Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 15 օգոստոսին Շահումեանի շրջանին մէջ դիմաւորած է ոչ պաշտօնական այցելութեամբ Արցախ հասած Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, այնուհետեւ անոնք միասնաբար ծանօթացած են շրջանին մէջ գործող տնտեսական շարք մը նախագիծերու:
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինին հաղորդած տեղեկութիւններով` երկու հանրապետութիւններուն վարչապետները սկիզբը ծանօթացած են Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շինարարական աշխատանքներուն` կարեւոր նկատելով այդ ճամբուն նշանակութիւնը` թէ՛ ռազմավարական եւ թէ՛ յարակից շրջաններու հասարակական-տնտեսական զարգացման տեսանկիւններէն:
Վարչապետները, այնուհետեւ, մասնակցած են Քարվաճառ քաղաքի մերձակայքը հիմնուող ջուրի գործարանի հիմնարկէքին: «Ասիկա պատմական պահ է, քանի որ Շահումեանի շրջանին համար աննախադէպ չափերու գործարանի հիմք կը դնենք: Այս նախագիծը կ՛իրագործուի օտար ներդրումով` նպատակ ունենալով մեծ ծաւալներով արտահանել Քարվաճառի ջուրը: Անիկա նշանակալի ազդեցութիւն պիտի ձգէ շրջանի հասարակական-տնտեսական զարգացման վրայ, քանի որ, ըստ նախագիծին, սկզբնական փուլին գործարանը պիտի ապահովէ շուրջ 50 աշխատատեղ` խթանելով նաեւ շրջակայ տարածքներու ենթակառոյցներուն զարգացումը: Ուստի, կառավարութիւնը պատրաստակամ է ըստ կարելւոյն աջակցելու այս ծրագիրի կեանքի կոչման», նշած է վարչապետ Յարութիւնեան:
Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու կառավարութիւններուն ղեկավարները նաեւ այցելած են Լեւ գետին վրայ կառուցուող «Լեւ-1» եւ Թարթառ գետին վրայ գործող «Ջերմաջուր» ջրելեկտրակայաններ, ծանօթացած անոնց արտադրական կարելիութիւններուն: Ա. Յարութիւնեան նշած է, որ վերջին տարիներուն կառուցուած ջրելեկտրակայաններուն շնորհիւ` Արցախը դարձած է ելեկտրականութեան սպառման առումով ինքնաբաւ, ինչպէս նաեւ բացուած են հարիւրաւոր նոր աշխատատեղեր: