Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիտի Քննարկուի Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը. Ֆրանսահայ Համայնքի Ընթրիքին Պիտի Մասնակցին Ֆրանսուա Հոլլանտն Ու Շարլ Ազնաւուրը

February 3, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն 4-րդ տարին ըլլալով Փարիզին մէջ աւանդական դարձած «Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ»-ի  ընթրիքը այս տարի պիտի կազմակերպուի 8 փետրուարին. այս տեղեկութիւնը «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը:

«Այս տարուան ընթրիքին, ինչպէս էր նախորդ տարի, պիտի մասնակցին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, ներքին գործոց նախարարը, եւրոպական հարցերով արտաքին գործոց նախարարը, պիտի մասնակցին ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, յայտնի անձեր, յատկապէս Շարլ Ազնաւուր, յայտնի լրագրողներ, տարբեր իրաւաբաններ, ուսուցիչներ, հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ եւ  Փարիզի քաղաքապետը», նշեց Մուրատ Փափազեան:

Փափազեան ըսաւ, թէ ընթրիքը լաւագոյն առիթն է համայնքին պատգամները փոխանցելու համար: «Այս տարի յատուկ ձեւով շեշտը պիտի դնենք Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին  վրայ, որ Սահմանադրական դատարանը բեկանեց: Նաեւ պիտի շեշտենք  Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Ղարաբաղի անվտանգութեան եւ  ինքնորոշման հարցը: Պիտի խօսինք Ազրպէյճանի եւ Ալիեւի վարչակարգի բնոյթին մասին», ըսաւ ան:

Մուրատ Փափազեան նշեց, որ նախատեսուածը հայկական լոպպինկի ընթրիք է` համայնքի կազմակերպած ձեռնարկներէն մաս մը: «Քանի մը հարիւր ազդեցիկ մարդ պիտի գայ մեր ընթրիքին մասնակցելու եւ մեզի  լսելու: Չեմ կրնար ըսել, որ ընթրիքէն անմիջական արդիւնք պիտի ըլլայ, բայց անիկա մեր աշխատանքին մաս կը կազմէ»:

Յատկանշական է Ֆրանսայի նախագահին մասնակցութիւնը հայ համայնքի կազմակերպած ձեռնարկին: Ըստ Մուրատ Փափազեանի, ներկաները կրնան անձամբ նախագահին հանդիպիլ:

«Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ»-ին ընթրիքը առանձնայատուկ է: Նման տարողութեամբ  ձեռնարկ մը, ըստ Մուրատ Փափազեանի, Ֆրանսայի մէջ կ՛ընեն նաեւ հրեաները: «Ատիկա տարիներու մեր աշխատանքին արդիւնքն է: Այս ընթացքին կրցած ենք կապեր ստեղծել, յարաբերութիւններ ընդլայնել, կապ հաստատած ենք բոլոր միջավայրերուն հետ: Հայութիւնը Ֆրանսայի մէջ հասած է բաւական բարձր մակարդակի», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ընթրիքին պիտի քննարկուի՞ն Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները, հայ համայնքը այդ մասին իր դիրքորոշումը պիտի յայտնէ՞, Մուրատ Փափազեանը ըսաւ. «Այդ մասին տակաւին չենք խօսած, որովհետեւ կանուխ է: Կիրակի տակաւին նոր ընտրուեցաւ ձախերու թեկնածուն: Բայց մեր աշխատանքին մաս կը կազմէ բոլոր թեկնածուներուն մեր դիրքորոշումը ներկայացնելը Հայ դատի, Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի վերաբերեալ»:

Նախորդը

Վարչապետ Կարապետեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Եւ Զուիցերիոյ Դեսպանները

Յաջորդը

Ֆրանք Լամփար Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.