Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Շրջանային Յանձնախումբի Ժողովին

February 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ Քիշնեւի մէջ, 6 փետրուարին, Մոլտովայի ժողովրդավարական կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ:

Ժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ Մոլտովայի, Պիելոռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի եւ Հունգարիոյ անդամ կուսակցութիւններէն: Ներկայ էր նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա:

Ժողովին մասնակից ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ յանձնախումբի համանախագահ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ու ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:

Ժողովին նախագահեցին յանձնախումբի համանախագահներ Մարիօ Նալպանտեանն ու Ալեքսանտրա Տոպոլին (Հունգարիա):

Ժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մոլտովայի Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Փլահոթնիուք: Ժողովին մասնակցեցաւ կուսակցութեան պատուոյ նախագահ եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Տումիթրու Տիաքովը:

Ժողովի օրակարգը կազմուած էր Ընկերվար միջազգայնականի յառաջիկայ 25-րդ համագումարի օրակարգի նիւթերուն հիման վրայ` նպատակ ունենալով այդ նիւթերուն շուրջ կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովի որոշումներու եւ բանաձեւերու մշակման ժամանակ նկատի ունենալ նաեւ շրջանի տեսակէտները:

ՀՅԴ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց Հայաստանի վերջին տարուան քաղաքական իրադարձութիւնները` սահմանադրական եւ համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութիւններէն մինչեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ ՀՅԴ-ի  դերակատարութիւնը այդ հոլովոյթներուն մէջ:

Ընկերվար միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասերէն աւելի քան 130 երկիրներու շուրջ 150 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

Կազմակերպութեան մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան կազմակերպութեան փոխնախագահն է: ՀՅԴ-ի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կիներու ընկերվար միջազգայնականին եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան:

 

Նախորդը

Դաւիթ Լոքեան Լրատուամիջոցներուն Հետ Հանդիպումի Մը Ընթացքին Ներկայացուցած Է Մարզային Ներդրումային Ծրագիրները

Յաջորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հայաստանի Եւ Իրանի Յարաբերութիւնները Ուղղուած Չեն Որեւէ Երրորդ Երկրի Մը Դէմ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.