Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարին Համայնքային Հանդիպումները Իրանի Մէջ

February 6, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ալիք» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Թեհրան պաշտօնական այցելութիւն տուած Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 1 փետրուարին ունեցած է նաեւ համայնքային հանդիպումներ:

Առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը այցելած է «Ալիք» օրաթերթի խմբագրութիւն եւ հաստատութիւն:

«Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ հիւրերը ողջունած է «Ալիք»-ի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, որմէ ետք  թերթի խմբագրական կազմին հետ հանդիպումին ընթացքին նախարար Վիգէն Սարգսեան խօսած է հայ-իրանական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին, ներկայացուցած է Հայաստանի զինուած ուժերուն ձեռքբերումները, պատասխանած է հանդիպումի մասնակիցներու հարցումներուն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը մանրամասնած է նաեւ «Ազգ-բանակ»  գաղափարին դրոյթները:

Այցելութեան առիթով արտայայտուած է նաեւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Հենրիկ Խալոյեան:

Նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած  է նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդարան, հանդիպում ունեցած է  թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի, Իրանի խորհրդարանին մէջ  իրանահայութեան զոյգ պատգամաւորներ դոկտ. Կարէն Խանլարեանի եւ Ժորժիկ Աբրահամեանի, Թեմական խորհրդի, Պատգամաւորական ժողովի, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր դասին հետ:

Հանդիպումին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը արժեւորած եւ բարձր գնահատած է հայ եկեղեցւոյ եւ սփիւռքի կառոյցներու դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու  ամրապնդման ու հետագայ զարգացման գործին մէջ:

Ելոյթ ունեցած են նաեւ սրբազան հայրը, դոկտ. Կարէն Խանլարեանն ու Ժորժիկ Աբրահամեանը: Սրբազան հայրը ներկայացուցած է թեհրանահայ համայնքը, Ժորժիկ Աբրահամեան` Նոր Ջուղայի հայ համայնքը, իսկ. դոկտ. Կարէն Խանլարեան անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութեան քաղաքական նշանակութեան եւ կարեւորութեան` հայ-իրանական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ:

Նախարար Վիգէն Սարգիսեան այցելած է նաեւ Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցի եւ ծաղկեպսակ զետեղած եկեղեցւոյ  տարածքին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին` յարգելով անոնց յիշատակը:

Երեկոյեան «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցած են թեհրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին նախարար Սարգսեան խօսած է հայ-իրանական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ կատարուած աշխատանքներուն, «Ազգ-բանակ» գաղափարի դրոյթներուն եւ Հայաստանի անվտանգութեան գործին մէջ սփիւռքի ունեցած դերակատարութեան եւ նշանակութեան մասին: Աւարտին, անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ նախարարը սպառիչ պատասխաններ տուած է  ներկաները յուզող հարցումներուն:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանցի Հետախուզող Էլնուր Հուսէյնզատէ Երկու Ամիսով Կալանաւորուած Է

Յաջորդը

Մարզերու Ընկերային-Տնտեսական Անհամաչափութիւններու Մեղմացման Յաւակնոտ Ծրագիրներ Կը Ներկայացուին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.