«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, թէ Մոսկուա հիասթափուած է Ալեքսանտր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու Պիելոռուսիոյ Գերագոյն դատարանի որոշումէն:
«Ռուսական կողմը խոր հիասթափութիւն կը յայտնէ այդ որոշումին առնչութեամբ, որ չի համապատասխաներ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին», կը նշէ նախարարութիւնը` ընդգծելով. «Մտադիր ենք այսուհետեւ ալ անհրաժեշտ բոլոր միջոցները ձեռնարկել Ռուսիոյ քաղաքացիին իրաւունքներն ու օրինական շահերը պաշտպանելու համար` զինք շուտափոյթ իր ընտանիքին վերադարձնելու նպատակով»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Պաքուին արտայանձնուած Ռուսիոյ քաղաքացի Լափշինի վերաբերեալ բանակցութիւններ տեղի չեն ունենար. սակայն անոր պաշտպանութեան համար կը ձեռնարկուին կարելի բոլոր իրաւաբանական քայլերը:
«Բանակցութիւններ չեն կատարուիր, սակայն կը ձեռնարկուին բոլոր կարելի իրաւաբանական քայլերը Լափշինի պաշտպանութեան համար», յայտարարած է Փեսքով:
Ան յիշեցուցած է, որ Լափշին քանի մը քաղաքացիութիւն ունի, ներառեալ ռուսականը: «Մեզի համար ան մեր երկրին քաղաքացին է: Մենք կը շարունակենք պաշտպանել անոր շահերը օրինական կարգով», ըսած է Փեսքով:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էմմանուէլ Նահշոն, խօսելով Իսրայէլի քաղաքացի Լափշինի հարցին մասին, «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն յայտնած է. «Մենք աչալրջօրէն կը հետեւինք պարոն Լափշինի գործի զարգացումներուն եւ դիւանագիտական ու հիւպատոսական ուղիներով կապի մէջ ենք բոլոր համապատասխան կողմերուն հետ»:
Լափշինի կինը` Եքաթերինա դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Մինչ դատական նիստը կ՛ընթանար, այնպէս եղաւ, որ զինք կը նստեցնէին օդանաւ: Ինծի քիչ առաջ հեռաձայնեցին Իսրայէլի հիւպատոսարանէն: Այո՛, ատիկա ճիշդ է, ան Պաքու է: Թէեւ նամակ ուղարկած էր յաւելեալ պաշտպանութեան համար, դիմում ներկայացուած էր ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնախումբին: Ո՛չ բարեկամները, ո՛չ փաստաբանները, ո՛չ դեսպանատունը` ոչ ոք տեղեակ էր, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի կ՛ունենար»:
Ան յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, թէ անվտանգութեան ինչպիսի՛ խստացուած միջոցներով իր ամուսինը տեղափոխած են Պաքու եւ հեգնանքով ընդգծած. «Տեսէ՛ք, թէ անվտանգութեան քանի աշխատակից կայ: Պըն Լատենը այդ ձեւով պիտի չտանէին: Թէեւ, ի հարկէ, ճամբորդը աւելի վտանգաւոր է»:
Հաշուի առնելով յառաջիկայի հաւանական բոլոր սադրանքները` ան յորդորած է բոլորին զերծ մնալ կտրուկ գործողութիւններէ եւ արտայայտութիւններէ, այնքան ատեն որ, իրենք յստակ չեն գիտեր, թէ Ալեքսանտր Լափշին ինչպէ՛ս այնտեղ է եւ թէ անոր հետ ի՛նչ կը կատարուի:
Յիշեցնենք, որ Պիելոռուսիոյ Գերագոյն դատարանը 7 փետրուարին մերժած էր Լափշինի բողոքը` կապուած Պիելոռուսիոյ գլխաւոր դատախազութեան զինք Ազրպէյճանի արտայանձնելու որոշումին:
Լափշին նոյն օրը յատուկ թռիչքով փոխադրուած էր Մինսքէն Պաքու` պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ:
