Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պաշտօնական Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ասատի Հետ

Յունուար 5, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

dam-1_1417

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքէն յատուկ պատուիրակութեամբ նախ ուղղուեցաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս, չորեքշաբթի, 4 յունուար 2017-ի առաւօտեան, պաշտօնապէս հանդիպելու համար Սուրիոյ Հանրապետութեան  նախագահ Պաշշար Ասատին: Սուրիական սահմանին վրայ Արամ Ա. կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան  արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Ճորճ Շահինեանի, թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեանի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեանի կողմէ:

dam-2_1417Շքախումբը շարունակեց իր երթը դէպի Սուրիոյ Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ուր յանուն նախագահին դիմաւորուեցաւ կուսակցութեան օգնական քարտուղարին` Հիլալ Հիլալի կողմէ: Վեհափառ հայրապետը իր պատուիրակութեամբ յատուկ մտերմիկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Հիլալի հետ: Ապա, շքախումբը մեկնեցաւ նախագահական պալատ եւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումը:

Աւելի քան ժամ մը տեւած ջերմ ու սրտբաց հանդիպման ընթացքին, նախագահ Ասատ խօսեցաւ Սուրիոյ վերջին հինգուկէս տարուան ներքին կացութեան եւ տագնապին մասին` ապահովական ու քաղաքական երեսներով, ինչպէս նաեւ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին վերջին շրջանին տեղի ունեցած ներքին թէ արտաքին զարգացումներուն մասին: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը ողջունեց Հալէպի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը եւ մաղթեց, որ ամէնէն մօտիկ ապագային բովանդակ Սուրիոյ տարածքին ամբողջական խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատուի: Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ժխտական եւ քանդիչ դերակատարութեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ շեշտեց եւ յոյս յայտնեց, որ երկրին մէջ բարեկարգումի ու վերականգնումի հոլովոյթը շուտով սկսի, որուն գործուն մասնակցութիւն պարտին բերել բոլոր համայնքները, իսլամ, քրիստոնեայ եւ մասնաւորաբար` հայ համայնքը: Այս իմաստով նախագահը բարձր գնահատեց սուրիահայ քաղաքացիներուն դերակատարութիւնը տագնապի ամբողջ տեւողութեան, ընդգծեց անոնց կապուածութիւնը սուրիական հայրենիքին եւ զոհողութեանց գնով անոնց յանձնառութիւնը: Հանդիպումի վերջաւորութեան, վեհափառ հայրապետը յատկապէս յիշեց բոլոր նահատակները. «Անոնց նուիրական արիւնով Սուրիան աւելի զօրաւոր եւ սուրիացի ժողովուրդը աւելի վճռակամ պիտի շարունակէ նորոգութեան եւ վերականգնումի իր ընթացքը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Պատմական հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ լաւագոյն բարեմաղթութիւններով, գոհունակութեան արտայայտութիւններով եւ յիշատակի լուսանկարով: Երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցաւ դամասկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, եւ վերականգնումի նիւթին առնչութեամբ պատկերացումներու քննարկումը շարունակուեցաւ հաւաքական ընթրիքի սեղանին շուրջ:

 

Նախորդը

Վարդանեան. «Փոփոխութիւններու Առաջին Սաղմերը Նշմարելի Են, Արդիւնքները Տակաւին Էական Չեն»

Յաջորդը

Եուվենթուս Կը Մերժէ Պարսելոնայի Առաջարկը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?