Երէկ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ հանդիպումէն ետք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ անդրադարձած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր շրջանակային համաձայնագիրին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան շարք մը այլ մարզերու, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ արցախեան տագնապին:
«Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել Եւրոպական խորհուրդի նախագահ, մեր շատ լաւ բարեկամ Թուսքին` Պրիւքսէլ այցելելու հրաւէրին եւ մեր հանգամանալից անկեղծ զրոյցին համար», իր խօսքը այսպէս սկսաւ նախագահ Սարգսեանն ու շարունակեց`
«Այսօրուան մեր հանդիպումին կեդրոնական նիւթը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր շրջանակային համաձայնագիրն էր: Այսօր ես գոհունակութեամբ կրնամ ըսել, որ կողմերը աւարտած են բանակցութիւնները: Նոր իրաւական փաստաթուղթը համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր է, որ կ՛արտայայտէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու իրական ընդգրկումն ու խորութիւնը:
Միաժամանակ, պէտք է նշել, որ շրջանակային համաձայնագիրէն զատ, մենք զգալի յառաջընթաց արձանագրած ենք ոլորտային համագործակցութեան առումով` ստորագրելով փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու եւ նորարարութեան «Հորիզոն 20-20» ծրագիրը: Յառաջիկային յաջողութեամբ կ՛աւարտենք նաեւ ընդհանուր օդանաւորդական գօտիի համաձայնագիրին եւ «Ստեղծագործ Եւրոպա» նախաձեռնութեան միանալու աշխատանքները: Ընդհանուր առմամբ, նախորդ երկու տարիները Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան տեսանկիւնէն, զգալիօրէն աշխուժացած է քաղաքական երկխօսութիւնը, ընդլայնուած է համագործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ»:
Նախագահ Սարգսեանի համաձայն, Տոնալտ Թուսքի հետ քննարկուած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգի այլ հարցեր, այդ կարգին` շրջանային եւ միջազգային զարգացումները: «Կ՛ակնկալենք, որ յառաջիկային կը սկսի նաեւ Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագիրի ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը, ինչ որ ամրագրուած էր Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի վեհաժողովի միացեալ հռչակագիրին մէջ, եւ կը նպաստէ մեր ժողովուրդներուն միջեւ կապերու ընդլայնման եւ խորացման», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Ինչպէս գիտէք, մեր համագործակցութեան առանցքը Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներն են: Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներուն ընթացքին մշտապէս եղած է մեր կողքին եւ տրամադրած էական ֆինանսական, թեքնիք ու բարոյական աջակցութիւն, որուն արդիւնքը տեսանելի է տարբեր մարզերու մէջ», իր խօսքին մէջ նաեւ նշեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ մէկ ամիս ետք տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն` նախագահ Սարգսեան նշեց, որ անոնք առաջինն են` 2015-ին երկրին մէջ իրականացուած սահմանադրական բարեփոխումներէն ետք: «Պետական կառավարման համակարգի փոփոխութեան մեր տեսլականը մէկ է` վստահօրէն յառաջընթաց քայլ կատարել ժողովրդավարութեան հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ», յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ շարունակեց.
«Այս ընտրութիւնները նախապատրաստելու համար լրջագոյն փոփոխութիւններու ենթարկուած է նաեւ ընտրական համակարգը, բոլոր քաղաքական ուժերու փոխադարձ համաձայնութեան արդիւնքով ընդունուած է նոր Ընտրական օրէնսգիրք, որ ամրապնդած է բաց, թափանցիկ, աւելի արդար ընտրութիւններու կազմակերպման հիմքը: Մեր նպատակն է` կազմակերպել այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք էականօրէն կը բարձրացնեն մեր հասարակութեան վստահութիւնը ընտրական հոլովոյթներուն նկատմամբ: Այդ նպատակով մենք հրաւիրած եւ ողջունած ենք այս ընտրութիւններուն կարելի եղածին չափ մեծաթիւ եւ ներկայացուցչական միջազգային դիտորդական առաքելութեան մասնակցութիւնը, այդ կարգին` Եւրոպական խորհրդարանէն:
Միաժամանակ կը խրախուսենք տեղական դիտորդները, քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները` ըլլալու աշխուժ: Ես պարոն Թուսքին շնորհակալութիւն յայտնեցի այն բանին համար, որ Հայաստանի համար կարեւոր այս փուլին Եւրոպական Միութիւնը մեր կողքին է եւ զգալի միջոցներ կը տրամադրէ Ընտրական օրէնսգիրքի դրոյթներու իրագործման համար: Վստահ եմ, որ այս օժանդակութեամբ մեր համագործակցութեան արդիւնքները տեսանելի կ՛ըլլան բոլորին համար»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, որ Թուսքի հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան տագնապին: «Վերահաստատեցինք, որ անիկա չունի զինուորական լուծում: Որքան ալ հայկական կողմը պատրաստ է խելամիտ փոխզիջումներու, այնուամենայնիւ, այս խնդիրին մէջ ելակէտային է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ազատ կամարտայայտութեամբ իր ապագան որոշելու իրաւունքը:
Այստեղ որեւէ այլ մօտեցում կարելի չէ ունենալ: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ո՛չ միայն հռչակուած է միջազգային հիմնարար փաստաթուղթերու մէջ, այլեւ վաղուց արդէն ճանչցուած եւ ամրագրուած է տագնապներով զբաղող միակ մասնագիտացուած կառոյցի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու բազմաթիւ յայտարարութիւններուն մէջ: Ըսել է թէ` ասիկա ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ միջազգային հանրութեան հաւաքական ընկալումն է հարցին շուրջ: Մենք շնորհակալ ենք խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն վստահելու եւ աջակցելու համար», իր խօսքին մէջ ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան: