Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը 7 օգոստոսի երեկոյեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ամերիկայի Ասորի-ամերիկացիներու միութեան եւ Ասորիներու ցեղասպանութեան «Սէյֆօ» ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած միացեալ ոգեկոչման ձեռնարկին, Ասորիներու յիշատակի օրուան առիթով:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Սքաթ Ուիլք, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Սքաթ Շմերլսըն եւ Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Իր ելոյթին մէջ, Յովսէփեան ցաւ յայտնեց, որ մինչ անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը եւ Եւրոպական խորհրդարանը ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործադրուած ոճիրները «ցեղասպանութիւն» որակեցին, անոնք կը մերժեն նոյն որակումը տալ 100 տարի առաջ Թուրքիոյ գործադրած ոճիրներուն` միաժամանակ լուռ մնալով ՏԱՀԵՇ-ի բացայայտօրէն աջակցելու Անգարայի կեցուածքին ի տես:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ մոմավառութեամբ:



