Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ասթանայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Երկուստեք ընդգծուած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտուրը կ՛աճի, եւ երկկողմանի տնտեսական ցուցանիշներուն մէջ առկայ են դրական միտումներ: Հանդիպումին քննարկուած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգի շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Ռուսիոյ վարչապետին` Հայաստան նախատեսուող այցելութեան ժամկէտերը:
Կարէն Կարապետեան Ասթանայի մէջ կը մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին:
Նաեւ Հանդիպում` Պիելոռուսիոյ Վարչապետին Հետ
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ղազախստան կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Ասթանայի մէջ հանդիպում ունեցած է Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Անտրէյ Քոպիաքովի հետ:
Երկու երկիրներու կառավարութիւններուն ղեկավարները քննարկած են հայ-պիելոռուսական տնտեսական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ հետագայ զարգացման հեռանկարները: Անդրադարձ կատարուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցերու: