Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Եւ Զուիցերիոյ Դեսպանները

Փետրուար 3, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյիտ  Քազեմ Սաճատին:

Քննարկուած են հայ-իրանական յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր եւ կարեւոր նկատուած է առեւտրական-տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացումն ու ընդլայնումը: Կողմերը համոզմունք յայտնած են, որ անոր էապէս կը նպաստեն Մեղրիի մէջ ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծումն ու Հայաստանի մէջ «Հալալ» սննդամթերքի գրասենեակ հիմնելու ծրագիրները:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ Իրանի դեսպանը  անդրադարձած են ներդրումային միացեալ ծրագիրներուն, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, օդանաւային փոխադրումներուն, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ այլ մարզերու մէջ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման ուղղուած շարք մը հարցերու:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ Սէյիտ Քազեմ Սաճատի ընդգծած են Հայաստանի ու Իրանի շահագրգռուածութիւնը բազմակողմանի կապերու զարգացման ու աւելի խորացման:

Միւս կողմէ, երէկ վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Զուիցերիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լուքաս Կասերը:

Վարչապետը նշած է, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ  միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը: Այս յարաբերութիւնները կարելի է բնորոշել իբրեւ բարձր մակարդակի կայուն յարաբերութիւններ: «Մենք կարեւոր կը նկատենք Զուիցերիոյ հետ համագործակցութիւնը եւ հետաքրքրուած ենք բոլոր մարզերուն մէջ  անոր հետագայ զարգացումով», ըսած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանը:

Միեւնոյն ժամանակ վարչապետը անհրաժեշտ նկատած է  առեւտրական-տնտեսական կապերու աշխուժացումը` նշելով, որ այդ մարզին մէջ չօգտագործուած մեծ ներուժ կայ: Համագործակցութեան խթանման եւ գործարար կապերու աշխուժացման նպատակով վարչապետը կարեւոր նկատած է օդային ուղիղ կապերու հաստատումը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանը կ՛օգտուի Զուիցերիոյ  կողմէ տրամադրուող Արտօնութիւններու ընդհանրացուած համակարգի (Ճի. Էս. Փի.) արտօնեալ դրութենէն:

Ընդգծելով, որ երկու երկիրները ունին երկարամեայ սերտ քաղաքական յարաբերութիւններ` դեսպան Կասերը համակարծիք եղած է, որ տնտեսական համագործակցութեան ներուժը աւելին է, քան օգտագործուածը, եւ Զուիցերիան եւս կարեւոր կը նկատէ երկկողմանի  տնտեսական կապերու խորացումը: Ան նշած է, որ Հայաստանի շրջաններու զարգացման, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի մարզերուն մէջ ձեւաւորուած է արդիւնաւէտ գործակցութիւն, իսկ մարդասիրական մարզին մէջ հայ-զուիցերիական սերտ գործընկերութեան ձեռքբերումներէն մէկը այն է, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է յաջորդ տարի Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու մասին: Դեսպան Լուքաս Կասեր ողջունած է վարչապետին` երկու երկիրներուն միջեւ օդային ուղիղ հաղորդակցութիւն հաստատելու առաջարկը եւ այդ հոլովոյթը սկսելու հարցին մէջ աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ դեսպան Կասեր միտքեր  փոխանակած են գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական արհեսագիտութեան, այլընտրանքային ուժանիւթի եւ  դեղագործութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ:

Վարչապետը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Զուիցերիոյ զարգացման եւ համագործակցութեան գործակալութեան աջակցութեան ծրագիրներուն համար, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի հեռաւոր մարզերու տնտեսութեան զարգացման:

 

Նախորդը

Նախարար Դաւիթ Լոքեանը Ներկայացուցած Է Նոր Նշանակուած Մարզպետ Արամայիս Գրիգորեանը

Յաջորդը

Պիտի Քննարկուի Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը. Ֆրանսահայ Համայնքի Ընթրիքին Պիտի Մասնակցին Ֆրանսուա Հոլլանտն Ու Շարլ Ազնաւուրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?