Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզերու Ընկերային-Տնտեսական Անհամաչափութիւններու Մեղմացման Յաւակնոտ Ծրագիրներ Կը Ներկայացուին

February 6, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ տարածքներու մրցունակութեան բարձրացման եւ մարզերուն միջեւ առկայ ընկերային-տնտեսական անհամաչափութիւններու մեղմացման ուղղութեամբ յաւակնոտ ծրագիրներ կը ներկայացուին: Այդ ծրագիրներու իրագործման շրջագիծին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան շնորհիւ արդէն սկսած են 7 շրջանային զարգացման դրամաշնորհային ծրագիրներ` շուրջ 10 միլիոն եւրօ ընդհանուր արժէքով: 2016-2025 թուականներու Տարածքային զարգացման ռազմավարութեամբ նաեւ 2025 թուականին բոլոր մարզերուն մէջ միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցողներու, ոչ գիւղատնտեսական պաշտօնական զբաղուածներու եւ աշխուժ ձեռնարկութիւններու  թուաքանակը, 2014-ին հետ համեմատած, պէտք է աճի առնուազն 10 առ հարիւրով:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան խնդիրներուն մէջ չի մտներ ստեղծել որեւէ արտադրութիւն. նախարարութիւնը քայլերու կը ձեռնարկէ, որ արդիւնաւէտ եւ մրցակցային ըլլայ արդէն ստեղծուածը: «Մենք պէտք է կարենանք ճիշդ ընտրել արտադրական խումբերը եւ ֆինանսաւորումը  ուղղել այնպէս, որ ունենանք ցած ինքնարժէքով արտադրանք ու խուսափինք ներմուծումէ: Ընդհանուր համաշխարհային շուկայէն  շեղած արտադրանք պէտք չէ ունենանք: Այսինքն, եթէ մենք միս կ՛արտադրենք, պէտք է անիկա աժան ըլլայ: Այլ երկրի մը մէջ, եթէ աւելի աժան միս ըլլայ, շատ դիւրութեամբ կրնանք ներածել Հայաստան: Մենք խնդիր ունինք ոչ միայն ինչ որ բան ստեղծելու, այլեւ ստեղծուածը արդիւնաւէտ դարձնելու», ըսաւ Լոքեան:

Նախարարին խօսքով` առկայ խնդիրները լուծելու համար անհրաժեշտ է մարզերուն մէջ միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցողներուն թիւը աւելցնել: Ասիկա ռազմավարութիւն է, որ ունի երեք հիմնական շեշտադրում: Առաջին նպատակը այն է, որ երկրին մէջ այն անհամաչափութիւնը, որ առկայ է մարզերուն եւ Երեւան մէջ, մէկ բնակիչին հասնող համախառն ներքին արդիւնքը մօտենայ համաչափութեան սկզբունքին:

«Երեւանի բնակիչին հասնող համախառն ներքին արդիւնքը 2,5 անգամ աւելի մեծ է, քան Տաւուշի կամ Շիրակի մարզերուն մէջ ապրող բնակիչինը: Մեր առաջին նպատակն է, որ այս մեծ շեղումը իջեցնենք մինչեւ 70 առ հարիւր: Այսինքն, եթէ 2025-ին Երեւանի բնակիչին հասնող համախառն ներքին արդիւնքը ըլլայ 10 հազար տոլար (հիմա 3550 տոլարի սահմաններուն մէջ է), մարզերուն մէջ ոչ թէ 2,5 անգամ պակաս ըլլայ, այլ ըլլայ անոր 70 առ հարիւրը: Այսինքն` մարզերու բնակիչներունը ըլլայ մօտ 7000 տոլար: Երկրորդ` պէտք է ունենանք մարդկային դրամագլուխ, որ կ՛արտայայտուի կրթութեամբ: Ասիկա շատ կարեւոր է, որպէսզի մենք, օրինակ, հեռաւոր Բերդաշէն գիւղին մէջ  ունենանք տնտեսական ծրագիր գրող, միջազգային գիները գիտցող  մասնագէտներ, որոնց գումակային ծառայութիւններով կարելի է որեւէ ապրանք արտահանել եւ վարել գիներու ճիշդ քաղաքականութիւն», նշեց նախարարը: Ռազմավարութեան երրորդ շեշտադրումն ալ այն է, որ մարզերուն մէջ պէտք է ըլլան աշխատատեղեր գիւղատնտեսութեամբ ոչ պաշտօնապէս 50.000-60.000 զբաղուողներու համար:

Նախարարին խօսքով, ասոնք մարզերուն միջեւ առկայ  անհամաչափութիւններու մեղմացման ուղղութեամբ այն երեք առանցքային քայլերն են, որոնք ալ իրենց հերթին պիտի ազդեն մարզերու  բնակիչներու համախառն ներքին արդիւնքի աճին վրայ: 10 յունուար 2017-ի դրութեամբ արդէն մօտ 625 համայնքի աւագանի հաստատած է համայնքներու 5-ամեայ զարգացման ծրագիրները:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարին Համայնքային Հանդիպումները Իրանի Մէջ

Յաջորդը

Հայկական Կողմը Ազրպէյճանին Յանձնած Է Ազրպէյճանի Զինուորի Մը Դիակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.