Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ Եւրոպացիներու` Արցախ Այցելութիւնը Ապահովելու Ուղղութեամբ

Փետրուար 25, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատիլ Եւրոպացի գործիչներու` Արցախ այցելութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Կարապետեանի համաձայն, Ազրպէյճանը Լափշինի դէպքով կը փորձէր խաթարել այդ հոլովոյթը, սակայն տեսաւ, որ անիկա ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ:

«Լափշինի դէպքը ազդեցութիւն չունեցաւ, այդ պատճառով ալ Ազրպէյճանը խօսեցաւ Արցախ այցելած եւրոպացի երեսփոխաններու  նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարելու մասին: Իրականութիւնը այն է, որ եւրոպացի երեսփոխանները եկած են, կու գան եւ պիտի շարունակեն գալ Արցախ: Այդ մասին իրենք նոյնպէս յայտարարած են», ըսաւ Գասպար Կարապետեան:

Անոր խօսքով, ընթացիկ տարուան մէջ նոյնպէս պիտի ըլլայ եւրոպացի գործիչներու պատուիրակութիւններու այցելութիւնը Արցախ: Եւրոպացի գործիչները պէտք է անձամբ տեղւոյն վրայ հասկնան խնդիրը:

«Տարիներ շարունակ Արցախի հարցը եւրոպացի գործիչները կ՛ընկալէին այսպէս` պատերազմ, տարածքի խնդիր: Վերջին տարիներուն զգալի աշխատանքի շնորհիւ իրողութիւնը փոխուած է, հասարակութեան տարբեր շերտերու կը հասնի Արցախի իրական խնդիրը: Ասկէ բացի, եւրոպացի գործիչները, անձամբ այցելելով Արցախ, կարելիութիւն կ՛ունենան տեղւոյն վրայ յարաբերելու բնակիչներուն հետ, հասկնալու, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը պատկերացնեն իրենց ապագան», աւելցուց Գասպար Կարապետեան:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը նախատեսէ ընթացիկ տարուան մէջ աշխուժացնել աշխատանքը Եւրոպայի զբօսաշրջային կազմակերպութիւններուն հետ: Նպատակն է աշխուժացնել եւրոպացի զբօսաշրջիկներու Արցախ այցելութիւնը:

«Յառաջիկային կը նախատեսեմ հանդիպումներ զբօսաշրջութեան մարզի մեծ ընկերութեան հետ: Այդ ընկերութիւնը մեծ թիւով զբօսաշրջային ծրարներ կը վաճառէ: Նախնական պայմանաւորուածութիւն կայ, որ այդ ընկերութեան ներկայացուցիչները այցելեն Հայաստան, Արցախ, գնահատեն զբօսաշրջային կարելիութիւնները», ըսաւ Գասպար Կարապետեան: Ան ընդգծեց, որ Արցախը զբօսաշրջային մեծ կարելիութիւններ ունի, յատկապէս կրօնական շեշտադրումով:

2016-ին Պելճիքայի մէջ կազմակերպուած են ձեռնարկներ, որոնց  ընթացքին ներկայացուած են Արցախի զբօսաշրջային, տնտեսական կարելիութիւնները:

Թուրքիան հետզհետէ միապետական երկիր կը դառնայ, զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան` նշելով, որ Թուրքիան կը հեռանայ Եւրոպայէն:

«Մենք կ՛աշխատինք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, հատուցման հարցը կը բարձրացնենք: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը  ընթացքի մէջ մտած է: Պէտք է հետամուտ ըլլանք, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ ալ տարածուի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցն ու հատուցման հարցը բարձրացուի: Բայց Թուրքիան հետզհետէ աւելի միապետական երկիր կը դառնայ», ըսաւ ան:

Գասպար Կարապետեան նշեց, որ յունիսին եւ հոկտեմբերին կը  նախատեսեն կազմակերպել կլոր սեղան մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցը:

Նախորդը

Ս. Էջմիածինի Մէջ Համաձայնութիւն. Պոլսոյ Պատրիարքի Տեղապահի Ընտրութիւնը` Մինչեւ 15 Մարտ

Յաջորդը

Հեծելարշաւ. ՀՄԸՄ-ական Հեծելանւորդներ Արաբկիրլեան Եւ Քանլեճեան Լիբանանի Ազգային Խումբին Հետ Մեկնեցան Պահրէյն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?