
Իրան կատարած իր աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ իրանեան զբօսաշրջութեան Ժ. ցուցահանդէսի բացման արարողութեան` ներկայութեամբ Իրանի փոխնախագահ եւ Զբօսաշրջութեան ու մշակութային աւանդներու կազմակերպութեան նախագահ Զահրա Ահմետի Պուրի, Հարաւային Ափրիկէի զբօսաշրջութեան նախարար Տերիք Հոնիքոմի, Իրանի մշակոյթի նախարար Սալիհի Ամիրիի, Իրանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմին, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական եւ ճամբորդական գրասենեակներու ու պանդոկներու ներկայացուցիչներուն:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին իրանեան զբօսաշրջական արտադրութիւններ:
Նախարար Կիտանեան ցուցահանդէսին տաղաւարները այցելելէ ետք հանդիպում մը ունեցաւ Պուրի, Հոնիքոմի եւ Ամիրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Պուր ընդգծեց այդ ցուցահանդէսին կարեւորութիւնը եւ անոր ունեցած դրական ազդեցութիւնը` զբօսաշրջութեան եւ արդիւնաբերութեան մարզերուն վրայ:
Աւելի ուշ նախարար Կիտանեան եւ Պուր` ներկայութեամբ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Հաժ Ալիի, ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Իրանի զբօսաշրջական մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Պուր շեշտեց Իրանի կայունութիւնը եւ զբօսաշրջական, յատկապէս բժշկական զբօսաշրջութեան երկիր մը ըլլալու ճշմարտութիւնը:
Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրի զբօսաշրջութեան յատուկ ցուցահանդէսին մասնակցելու հրաւէրին համար, «յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ հրաւէրը ուղղուած է նախքան զբօսաշրջութեան նախարարին կողմէ իրանցի զբօսաշրջիկներուն մօտ Լիբանան այցելութեան հետաքրքրութիւնը արթնցնելու ընդհանուր խորագիրներու ճշդումը», ըսաւ նախարար Կիտանեան:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին պատճառով Լիբանան այցելող իրանցի զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է` դիտել տալով, որ Սուրիա այցելող իրանցի զբօսաշրջիկները նաեւ Լիբանան կ՛այցելէին:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան պատրաստ է չէզոքացնելու բոլոր արգելքները, որոնք կը խոչընդոտեն իրանցի զբօսաշրջիկներուն Լիբանան վերադարձը:
Ան յայտնեց, որ այդ խոչընդոտները թեքնիք արգելքներ են` աւելցնելով, որ Լիբանանի սուղ զբօսաշրջութեան մասին բողոքներ արձանագրուած են:
Ա. Կիտանեան մաղթեց, որ իրանցի զբօսաշրջիկները մեծ թիւերով վերադառնան Լիբանան, ուր պետական հաստատութիւնները սկսած են բնականոն կերպով գործել` հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք:
Նախարար Կիտանեան հանդիպումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ գործող ճամբորդական գրասենեակներու պատասխանատուներուն հետ եւ քննարկեց փոխադարձ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Իրան զբօսաշրջութիւնը արգելակող խոչընդոտները չէզոքացնելու միջոցներն ու կարելիութիւնները:
Աւետիս Կիտանեան այցելեց նաեւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն հետ: Սրբազան հայրը ողջունեց եւ կարեւոր նկատեց Լիբանան – Իրան յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջութեան հայ նախարարին դրական ներդրումը այս ծիրին մէջ: Ան նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Զահրա Ահմետի Պուրի կողմէ ցուցահանդէսին մասնակցող պետական անձնաւորութիւններուն ի պատիւ սարքուած ընթրիքին:
Հանդիպում Իրանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

6 փետրուարի հանդիպումներու շարքին, նախարար Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի մէջ Ռուսիոյ հայազգի դեսպան Լեւան Ջաղարեանի հետ` Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շրջանային հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ Իրան – Ռուսիա – Հայաստան յարաբերութիւններուն:


