Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Ասիկա Պիելոռուսիոյ Կողմէ Հակահայ Մեղսակցութեան Շարունակութիւնն Է»

February 9, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 8 փետրուարին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի Ազրպէյճանին  արտայանձնման` հաստատելով, որ այս հարցին շուրջ աղմուկ պէտք է բարձրացնել միջազգային մակարդակի վրայ:

Լափշինի առնչութեամբ ան դիտել տուաւ, որ  ուրիշ բան կարելի չէր ակնկալել Պիելոռուսիոյ Գերագոյն դատարանէն: «Ասիկա Պիելոռուսիան է ի վերջոյ: Չեմ կարծեր, թէ տարբեր որոշում կարելի էր ակնկալել», նշեց ան` աւելցնելով, որ ասիկա այդ երկրին կողմէ Ազրպէյճանի հետ հակահայ մեղսակցութեան շարունակութիւնն է, ինչ որ կարելի է տեսնել նաեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ եւ ԱՊՀ-ի որոշ ժողովներուն:

Մանոյեանի համաձայն, կարեւոր է, որ այս հարցը ճիշդ հանգուցալուծում ունենայ եւ կարելիութիւն ըլլայ, որ Լափշին դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` յուսալով, որ վերջինս այդ մէկը կ’ընէ:

Միւս կողմէ, ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին, անհրաժեշտ է, որ այս հարցը բարւօք լուծում ստանայ, որովհետեւ այս նախադէպը կրնայ վատ նախընթաց ըլլալ օտար լրագրողներու եւ նոյնիսկ քաղաքական գործիչներու համար, որոնք կը փափաքին այցելել Արցախ:

Մանոյեան նշեց, որ Հայաստան իբրեւ պետութիւն այնքան ալ շատ ընելիք չունի, քանի որ ենթական Հայաստանի քաղաքացի չէ, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի մէկ մասը չէ: Ըստ անոր, Հայաստան պէտք է պարզապէս փորձէ կարելի եղածին չափ արտայայտել իր անհանգստութիւնը, որ նման քայլերը ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն տագնապի խաղաղ լուծման:

Մանոյեան կարծիք յայտնեց, որ պէտք է ձայն բարձրացնեն մեր հասարակութիւնը եւ քաղաքական շրջանակները: «Հիմա պէտք է հաւասարութեան նշան դնել Ազրպէյճանի եւ Պիելոռուսիոյ միջեւ, որովհետեւ այս հարցին մէջ գոնէ, այդ երկուքը նոյնն են»: Ան նշեց, որ Հայաստանի խորհրդարանականները պէտք է բարձրացնեն այս հարցը խորհրդարանական տարբեր վեհաժողովներու մէջ, բայց անհրաժեշտ է նաեւ խրախուսել, որ դիմուի Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) եւ աւելի աղմուկ բարձրացուի արտասահմանի մէջ:

Կիրօ Մանոյեան կարեւոր նկատեց, որ այս հարցին էութիւնը պարզուի, հասկնալու, թէ ի՛նչ ենթաշերտեր ունի անիկա: Արդարեւ, բազմաթիւ այլ օտար քաղաքացիներ այցելած են Արցախ եւ յայտնուած «սեւ ցանկ»-ին մէջ, սակայն անոնց նկատմամբ քրէական հետապնդում չէ յայտարարուած: Ան զարմանալի նկատեց այն, որ Պիելոռուսիա չի փորձեր արտայանձնման այլ պատճառներ ներկայացնել` բաւարարուելով Ազրպէյճանի ներկայացուցածով` Լափշինի Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեամբ: «Այս պատճառաբանութիւնը խեղկատակութիւն է, հետեւաբար պէտք է հակազդել: Ինչպէս գիտենք, ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ազատութեան յանձնակատարը խօսած է այդ մասին` յայտնելով իր անհանգստութիւնը: Լաւ պիտի ըլլայ, որ մեր խորհրդարանականները բարձրացնէին այս հարցը: Անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Իսրայէլի հասարակական հատուածին հետ», աւելցուց Մանոյեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ 7 փետրուարի գիշերը եւ առհասարակ վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ լարուածութեան սրման` նշելով, որ այդ մէկը անսպասելի չէր. ամէն անգամ, երբ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները խօսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հաւանական հանդիպումին մասին, Ազրպէյճան կը սրէ կացութիւնը սահմանագիծին մէջ:

Մանոյեան նշեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներէն պէտք է պահանջել հասցէագրուած կոչեր ուղղել, եւ ոչ թէ անարդար ձեւով, ինչպէս անոնց վերջին յայտարարութիւնն էր, երբ Հայաստանէն դին յանձնելու գծով ակնկալութիւն ունէին, ուստի տուին Հայաստանի անունը: Հիմա ալ պէտք է իրենց պահանջը հասցէագրեն Ազրպէյճանին: «Համանախագահող երկիրներէն պէտք է պահանջել համարժէք, յստակ, անուանական արձագանգ` ուղղուած Ազրպէյճանի գործողութիւններուն: Միջնորդները սովորաբար հաւասարութեան նշան կը դնեն, որ կողմնակալ չթուին, սակայն կան դէպքեր, երբ իրերը պէտք է իրենց անունով կոչել», հաստատած է Մանոյեան:

Ան բացատրեց, որ Մինսքի խմբակը կը ձգտի անկողմնակալ երեւիլ: «Ասիկա տեղի կ’ունենայ ճիշդ այնպիսի փուլի, երբ Ալիեւ Պրիւքսէլի մէջ իբրեւ թէ բանակցութիւններու սկսած է Եւրոպական Միութեան հետ: Այս բոլորը հաշուի առնելով` պէտք է շատ ուժեղ հակազդեցութիւն ցոյց տանք», ըսաւ ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը խօսեցաւ նաեւ արցախեան տագնապի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Հայ դատի ծրագիրներուն մասին: «Արցախի հարցին առնչութեամբ կարեւոր քայլերու պիտի ձեռնարկեն Հայ դատի գրասենեակները` Միջին Արեւելքին կարելիութիւն տալով մօտէն ծանօթանալու Ղարաբաղին եւ Ղարաբաղի հարցին: Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի պարագային պիտի փորձենք Արցախը արտաքին մեկուսացման քաղաքականութենէն դուրս բերել: Այդ ուղղութեամբ նախորդ տարիներուն արդէն որոշ ջանքեր գործադրուած են: Աւելցած են լրագրողներու եւ քաղաքական գործիչներու փոխադարձ այցելութիւնները», նշեց ան:

Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ Մանոյեան ըսաւ, թէ կը շարունակուի այն աշխատանքը, որ կը կատարուի վերջին տարիներուն, բայց առանց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը կասեցնելու. շեշտը պիտի դրուի հատուցման հարցին վրայ եւ տարբեր քայլերով ցոյց պիտի տրուի թէ՛ աշխարհին, եւ թէ՛ Թուրքիոյ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, ի վերջոյ,  նաեւ հատուցում կը նշանակէ:

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Լափշինի Վերաբերող Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն Հրապարակելու

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.