Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Աւարայրը Մեր Ժողովուրդի
Կեանքին Մէջ Դարձաւ Մնայուն Ներկայութիւն`
Հայաստանէն Կիլիկիա Եւ Կիլիկիայէն Սփիւռք»
Երեսփոխան Բագրատունի. «Կը Վստահեցնենք,
Որ Յաջորդ Վարդանանցին Գաղութի Դիմագիծի
Պահպանման Գծով Մեր Խոստումներուն
Կարեւոր Մէկ Մասը Իրականութիւն Պիտի Ըլլայ»
Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով` հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբութեան մթնոլորտ կը տիրէր: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին շրջան հասաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ աղ ու հացով դիմաւորուեցաւ Նորաշէն թաղի մուտքին, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց Ս. պատարագին, որ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Առաջնորդ սրբազան հայրը ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, որուն յիշատակը նշելու համար եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած է ժողովուրդը, որպէսզի «այս հաւատքով նոր եւ թարմ շունչ բերենք մեր ազգային հոգեւոր կեանքին»: «Դարերէ ի վեր հայութեան կեանքը Հայաստանի սիրով մղուած հաւատքի պատերազմ է, որ նաեւ մենք եւս պէտք է մղենք քաջութեան նոր արարքներով, հաւատքի նոր մղումով եւ նուիրուածութեամբ», հաստատեց առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ սփիւռքեան դաժան պայմաններուն մէջ հայօրէն գոյատեւելու համար կարիքը ունինք Վարդանանց հաւատքին ու հաւատարմութեան օրինակին: Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը փոխանցելու իր հայրապետական պատգամը:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին սկիզբը նկատել տուաւ, որ հայոց պատմութեան մէջ կան դէպքեր, որոնք կը պատկանին բոլոր ժամանակներուն իրենց խորհուրդով ու պատգամով` աւելցնելով, որ նաեւ կան դէպքեր, որոնք չեն պատկանիր միայն իրենց ժամանակին կամ միջավայրին, այլ իրենց արի կեցուածքով կը դառնան պատգամ` դարերէն եկող ու դարեր գացող: «Այսպէս եղաւ 451 թուականին Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած ճակատամարտը: Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաները եւ Վարդան Մամիկոնեանները մեր պատմութեան բոլոր դարերուն մեր կեանքը լեցուցին իրենց հաւատքի քաջութեամբ, իրենց արի կեցուածքով», հաստատեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով, որ այսօր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ամէն տեղ դարձեալ կը հնչեն ու միշտ պէտք է հնչեն Աւարայրի ճակատամարտէն եկող հետեւեալ պարզ, սակայն խորիմաստ բառերը. «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել»: Այսպէս ըսին Ղեւոնդեանք ու Վարդանանք: Այսպէս ըսին միասնաբար, քաջաբար եւ իրենց հաւատքի կեցուածքով գացին Աւարայրի դաշտ, իմացեալ մահով անմահութիւն կերտեցին ու մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն Վարդաններ եւ Ղեւոնդներ իրենց հաւատքի կեցուածքով կեանք տուին մեր ժողովուրդին:
«Աւարայրը իր խորհուրդով ու պատգամով չմնաց միայն Աւարայրի դաշտին վրայ 451 թուականի ժամանակագրական շրջագիծին մէջ պարփակուած, այլեւ իր հաւատքով, պատգամով, մարտահրաւէրով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ դարձաւ մնայուն ներկայութիւն Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա, Կիլիկիայէն մինչեւ սփիւռք», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս եւ շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ թափանցած հաւատքի կենդանի ներկայութեամբ, Հայաստանի պետութեան անկախութեան վերականգնումով, հայ ժողովուրդը մտաւ ինքնահաստատման, ինքնակերտման, ինքնորոշման հաւաքական ընթացքի մէջ: Մեր պետութիւնը դարձաւ ամբողջական իմաստով ազգային պետութիւն, իր մարդակազմակերպչական ինքնութեամբ, իր հոգեւոր կեանքով, իր մշակոյթով, իր ազգային ինքնութեամբ:
Վեհափառ հայրապետը նկատել տուաւ, որ պէտք չէ սովորական իմաստով հասկնանք Աւարայրի ճակատամարտը եւ անոր իմաստը հայ ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ կեանքի շրջագիծին մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոս հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք իրենց արիւնը գիտակցաբար թափեցին Աւարայրի դաշտին մէջ եւ պատասխանը խտացուց հետեւեալ երեք կէտերուն մէջ. ա) Քրիստոնէական հաւատքը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սոսկ զգացական վիճակ մը չէ, աստուածաբանական յղացք մը չէ, տեսական երեւոյթ մը չէ, այլ` սերտօրէն շաղախուած է մեր ժողովուրդի կեանքին հետ, հետեւաբար որեւէ հարուած քրիստոնէական հաւատքին, հարուած մըն է մեր ժողովուրդին: բ) Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակուած քրիստոնէութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքի լուսանցքին վրայ չէր գտնուեր: Ազգ եւ հաւատք, հաւատք ու մշակոյթ իրարու հետ սերտօրէն շաղախուած էին եւ կարելի չէր զատել ազգ, հաւատք, մշակոյթ եւ եկեղեցի: գ) Պետական կրօն հռչակուած քրիստոնէութիւնը սերտօրէն շաղախուած էր պետականութեան հետ եւ որեւէ հարուած քրիստոնէական հաւատքին` հարուած մըն էր Հայաստանի պետականութեան: «Այս պատճառով ալ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ քրիստոնէական հաւատքը քանդելու փորձ կը կատարուէր», շեշտեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, մեր նախարարներն ու իշխանները միասնաբար ուղղուեցան Աւարայրի դաշտ` վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց:
Անդրադառնալով Վարդանանց մեզի փոխանցած պատգամին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ նախ եւ առաջ անոնք հայ եկեղեցւոյ կապակցութեամբ մեր հոգեւորականներուն կը յորդորեն հեռու մնալու նիւթէն, փառքէն ու հաճոյքէն եւ իրենց կոչումը օգտագործելու ժողովուրդի կեանքին մէջ` Վարդանանց օրինակով, իսկ հայ ժողովուրդի զաւակներուն կը յիշեցնեն, որ պէտք է հաւատարիմ մնալ մեր քրիստոնէական հաւատքին, մեր ազգի պահանջատիրութեան, որովհետեւ հաւատքը մեզի համար միայն կրօնական իմաստ չունի, այլեւ` այդ հաւատքին մէջ կայ մեր ազգը, մեր մշակոյթը, մեր հոգին, մեր լինելութիւնը, մեր ձգտումները, մեր պահանջատիրութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ցաւով յայտնեց, որ նահանջ կայ մեր կեանքին մէջ բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: «Նահանջ կայ քրիստոնէական հաւատքի իմաստով, բարոյական, հոգեւոր, ազգային արժէքներու հաւատարմութեան իմաստով», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս` յորդորելով ներկաները հաւատարիմ մնալու Աւարայրի ճակատամարտի պատգամին եւ միասնաբար նոյն ոգիով, նոյն գիտակցութեամբ, նոյն քաջութեամբ գործնապէս ըսելու` «այս հաւատքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել»:
«Ղարաբաղի անկախութենէն, Հայաստանի հզօրացումէն, մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջէն, մեր ինքնութեան պաշտպանութենէն ո՛չ ոք կրնայ մեզ խախտել», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ եզրափակելով իր պատգամը` կոչ ուղղեց ներկաներուն հաւատարիմ մնալու Վարդանանց հոգիին, մեր հաւաքական քաջ կեցուածքին ու սրբազան կտակին եւ վերանորոգելու իրենց հաւատքն ու շարունակելու աւարայրեան այն պատերազմը, որ սկսաւ 451 թուականին, շարունակուեցաւ մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ այսօր եւս կը շարունակուի:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ Ազգային աաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, նախկին նախարար Արթիւր Նազարեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու թաղականութեանց, ինչպէս նաեւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, բարերարներու եւ բարեկամներու:
Սիրոյ սեղանին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յովիկ Պիլեմճեան, որ իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետի այցելութեան առիթով:
Ապա Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան ելոյթ ունենալով նկատել տուաւ, որ կը գտնուինք շրջանի մը մէջ, որ յատուկ նշանակութիւն եւ առաքելութիւն ունի լիբանանահայութեան ընդհանուր աշխատանքներուն եւ առաքելութեան իրականացման հոլովոյթին մէջ: «Այս թաղամասը սովորական թաղամաս մը չէ: Ազգային առաջնորդարանի կողքին այս թաղամասին մէջ կը գործէ գաղութի ամբողջ մեքենան` մշակութային, մամուլի, ձայնասփիւռի կայանի, հրատարակչական, ինչպէս նաեւ ասոնց հովանաւոր ՀՅԴ-ի կեդրոնատեղին», հաստատեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ մենք այսօր այս շրջանին կը նայինք նոր յոյսերով եւ համոզումներով բեղմնաւորուած, որովհետեւ այն ինչ որ կ՛իրագործուի եւ պիտի իրագործուի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ` իբրեւ բնակարանային ծրագիր, յաւելեալ փաստ մըն է, որ այս շրջանը մօտիկ ապագային մեր գաղութի կեանքին մէջ պիտի ունենայ վճռորոշ դերակատարութիւն: Ան գնահատեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան տարած աշխատանքը եւ եզրափակելով իր խօսքը մաղթեց, որ Վարդանանց ոգիով շարունակենք մեր պայքարը, որպէսզի ապրի՛ լիբանանահայութիւնը, մնա՛յ լիբանանահայութեան համահայկական դերակատարութիւնը, լիբանանահայութիւնը սփիւռքեան եւ հայաստանեան կեանքին մէջ շարունակէ՛ ունենալ իր վճռորոշ դերակատարութիւնը` շնորհիւ մեզի եւ գալիք սերունդներուն:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ելոյթ ունենալով նկատել տուաւ, որ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ Վարդան Մամիկոնեան կրօնական սուրբ մը ըլլալէ աւելի ազգային նկարագիր ունեցող սուրբ է` աւելցնելով, որ սուրբերը ընդհանրապէս սուրբ կ՛ըլլան իրենց հրաշքներով, սակայն Վարդան Մամիկոնեան հրաշք չգործեց` հրաշքի պարզ հասկացողութեամբ, սակայն անոր գործած հրաշքը հրաշքներու հրաշքն էր, որովհետեւ երբ ինք 1036 նահատակներով Վարդանանց ճակատամարտին զինուորական գետնի վրայ պարտուած դուրս եկաւ` մեր ժողովուրդը յաղթեց: «Փաստօրէն Սասանեանները այսօր գոյութիւն չունին, բայց հայութիւնը գոյութիւն ունի: Հայը` իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, գոյութիւն ունի, հայը` իբրեւ ազատ եւ անկախ Հայաստան, գոյութիւն ունի, հայը` ջարդուած` բայց պահանջատէր գոյութիւն ունի», հաստատեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ Վարդան կրցաւ քրիստոնէական աւանդը միացնել մեր ազգային պատկանելիութեան եւ հիմնական հրաշքը, որ գործեց եւ անոր համար նահատակուեցաւ, մեր ժողովուրդի ինքնութեան եւ արժանապատուութեան պահպանումն էր:
Շարունակելով իր խօսքը` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ մենք Աւարայրի պատերազմի առաջին խրամներէն մէկն ենք եւ ամբողջ հարիւր տարի այդ ճակատը ամուր եւ կարծր պահած ենք: «Եթէ մենք այսօր Լիբանանի մէջ որոշենք շարունակել աւանդը մեր նախնիներուն, որոնք իրենց ճակատը բարձր պահեցին եւ կորովով պահպանեցին, մեր նուազագոյն պարտականութիւնն է շարունակել ճակատի պահպանման գործը», շեշտեց Բագրատունի նկատել տալով, որ ասիկա միայն խօսելով չ՛ըլլար, բայց երբ գործը միանայ խօսքին, այն ատեն իրաւամբ արժանի կ՛ըլլանք ըսելու, որ ասիկա մենք Վարդան Մամիկոնեանի ժառանգորդները ըլլալու պատիւը ունինք: Անդրադառնալով Պուրճ Համուտը հայ պահելու կոչին` Բագրատունի ըսաւ, որ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն շրջանին մէջ պիտի բարձրանան աւելի քան 200 յարկաբաժիններ, որպէսզի հայ երիտասարդները իրենց ընտանիքները կազմեն այս շրջանին մէջ` աւելցնելով, որ այս ճակատը բարձր եւ պատուով մնալու համար նաեւ կը կառուցուի Ազգային միացեալ վարժարանը, որպէսզի մեր զաւակները հայկական դպրոց յաճախեն, որպէսզի օտար դպրոց չերթան` եւ մոռնան, թէ ի՛նչ է Վարդանանցը:
«Վստահ եղէք, որ մեր ճակատը բարձր պիտի պահենք, որովհետեւ կը հաւատանք մեր խօսքի ուժին», հաստատեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ մօտ օրէն պիտի հաստատուի Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ընկերութիւնը, որ պիտի վերաշինէ Պուրճ Համուտը եւ առաջքը առնէ հայերու կողմէ ոչ հայերու` յարկաբաժիններու եւ հաստատութիւններու վաճառքին, ինչ որ դուրս պիտի բերէ Պուրճ Համուտը տակաւին յամեցող խրճիթներու վիճակէն, որպէսզի Պուրճ Համուտը իսկապէս վերածուի հայատրոփ հայութեան մայրաքաղաքի եւ բոլորս հպարտօրէն ըսենք կ՛ապրինք Պուրճ Համուտի մէջ:
Յ. Բագրատունի, անգամ մը եւս թուելով ՀՅԴ-ի 126-ամեակին առիթով յայտարարուած չորս ֆոնտերը յայտնեց որ այս ֆոնտերը, պիտի սկսին գործել 1 մայիսէն սկսեալ` աւելցնելով, որ անոնք, որոնք թերահաւատ են եւ կ՛ըսեն, թէ այս ֆոնտերը խօսք են միայն, յուսախաբ պիտի ըլլան: «Այս ֆոնտերը իրականութիւն են, այս ֆոնտերը համոզումի արդիւնք են, այս ֆոնտերը ինքնութեան պահպանման համար են, այս ֆոնտերը մեր ժողովուրդի քաջութիւնը եւ խոր ծերութիւնը ապահովելու համար են», հաստատեց Բագրատունի` շեշտելով, որ այնքան ատեն որ Հայաստանէն դուրս ենք, պիտի մնանք Լիբանանի մէջ` կոչ ուղղելով սուրիահայերուն մնալու Լիբանանի մէջ, ուր կրնանք բաժնեկցիլ իրենց դժուարութիւնները, որովհետեւ մենք եւս ապրած ենք գաղթականութիւն Լիբանանի մէջ, իսկ եթէ անպայման պիտի գաղթեն, իրենց հայեացքը պէտք է ըլլայ մէկ ուղղութեամբ միայն, Հայաստան: Եզրափակելով իր խօսքը` ան վստահեցուց, որ յառաջիկայ Վարդանանցին վերոյիշեալ խոստումներուն կարեւոր մէկ բաժինը իրականութիւն դարձած պիտի ըլլայ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց Վարդանանց հանդիսաւոր տօնակատարութեան համար` նկատել տալով, որ հայոց պատմութիւնը փառաւոր է, որ Ե. դարուն պատահած դէպք մը այսօր մեզ կը հրաւիրէ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ յարկին տակ, որպէսզի մեր անցեալը վերյիշելով մենք ապագային համար նոր ուժ եւ նոր խանդավառութիւն գտնենք: Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած մարմինները: Ան յայտնեց, որ մենք զաւակներն ենք ժողովուրդի մը, որուն ամբողջ պատմութիւնը Հայաստանի սիրով մղուած հաւատքի պատերազմ է` աւելցնելով, որ անցեալին եւ ներկայիս նոյն ընթացքով հայ ժողովուրդը իր գոյութիւնը կը պահէ: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մենք մեր կարգին` իբրեւ ժառանգորդները Վարդանանց ոգիին, պարտինք աւելի յաճախականութեամբ նայիլ մեր պատմութեան, պարտինք սրբութիւններուն հետ աւելի մեծ սրբութեան հասնիլ, որպէսզի սրբութիւն բերենք մեր կեանքին, նաեւ նոր հաւատք եւ ոգեւորութիւն մեր համայնական կեանքին:
«Կասկած չկայ, որ սփիւռքեան այս դաժան կեանքի պայմաններուն մէջ մեր ցեղային առաքինութիւններէն որոշ բաներ կորսնցուցած ենք, սակայն այն ինչ որ պահուած է` գուրգուրանքով պահենք, հայոց պատմութեան յարատեւութիւնը ապահովենք մեր սեփական հաւատարմութեամբ», հաստատեց սրբազան հայրը` շեշտելով, որ մեր նախնիները իրենց կեանքը զոհեցին Հայաստանի եւ մեր քրիստոնէական հաւատքին ի խնդիր, եւ յորդորեց ներկաները կեանքի դժուարութեանց դիմաց տեղի չտալու, այլ Վարդանանց հոգիով դիմագրաւելու կեանքէն եկող ամէն տեսակի այլախոհ մտածողութեանց եւ դժուարութիւններուն, որպէսզի յաղթական դուրս գան: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց ներկայ պայմաններուն մէջ մեր հայեացքը ուղղելու դէպի Հայաստան, դէպի բնօրրանը հայ ժողովուրդին, որպէսզի մեր առօրեային համար կարենանք գտնել յարատեւութեան կամք եւ ներշնչում` հաստատելով, որ մեր պատմութեան մեծերը մեզ կրնան ներշնչել այն ոգիով, որով մեր նախնիները իրենց կեանքը վարեցին:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեան ամոլը, ինչպէս նաեւ դպրաց դասի անդամներէն Մարօ Սարգիսեան (ասմունք), Յովիկ Թաֆրանեան (երգ) եւ Անայիս Կէտիկեան (երգ):