Ազրպէյճանի մէջ Լափշինի կը սպառնայ քրէական հետապնդում 281.2 (երկրին դէմ ուղղուած հրապարակային կոչեր) եւ 318 (Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանի անօրինական հատում) յօդուածներով, որոնց երկուքին ալ հիմամբ ան կրնայ մինչեւ 5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լափշինի արտայանձնումի հարցին անդրադարձած են նաեւ շարք մը հեղինակաւոր միջազգային լրատուամիջոցներ: «Պի.Պի.Սի.» «Պլոկըրը բանտարկուած է գոյութիւն չունեցող երկիր այցելելուն համար» հեգնական վերնագիրով ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է: Բրիտանական լրատուամիջոցի թղթակից Ալեքս Տաքեւիչ կը նշէ, որ «ծուռ» հայեացքներ ունեցող պլոկըրը իբրեւ կանոն չէր անդրադառնար քաղաքական նիւթերու, սակայն յայտնուած է քաղաքական գայթակղութեան կիզակէտին մէջ, որովհետեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հաճելի չէին եկած պլոկըրի շարունակական այցելութիւնները Լեռնային Ղարաբաղ: «Ամէն ինչ սկսաւ, երբ Լափշին Լեռնային Ղարաբաղ այցելեց 2011-ին եւ անոր մասին գրեց իր պլոկին մէջ: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը մեղադրեն Լափշինը անոր համար, որ վերջերս իր պլոկին մէջ սատարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան, սակայն ատիկա դժուար է ապացուցել, որովհետեւ պլոկին մէջ տեղ գտած հրապարակումները հեռացուած են», նշուած է յօդուածին մէջ:
«Պի.Պի.Սի.» առանձնացուցած է նաեւ Լափշինի տակաւին չջնջուած երկու հրապարակումները, որոնց մէջ ան կը նշէ. «Կարդալով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները եւ լրագրողները կը մտածեն, որ իրենց ժողովուրդը ապուշ է», «Ազրպէյճան չի կրնար յարձակիլ Ղարաբաղի դէմ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ զինուորական պատճառներով: Եթէ կարենային, ապա ատիկա կ՛ընէին, չէ՞ որ 23 տարի ժամանակ ունէին»: «Պի.Պի.Սի.»-ի յօդուածին մէջ նաեւ կը խօսուի Լափշինի կնոջ մասին, որուն չեն արտօնած տեսակցիլ ամուսինին հետ 15 դեկտեմբերէն ետք:
Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը արձանագրած է, որ պլոկըրը ձերբակալած են Պիելոռուսիոյ մէջ եւ արտայանձնած Ազրպէյճանին` վիճելի տարածք այցելելուն համար:
Իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իսրայէլ»-ը` անդրադառնալով նիւթին, կը նշէ, որ իսրայէլացի պլոկըրը ազատազրկած են, որովհետեւ ան, վիճելի տարածք այցելելով, անհանգստացուցած է «միջինասիական ժողովուրդի ղեկավարը»: Լափշինը Պաքուին արտայանձնելու որոշումը վիճարկելու դիմումը առանց որեւէ բացատրութեան մերժուած է տարբեր ատեաններու դատարաններուն մէջ, որոնց նիստերը անցած են դռնփակ: Հրապարակումին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Լափշինը հրապարակած է քանի մը նիւթ, ուր սուր քննադատութեան ենթարկած է Իլհամ Ալիեւը:
Լափշինի բանտարկութեան փաստը արձանագրած է նաեւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի եւրոպական ծառայութիւնը: Դէպքին հետ կապուած որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացնելէ զատ` հրապարակումին մէջ նաեւ տեղ գտած է Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ «Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէ»-ի աշխատանքները համակարգող Նինա Օնիանովայի մեկնաբանութիւնը, որ Լափշինը «պէտք չէ բանտարկուի իր կարծիքը արտայայտելու կամ վիճելի տարածք այցելելու համար»: