Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Համախարբերդի Հայրենակցական Միութիւն. Սուրէն Նազարեանի «Գիրք Երախտիքի» Հատորի Շնորհահանդէսը

Փետրուար 27, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի համախարբերդի հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի ու Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ուրբաթ, 24 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայ վաստակաւոր գործիչ Սուրէն Նազարեանի «Գիրք երախտիքի» հատորին շնորհահանդէսը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի համախարբերդի հայրենակցական միութեան ատենապետ Ռուբէն Մանկասարեան, որ ըսաւ, թէ Սուրէն Նազարեանի հատորին ընդմէջէն կարելի է հաղորդուիլ հայոց պատմութեան կենդանի մէկ շրջանին եւ յայտնաբերել երկու հաւատամքներ` Աստուծոյ խօսքին անխախտ ճշմարտութիւնը եւ հայրենիքին ու հայութեան անժամանցելի սէրն ու կապուածութիւնը: Ան յայտնեց նաեւ, որ Սուրէն Նազարեան կը ներկայացնէ իր ծնողներուն ապրած տառապանքը եւ իր ընտանիքի  ամէն մէկ  անդամին հոգեբանական ազդեցութիւնները: Ան հաստատեց, որ Նազարեանի պատումին մէջ ատելութիւն չկայ, այլ` կեանքի կոչ, հայութեան վերածնունդի եւ վերապրելու կոչ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սուրէն Նազարեանի դուստրը` Հուրի Նազարեան: Ան արտայայտեց իր յուզումնախառն զգացումները եւ հպարտութեան ապրումները` ըլլալու զաւակը այն մեծութեան, որուն անունը ոսկեզօծ գիրերով կը գրուի Հալէպի 100 տարիներու պատմութեան մէջ: Ան ըսաւ, որ իր հօր գիրքին հրատարակութիւնը քաղցր պարտք մը եղած է Նազարեան ընտանիքին համար, ապա կարդաց ընտանիքի անդամներուն սրտի ազնիւ ու հարազատ խօսքերը, որոնք կը կազմեն «Գիրք երախտիքի» հատորին ներածական յառաջաբանը: Խօսքի աւարտին Հուրի Նազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի եւ Բերիոյ թեմերու առաջնորդներուն ներկայութեան, Խարբերդի հայրենակցական միութեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան եւ գիրքը ներկայացնող Սալբի Գասպարեանին:

Գիրքը ներկայացուց Սալբի Գասպարեան: Ան  ըսաւ, որ Սուրէն Նազարեանի «Գիրք երախտիքի» նորատիպ հատորը յուշափաստագրական արժէք կը ներկայացնէ եւ նոր փաստաթուղթ մը կ՛աւելցնէ Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարի բլրակոյտին վրայ: 210 էջերէ բաղկացած գիրքը, որ լոյս տեսած է 2015-ին, Երեւան, «Մուղնի» հրատարակչատունէն, կը դառնայ նաեւ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան եւ հաւաքական ճակատագիրի առանցքային կրկներեւոյթը` ցոլացնելով դաժան ժամանակներու տարագիր հայուն տաժանելի ուղեւորութիւնը ճակատագիրի աշխարհատարած քառուղիներուն վրայ:

Սալբի Գասպարեան նշեց նաեւ, որ շարժապատկերային գրապատկերներով հարուստ հատորին ընդհանուր տրամաբանութիւնը կը խտանայ ժամանակահատուածի մը առանցքային բաւիղներուն մէջ, ուր տարրօրէն կ՛ագուցուին մեր ճակատագիրի ամէնէն դաժան փուլն ու Հալէպը երազային կայք դարձնել միտող յանձնառու սերունդի մը խիզախումներուն առաջին հանգրուանները: Ան դիտել տուաւ, թէ գիրքը կը բաղկանայ չորս մասերէ` իւրաքանչիւրը հեղինակի հօր, մօր, քրոջն ու հօրաքոյրին ոդիսականները խտացնող ենթավերնագիրներով: Ան նշեց նաեւ, թէ Սուրէն Նազարեան «Յաւելուած»-ի ներմուծումով կորուստէ փրկած ու յաւերժացուցած է Ակնայ հարսանեկան հայրեններէն պատառիկներ, երգուած` հայերէնով եւ թրքերէնով:

Սալբի Գասպարեան հաստատեց, որ գիրքի ընթերցումին աւարտէն ետք ալ հերոս տիպարները կը շարունակեն յամենալ ընթերցողի ներաշխարհի հեռուներուն մէջ, եւ ինչպէս անցեալին, այսօր ալ հայակերտումի իրենց պայծառահայեաց ընբռնումներուն թելադրութեամբ կը շարունակեն ըլլալ ուղեցոյց եւ յուշարար մեր գոյապայքարը ազգային գիտակցութեան ուղիներով առաջնորդելու: Ան իր խօսքը եզրափակեց նշելով. «Սուրէն Նազարեանի գիրքը գերազանցապէս մեր «հաւաքական յիշողութիւնը» մշտարթուն պահող կոչնակ է եւ հարազատ ու անխարդախ կրկներեւոյթ արիւնով, արցունքով, մաքառումներով տարագիր արեւմտահայուն, աշխարհի քառուղիներուն վրայ դաջած 100 տարիներու ուղեւորութեան:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Ան իր վկայութեամբ հաստատեց, որ Սուրէն Նազարեան եղած է հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականներէն մէկը, որ շատերու հետ բաժին ունեցած է Հալէպի ազգային-հասարակական կեանքի յառաջընթացին մէջ: Ան յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս Սուրէն Նազարեան մեծ նուիրումով կատարած է գրեթէ կազմալոյծ եղած ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը վերականգնելու ամբողջ աշխատանքը եւ դարձած պատասխանատուն «Հալէպի 8-րդ միաւոր» անուան տակ գործող ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմին, որ գործած է սուրիական սկաուտութեան ծիրին մէջ: Րաֆֆի Կէօվօղլանեան նշեց այն բոլոր պաշտօնները, որոնք տարիներ շարունակ խոնարհաբար ու սիրով տարած է Սուրէն Նազարեան: Իսկ խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ Սուրէն Նազարեանի կեանքին յետադարձ ակնարկ նետելով պարզ ու յստակ կը դառնայ գոյատեւման գաղտնիքը ՀՄԸՄ-ի, որ իր դրօշին տակ հաւաքած է աշխարհի հեռաւոր ծայրամասերը իրենց հայու ճակատագիրով հասած հայորդիները, որոնք «Յառաջ նահատակ» քայլերգէն, շեփորախումբերու երաժշտութեան կշռոյթէն եւ եղբայր Սուրէններու ժառանգէն աւիշ առած` իրենց փառապանծ շքերթը հասցուցած են մինչեւ 100-ամեակ:

Աւետիս եւ Արի Տաքէսեաններ ջութակով եւ կիթառով ներկայացուցին երաժշտական գեղեցիկ կտոր մը:

Խօսք առաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ երբ մեր պատմութեան էջերը կը թերթատենք` ընկրկումի, յուսահատութեան պատկերներու եւ պահերու կողքին կ՛ունենանք հորիզոնը լուսաւորող դէմքեր եւ գործեր, որոնք կու գան կեանք ու շունչ ներշնչելու, ինչպէս` Սուրէն Նազարեանը: Առաջնորդ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս` գիրքերն ու անձերը կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենան ազգային կեանքին մէջ, ապա յայտնեց, թէ Սուրէն Նազարեանի գործը առիթ է եւ օրինակ կը հանդիսանայ նման գործեր նախաձեռնելու համահայկական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ կը մատնանշէ եւ կ՛ուղենշէ հայութեան երթը այսօրուան եւ վաղուան գալիքին համար:

Շահան արք. Սարգիսեան իր խօսքի աւարտին անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի դպրոցներուն մէջ Սուրէն Նազարեանի կատարած անկրկնելի ներդրումին եւ անշահախնդիր ծառայութեան, ազգային կեանքին մէջ նուիրումով, գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ կատարած աշխատանքին, որ ինքնին դասագիրք մը դարձած է իր շրջապատին ու միջավայրին:

Խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, թէ Սուրէն Նազարեանի «Գիրք երախտիքի»-ն պատմութիւնն է գերդաստանի մը ներկայացուցիչներուն ցուցաբերած հաւատարմութեան` հայրենի հողին, հայրենական յիշատակներուն եւ բարքերուն, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ եւ պապերու հաւատքին նկատմամբ: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ ձեռնարկը լաւագոյն առիթն է մեր հայեացքը ուղղելու դէպի անցեալ եւ հաւատարմութեամբ վարուելու անցեալէն եկող բոլոր իրողութիւններուն հետ, որոնք կը կերտեն մեր ազգային կեանքը եւ մեզի հաւատարմութիւն կը պատգամեն: Իր խօսքի աւարտին Շահէ եպս. Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումով ճոխացուցին ձեռնարկը:

Հիւրասիրութեան մը շուրջ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ:

 

Նախորդը

Բուն Բարեկենդանին Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Կիրակնօրեայի Փոքրիկները

Յաջորդը

Բարի Լոյս 29. Յարգա՛նք Ձեզի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?