերջին հարուածին ընթացքին, բանակէն որոշ տարրեր եւ Կիւլենը գործակցեցան, որպէսզի Էրտողանը գահընկէց ընեն, սակայն ձախողեցան: Անոնց ձախողութեան պատճառներէն էր, որ հարկադրուած էին արագ աշխատելու, որովհետեւ անոնց անուանացանկը բացայայտուած էր: Էրտողան կրցաւ չէզոքացնել իր հակառակորդները եւ զինք քննադատողները բանտարկեց:
Դոկտ. Մուրատեան նշեց, որ Կիւլենի հիմնած զանազան հաստատութիւններուն մէջ կ՛աշխատին նաեւ հայ պաշտօնեաներ, որոնք թէեւ մեծ դիրքեր չունին, սակայն ներկայիս ստեղծուած պայմաններուն մէջ անոնք չեն կրնար վերադառնալ Պոլիս, որովհետեւ վտանգը մեծ է, որ իրենք նաեւ ձերբակալուին:
Էրտողան` նկատի ունենալով Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակը, որուն հիմնական դերակատարը ինքն էր, որ արտօնած էր իսլամական զանազան խմբաւորումներու անցքը Թուրքիայէն դէպի Սուրիա, երկրին մէջ ստեղծած էր իրավիճակ մը, ուր ՏԱՀԵՇ կրնայ հակադարձել եւ յարձակումի անցնիլ, յատկապէս վերջին ռուս-թրքական համաձայնութեան լոյսին տակ: Գոյութիւն ունի նաեւ քրտական շարժումի քաղաքական թեւը, որ կը հաւատայ, թէ ժողովրդավարական որոշ հոլովոյթի մը շնորհիւ կարելի է փոփոխութիւն յառաջացնել Թուրքիոյ մէջ: Դոկտ. Մուրատեան շեշտը դրաւ ներկայիս ստեղծուած դրոյթին վրայ, ուր պետութիւններ կը գիտակցին, թէ իրենց յարաբերութիւնը Էրտողանի հետ լաւագոյն պարագային պիտի ըլլայ յեղյեղուկ եւ փոփոխական: Օրինակ Փութին ներկայիս փոխանակ հակադրուելու Էրտողանին, յատկապէս Անգարայի մէջ ռուս դեսպանի սպանութենէն ետք, ան կը նախընտրէ շահագործել իրադարձութիւնները ի նպաստ իրեն:
Իսկ անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` Մուրատեան ըսաւ, թէ Պապ քաղաքին մէջ պայքար տեղի կ՛ունենայ ռուսական օդուժի եւ թրքական նեցուկը վայելող ուժերու միջեւ, որոնք կը փորձեն Պապը գրաւել: Ասիկա կը կատարուի, որպէսզի վստահութիւն ներշնչուի թրքական նեցուկը վայելող ուժերու նկատմամբ եւ անոնց տրուի առիթ մուտք գործելու Ռաքքա, որ հիմնական թիրախն է: «Այս հսկայական խաղերուն մէջ մտնելով, երկիրը արկածախնդրական վիճակի մէջ նետելու այս վիճակին մէջ, Թուրքիան այժմ կը գտնուի հսկայական անկայուն վիճակի մէջ», հետեւցուց Մուրատեան:
Իսկ այս բոլոր պատահարներուն թիրախ կը դառնան փոքրամասնութիւնները, կ՛ըսէ Մուրատեան: Նոյնն է վիճակը նաեւ իսլամացած հայերուն:
Արցախի իրավիճակին անդրադառնալով` Մուրատեան շեշտեց, թէ քանի որ Ալիեւ-Էրտողան առանցքը կայ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կայ Իսրայէլ-Ալիեւ-Էրտողան երրորդութիւնը, կան նաեւ այն պետութիւնները, որոնք կ՛ուզեն ազդեցութիւն բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, այս բոլորը կրնան իրենց բացասական ազդեցութիւնը ունենալ Արցախի վրայ, եւ մենք պէտք է Արցախը նկատենք առաջնահերթ այս հարցերուն մէջ: Այս բոլորին մէջ, Մուրատեան կ՛ըսէ, թէ 2017-ը պիտի դառնայ մարտահրաւէրներու տարի: