Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախը Եւ Ազատագրուած Տարածքները Մեզի Համար Զարգացման Կարելիութիւն Են, Ոչ Թէ Բեռ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

February 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ ՀՅԴ-ի դիրքորոշումին, նշեց, որ իրենք երկրի զարգացումը չեն փորձեր կապել Արցախի հետ:

«Յայտնի թեզ կայ, որ քանի դեռ Արցախի հարցը չէ լուծուած, լաւ չես ապրիր, բնականաբար մենք անոր հակառակ կողմէն կը նայինք: Արցախը եւ ազատագրուած տարածքները մեզի համար զարգացման կարելիութիւն են, ոչ թէ բեռներ են, որոնցմէ պէտք է ազատիլ: Այդ պատճառով մեր կարգախօսն է, որ Հայաստանը պէտք է զարգանայ  առանց ազգային շահերէն զիջելու», ըսաւ ան:

Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Արցախի բանակցային գործընթացին վերաբերեալ յստակ ըսած են, որ պէտք է պաշտպանել այն, ինչ որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իր սահմանադրութեամբ փաստած է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  խաղաղ լուծման հարցով ՀՅԴ-ի մօտեցումները որեւէ ձեւով կը տարբերի՞ն այսօրուան իշխանութեան դիրքորոշումներէն, Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց. «Ղարաբաղի ժողովուրդին մօտեցումը մեզի համար ուղղորդող մօտեցում է: Քանի տակաւին Ղարաբաղի անկախութիւնը չէ ճանչցուած, Ղարաբաղի տարածքային ամբողջականութիւնը չէ վերականգնած, որեւէ զիջման մասին խօսիլ  անիմաստ է, վերջ: Փոխզիջումը այդտեղէն կը սկսի. կարգավիճակ տարածքներու դիմաց հասկացողութիւնը, որ շրջած են, պէտք է վերականգնի, եւ ըստ էութեան այսօրուան իշխանութիւնները ատիկա կը փորձեն վերականգնել: Այսինքն` սկիզբը կարգավիճակ, յետոյ  տարածքներու մասին խօսակցութիւն: Մինչեւ հիմա եղած է հակառակը, որ մեզի համար անընդունելի է»:

Ան նշեց, որ չեն խօսիր որեւէ զիջման մասին, քանի դեռ Ազրպէյճան Ղարաբաղի անկախութիւնը չէ ճանչցած: Արմէն Ռուստամեան նկատել տուաւ, որ Ազրպէյճանը պատրաստ չէ որեւէ ձեւով հարցը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու:

«Ան կը հասկնայ, որ բան չունի բանակցային սեղանին ներկայացնելու, միակ փաստարկը ուժով հարցը լուծելն է, այս է իր մօտեցումը: Ազրպէյճանին ձեռնտու չէ զինադադարի դրութեան պահպանումը, այդ պատճառով բոլոր այն մեքանիզմները, որոնք կոչուած են այդ փաստելու, ան կը հրաժարի անոնցմէ: Այսինքն` ցոյց չի տար, որ պատրաստ է խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով հարցը լուծելու», ըսաւ ան եւ նշեց, որ Ազրպէյճան չի կատարեր նաեւ Մինսքի խմբակի պահանջները:

Ըստ անոր, Մինսքի խմբակի արձագանգը համարժէք չէ Ազրպէյճանի գործողութիւններուն: Ան նաեւ կարծիք յայտնեց, որ պէտք է աւելի հասցէաւորուած` յստակ ըսուի, որ Ազրպէյճան չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները:

 

Նախորդը

Միջազգային Դիտորդներ. «Փոքր Բացթողումները Չեն Ազդեր Հանրաքուէի Արդիւնքներուն Վրայ»

Յաջորդը

Իբրեւ Բողոքի Նշան` Վիեթնամեան Խումբը Իր Բերդին Մէջ Երեք Կոլի Թոյլտուութիւն Տուաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.