9 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Մարտունիի շրջանի Սօս համայնքի Հայկ Յակոբեանի անունը կրող դպրոցի նոր շէնքի եւ մարզադահլիճի բացման արարողութիւնը: Նոր շէնքի կառուցումը ֆինանսաւորուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ:
Հայկ Յակոբեանի անունը կրող դպրոցի նոր շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ պետական անձեր, ինչպէս նաեւ Մարտունիի շրջանի մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուած պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական յանձնախումբի տնօրէն Սարգիս Քոթանճեան, աշխարհի տարբեր վայրերէն Արցախ հասած բարերարներ եւ այլ հրաւիրեալներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սօս համայնքի ղեկավար Յունան Գրիգորեան: Համայնքի ղեկավարին համաձայն, դպրոցի նախկին շէնքը անշուք ու վթարային վիճակի մէջ էր եւ այլեւս պիտանի չէր շահագործման: Գիւղին համար առաջնային խնդիր դարձած էր դպրոցի յարմարաւէտ շէնքի մը կառուցումը:
Ելոյթով հանդէս եկաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան: Ներկայացնելով մինչ այդ Սօս համայնքին եւ ընդհանրապէս Արցախի մէջ իրականացուող աշխատանքները, ան յոյս յայտնեց, որ կատարուած աշխատանքները նպաստեն բնակչութեան թիւի աճին, յատկապէս գիւղական համայնքներուն մէջ:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական յանձնախումբի տնօրէն Սարգիս Քոթանջեան. «Դպրոցի բացումը նոր շունչ հաղորդեց գիւղին: Այսօր ունինք մօտ 60 բարերարներ Միացեալ Նահանգներու բոլոր ծայրերէն: Անոնց շնորհիւ է, որ իրականացաւ Սօս համայնքի դպրոցի կառուցումը»:
Շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան Մարտունիի վարչակազմի ղեկավար Կարօ Թովմասեան եւ դպրոցի տնօրէն Մանուշակ Վանեան:
Սօս համայնքին անունով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական յանձնախումբի տնօրէն Սարգիս Քոթանջեանին շնորհուեցաւ Սօս համայնքի պատուոյ քաղաքացիի կոչումը:
Դպրոցի պաշտօնական բացման արարողութենէն ետք ձեռնարկին մասնակցած դաշնակցական պատգամաւորներ Դաւիթ Իշխանեան եւ Ալեոշա Գաբրիէլեան, ինչպէս նաեւ խումբ մը ընկերներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին դաշնակցական ընկեր Հայկ Յակոբեանի շիրիմին:
Նշենք, թէ Հայկ Յակոբեան մասնակցած է Մանաշիտի, Բուզլուխի, Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի գործողութիւններուն: 1989-էն մինչեւ 1994 մասնակցած է Ամարասի ինքնապաշտպանութեան, Աղտամի եւ Ֆիզուլիի շրջաններու շարք մը գիւղերու ազատագրման: Զոհուած է Եղլաւէնդի մէջ` ականի պայթումէ: