Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւարտին Հասաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Շրջանային Խորհրդաժողովը

February 23, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15-17 փետրուար 2017 թուականին ՀՅԴ «Յոնան Դաւթեան» ուսանողական միութեան հրաւէրով եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հետ համագործակցութեամբ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու տարածաշրջանային խորհրդաժողովը` «Հայ երիտասարդը եւ ապագայի տեսլականը Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով:

Խորհրդաժողովի մասնակիցները ողջունեցին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ թեհրանահայ գաղութի պատասխանատուներէն Հենրիկ Խպոյեան:

Եռօրեայ նիստին ընթացքին ՀՅԴ Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները (Հայաստան, Արցախ, Հարաւային Իրան, Լիբանան, Սուրիա, Քուէյթ) զեկուցեցին իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին: Օրակարգային քննարկման առարկայ դարձան սփիւռքահայ գաղութներուն մէջ հայապահպանութեան խնդիրներուն, համահայկական մտածողութեան հասնելու ուղիներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, արտաքին հիմնախնդիրներուն առնչուող խնդիրներ, նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Հայաստանի զարգացման մէջ սփիւռքահայ երիտասարդներուն դերը:

Խորհրդաժողովին մասնակցողները ունկնդրեցին դասախօսութիւններ Միջին Արեւելքի քաղաքական իրավիճակին եւ հայկական գաղութներուն, Թուրքիոյ, Հայ դատի, Հայաստանի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի զարգացման մէջ Հայաստանի հայ երիտասարդին եւ սփիւռքահայ երիտասարդին դերին մասին:

Երիտասարդները նաեւ կարելիութիւն ունեցան այցելելու Թեհրանի եւ նոր Ջուղայի հայկական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ պատմամշակութային վայրեր:

Խորհրդաժողովին աւարտին բոլոր շրջաններու ներկայացուցիչները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին` ամբողջական կորովով ծառայելու հայ ազգին, հայրենիքին շահերուն, ինչպէս նաեւ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարին:

Նախորդը

Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան – Վլատիմիր Փութին Հանդիպումի Նախապատրաստական Աշխատանքներ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.