25 փետրուարին` ժամը 3:00-ի եւ 4:00-ի մօտ, սահմանագիծի հարաւարեւելեան (Մարտունի) եւ արեւելեան (Ակնայ) ուղղութիւններով հակառակորդը, օգտագործելով ականազերծման «Տրոպա» տիպի համակարգ, ձեռնարկած է յարձակման փորձերու:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան հաղորդումով` պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները երկու ուղղութիւններով ալ ժամանակին նկատած են ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են զանոնք իրենց ելման դիրքերը: Բանակի յառաջապահ ուժերու հակահարուած գործողութեան շնորհիւ հակառակորդը տուած է առնուազն երկու սպաննուած, որոնց մարմինները կը գտնուին չէզոք գօտիին մէջ: Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած:
Աւելցնենք նաեւ, որ ազրպէյճանական յարձակման գործողութիւնները հետեւանք են վերջին շրջանին հակառակորդ երկրի քարոզչամեքենային կողմէ առաջնագիծին մէջ իբրեւ թէ արցախեան ուժերու յարձակումին վերաբերեալ անընդհատ տարածուող ապատեղեկատուութեան, որով թշնամին հող նախապատրաստած է իր հետագայ սադրանքներուն համար:
Բացի յարձակման փորձերէն 24-էն 25 փետրուարի լուսցող գիշերը արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը, ականանետերէ, հրանօթներէ, նռնականետերէ ու տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ խախտած է զինադադարը` հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 860 կրակոց: Յատկապէս բուռն խախտումներ արձանագրուած են շփման գիծի արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով: Նշուած հատուածներուն մէջ հակառակորդը 60, 82 եւ 120 միլլիմեթրնոց ականանետերու եւ Դ-44 տիպի հրանօթներու կիրարկումով ընդհանուր առմամբ արձակած է 169 արկ:
Պաշտպանութեան բանակի համապատասխան կառոյցներուն կողմէ տրամադրուած հաւաստի տուեալներուն համաձայն, արեւելեան ուղղութեամբ նկատուած են հակառակորդի կենդանի ուժի եւ զինատեսակներու տեղաշարժեր:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով անցած են կազմակերպուած պաշտպանութեան եւ պատրաստ են հակառակորդի որեւէ սադրանքին տալու արժանի պատասխան:
Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է Ազրպէյճանի զինուած ուժերու յարձակման փորձին տեսագրութիւնը:
Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանին, տեսագրութեան մէջ երեւցող առաջին օղակը կը մատնանշէ «Տրոպա» ականազերծող համակարգի արձակումը: Երկրորդին մէջ կրնաք տեսնել ատոր արձակումէն ետք յառաջացած փոշին, ինչպէս նաեւ հայկական կողմին պատասխան կրակը: Երրորդ պատկերին մէջ` ազրպէյճանական ստորաբաժանումներուն փախուստն է` հայկական կողմի կրակին տակ: Պատկերները կ՛արտացոլեն գործողութիւնները Ակնայի (Աղտամի) ուղղութեամբ:
Իսկ վերջը պարզ կ՛երեւին Մարտունիի հատուածին մէջ ձգուած դիակները:
Նոյն ծիրին մէջ, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը ներկայացուց գիշերուան ընթացքին հակառակորդին կողմէ արեւելեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած յարձակման փորձի մասին վկայող երկու տեսագրութիւն:
Առաջին տեսանիւթին մէջ ներկայացուած է Մարտունիի ուղղութեամբ`
Ա.- Հակառակորդի հետախուզական խումբի ներթափանցման եւ հայկական ուժերուն կողմէ զանոնք վնասազերծելու գործողութիւնը:
Բ.- Հակառակորդին կրած կորուստները (5 դիակ): Ըստ պաշտպանութեան բանակի համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ ձեռք բերուած տուեալներուն, սպաննուածներուն շարքին են Ազրպէյճանի զինուած ուժերու 181-րդ ջոկատի հետախուզութեան պետ, գնդապետ Ապտուլայեւը, ջոկատի հետախուզական վաշտի հրամանատար, աւագ հարիւրապետ Աշիմլի Շախլարը, հետախոյզ Ատըհուսէյնովը եւ երկու զինուոր, որոնցմէ մէկը` սակրաւոր:
Երկրորդ տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի Ակնայի ուղղութեամբ`
Ա.- Հակառակորդին կողմէ ականազերծման «Տրոպա» տիպի զինամթերքի կիրարկումը:
Բ.- Հակառակորդին կողմէ կիրարկուած նռնականետերու եւ խոշոր տրամաչափի այլ զինատեսակներու պայթիւնը:
Գ.- Հակառակորդի հետախոյզներու խումբին նահանջը:
Բացի տեսագրութիւններէն, ներկայացուած են նաեւ հակառակորդին ճամբարին մէջ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ձայնագրութիւնը:
Աւելի ուշ, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ 25-էն 26 փետրուարի լուսցող գիշերը արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը 122 միլլիմեթրնոց Դ-30 հաուպից եւ Դ-44 տիպի հրանօթներէ, ականանետերէ եւ նռնականետերէ շարունակած է ուժգնօրէն խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2200 կրակոց: Աւելի ուժգին խախտումներ արձանագրուած են արեւելեան, հիւսիսարեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններուն վրայ: Նշուած հատուածներուն մէջ ազրպէյճանական զինուժը Դ-30, Դ-44 հրանօթներէ եւ ականանետերէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է 113 արկ, որոնցմէ 36-ը` հրանօթներէ, 77-ը` ականանետերէ: Հակառակորդը հրանօթներով կրակած է նաեւ Թալիշ գիւղին ուղղութեամբ (18 արկ):
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.
«Պաքուն Միտումնաւոր Կը Սրէ Իրավիճակը, Կը Դիմէ Նոր Սադրանքներու»
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը` Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շփման գիծին մէջ ազրպէյճանական կողմի յարձակումներուն առնչութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հակառակ միջազգային հանրութեան կոչերուն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու` 1994-1995 թուականներու զինադադարի համաձայնագիրներու անվերապահ կատարման, ուժի կամ անոր սպառնալիքի կիրարկման անթոյլատրելիութեան մասին պահանջներուն, անցած գիշեր Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ շփման գիծին մէջ ազրպէյճանական կողմի ձեռնարկած յարձակման փորձը Պաքուի հերթական հարուածն է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն:
Շարունակելով բանակցային գործընթացին համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման նպատակով Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները ձախողեցնելու փորձերը` Պաքուն միտումնաւոր կը սրէ իրավիճակը, կը դիմէ նոր սադրանքներու:
Կրկին միջազգային հանրութեան, նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք Պաքուն սթափեցնելու, իրականութեան դաշտ բերելու խիստ անհրաժեշտութեան վրայ»::