Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ 2017-ին հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստը գումարելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Մկրտչեան շնորհաւորեց Հարիրին անոր նշանակումին եւ կառավարութեան կազմութեան առիթով, անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւններուն եւ երկու ժողովուրդներուն հինէն եկող բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն:
Դեսպան Մկրտչեան ընդգծեց, որ լիբանանեան-հայաստանեան հեզասահ ու ամրապնդուած յարաբերութիւնները պէտք է անպայմանօրէն ամբողջանան տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններուն զարգացումով, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզի խթանումով:
Ան շեշտեց նաեւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու կատարելիք այցելութիւնները յաճախակի դարձնելու կարեւորութիւնը:
Դեսպան Մկրտչեան վարչապետին ներկայացուց նաեւ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնած բարեկարգումները` գործարարներուն պայմանները դիւրացնելու նպատակով:
Սամուէլ Մկրտչեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ գործող լիբանանեան ընկերութիւններուն արձանագրած արդիւնաւէտ գործունէութեան` շեշտելով անոնց դրական փորձառութիւնը լուսարձակի տակ առնելու եւ անոնց օրինակին հետեւելու անհրաժեշտութիւնը:
Դեսպան Մկրտչեան անդրադարձաւ նաեւ վերջին տարիներուն զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած բարգաւաճման եւ հաստատեց այդ մարզին մէջ Հայաստանի ու Լիբանանի համագործակցութիւնը հեռանկարային դարձնելու կարեւորութիւնը:
Վարչապետ Հարիրի իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու խթանման անհրաժեշտութիւնը` պատրաստակամութիւն յայտնելով իր կառավարութեան գործունէութեան ժամանակաշրջանին նախապատուութիւն ընծայելու բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումին:
Հարիրի խոստացաւ այս ուղղութեամբ ամէն ջանք ի գործ դնել: