Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան – Վլատիմիր Փութին Հանդիպումի Նախապատրաստական Աշխատանքներ

Փետրուար 23, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հերթական հանդիպումը նախապատրաստական փուլի մէջ է: Մոսկուայի մէջ այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններու աւարտին: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետիամաքս»:

«Այս պահուն բանակացութիւններ կ՛ընթանան Հայաստանի նախագահի` Ռուսիա պաշտօնական այց կատարելու վերաբերեալ», ըսած է ան:

Լաւրով. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի
Ձեւաչափին Այլընտրանքը Չկայ»

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակին, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ:

Հանդիպումի աւարտին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց. «Եթէ մենք իսկապէս յանձնառու ենք փոխադարձ ընդունելի լուծում փնտռելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ սկզբունքային համաձայնութիւններուն, ուրեմն համոզուած եմ, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքի ներկայ ձեւաչափը այլընտրանք չունի»:

Ըստ Լաւրովի, համանախագահներու եռեակի առաջատար դերի օգտին բազմաթիւ անգամ հանդէս եկած են թէ՛ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահները, թէ՛ ալ ԵԱՀԿ-ի բոլոր անդամները: «Համանախագահները անգործութեան մատնուած չեն: Ես չեմ կրնար այդպէս որակել այն, ինչ որ ներկայիս այդ եռեակի ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ: Համանախագահները իրենց եռակողմանի փաստաթուղթերու հիման վրայ, որոնք պարբերաբար տարածուած են իբրեւ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական փաստաթուղթեր, արտայայտուած են բանակցային հոլովոյթի արագացման եւ աշխուժացման օգտին: Վերջին անգամ նման փաստաթուղթը ընդունուած է բառացիօրէն վերջերս` անվտանգութեան հարցերով Միւնիխի խորհրդաժողովի ծիրին մէջ: Այդ փաստաթուղթերը բաց են եւ առանց երկիմաստութեան կը խօսին այդ ձեւաչափով եւ այդ սկզբունքներուն համահունչ աշխատելու անհրաժեշտութեան մասին, որոնց շուրջ համանախագահներու աջակցութեամբ կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են», ըսաւ Լաւրով:

«Ռուսիան հանդէս կու գայ այդ հակամարտութեան փոխադարձ ընդունելի լուծման փնտռտուքը շարունակելու օգտին` այն փաստաթուղթերու հիման վրայ, որոնք վերջին տարիներուն ստորագրուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ», ըսած է Լաւրով:

«Ընդհանուր առմամբ, ես վստահ եմ, որ բանակցութիւնները պիտի նպաստեն մեր բարեկամական դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման», աւելցուց ան:

Նախորդը

Աւարտին Հասաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Շրջանային Խորհրդաժողովը

Յաջորդը

Խմբագրական. Պատերազմներու Փոխանցած Դասերը (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?