Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսուա Հոլլանտ. «Կոտորածներու Ուրացումը Կը Նշանակէ` Արտօնել Նման Կոտորածներու Կրկնութիւնը» Պարգեւատրուեցաւ Շահան Արք. Սարգիսեան

Փետրուար 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 8 փետրուարի երեկոյեան Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի 4-րդ տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուած են  Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Ֆրանսայի պետական նախարարներ, շրջանային եւ քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, իրաւաբաններ, յայտնի լրագրողներ եւ արուեստագէտներ: Քաղաքական բարձրաստիճան դէմքերէն յիշենք հանրապետութեան նախագահութեան ընկերվարականներու թեկնածու Պենուա Ամոն, Եւրոպական հարցերու պետական քարտուղար Հարլեմ Տեզիր, Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ, Փարիզի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Վալերի Փեքրես, Հօ-տը-Սենի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեան, Լիւք Քարվունաս, Ֆիլիփ Քալթընպախ, Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Վալերի Պուայէ, Ռընէ Ռուքէ… Հոն էին նաեւ արուեստի աշխարհի հանրածանօթ մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, ինչպէս Շարլ Ազնաւուր, Անտրէ Մանուկեան, Ռոպեր Քէշիշեան, Լիզ Սարեան եւ այլք:

 

Ընթրիքին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ըսած է. «Երէկուան կոտորածները ուրանալ, կը նշանակէ ապագային արտօնել նման կոտորածներ»` անդրադառնալով Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վերջերս տուած վճիռին, որ հակասահմանադրական ճանչցաւ «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքի բարեփոխուած տարբերակին մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող դրոյթները:

«Կ՛ողջունեմ Ժան Փոլ Քոսթայի կողմէ կատարուած աշխատանքին որակը», նշած է Ֆրանսայի նախագահը: Յայտնենք, որ Քոսթա «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ նշեալ փոփոխութիւններուն հեղինակն էր:

Նախագահ Հոլլանտ աւելցուցած է, թէ անհրաժեշտ է Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու նպատակով ջանքերը շարունակել, քանի որ այս պայքարը ճշմարտութեան համար տարուող կենսական պայքար մըն է:

Նախագահը յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Նաճաթ Վալոտ Պելքասեմի եւ պատմաբան Վենսեն Տիւքլերի համանախագահութեամբ ստեղծուած է առաքելութիւն մը, որուն նպատակն է որդեգրել բոլոր ցեղասպանութիւններուն ու պատերազմի յանցագործութիւններուն, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութիւնը, յիշատակի օր մը:

Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն` Հոլլանտ յիշեցուցած է, որ 2017-ը 25-ամեակն է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման: «Հրաւիրած եմ նախագահ Սարգսեանը` պաշտօնական այցելութիւն մը կատարելու Փարիզ: Այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8 մարտին` Կիներու տօնին օրը: Ատիկա առիթ պիտի ըլլայ անդրադառնալու տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ` համալսարանական համագործակցութեան: Միաժամանակ, պիտի քննարկենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, քանի որ Ֆրանսա այս հարցով առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն ունի: Այս տագնապին լուծում գտնելը հրատապ հարց է», շեշտած է Ֆրանսայի նախագահը:

Եզրափակելով խօսքը` ան բարձր գնահատած է նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքին դերը: «Հոս կը խօսինք Ֆրանսայի լաւագոյն մասին հետ, քանի որ դուք Ֆրանսայի լաւագոյններն էք: Նոյնիսկ մայիսէն ետք, ես միշտ պիտի ըլլամ ձեր կողքին, ինչպէս որ մի՛շտ ալ եղած եմ: Չեմ ունենար նոյն պատասխանատուութիւնը, սակայն կ՛ունենամ նոյն համոզումները», ըսած է Հոլլանտ:

Ընթրիքին ընթացքին Թորանեան եւ Փափազեան շքանշան յանձնեցին նաեւ այս առիթով Սուրիայէն յատկապէս հրաւիրուած Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին: Անոր միջոցով Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ»-ը ուզած էր պատուել համայն հալէպահայութիւնը: Ցուցադրուեցաւ այդ համայնքի ապրած դժուարութիւններուն եւ վերականգնումի ճիգերուն նուիրուած կարճ տեսանիւթ մը, որմէ ետք ֆրանսերէնով ելոյթ ունեցաւ առաջնորդը: Ան իր խօսքը ձօնեց «իւրաքանչիւր սուրիահայու, այդ բարբարոսութեան անմեղ զոհերուն եւ տառապող վիրաւորներուն: Բայց նաեւ հայ համայնքի դերակատարներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով` շարունակեցին իրենց կրթական, մարդասիրական, մշակութային կամ քաղաքական գործունէութիւնը. մեր երիտասարդներուն, որոնք անապահովութեան ընդհանուր մթնոլորտի մէջ` տիւ եւ գիշեր պաշտպանեցին մեր թաղամասերը»: Հալէպի առաջնորդին ցնցիչ ճառը արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութեան:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ Մար Մարունի Պատարագին

Յաջորդը

«Արցախ Այցելելը Յանցանք Չէ» Կարգախօսով Ցոյց` Պիելոռուսական Խանութին Դիմաց

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?