Երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Միխեիլ Ճանելիծէն:
Զրուցակիցները անդրադարձած են տարբեր մարզերու մէջ հայ-վրացական փոխադարձ գործակցութեան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած ծրագիրներուն` այդ շրջագիծին մէջ քննարկելով բարձր մակարդակով ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը:
Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է յաճախակի փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, անոր համոզումով, լաւ առիթներ են քննարկելու համագործակցութեան ընթացիկ վիճակն ու անդրադառնալու յարաբերութիւններու խորացման նոր կարելիութիւններուն:
Փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Միխեիլ Ճանելիծէ հանդիպումին սկիզբը երախտագիտութիւն յայտնած է բարեկամ Հայաստանին` Բորժոմիի մէջ բռնկած անտառային հրդեհի մարման գործին մէջ ցուցաբերած զգալի աջակցութեան համար:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Միխեիլ Ճանելիծէ երկկողմանի յարաբերութիւններէ բացի քննարկած են միջազգային կառոյցներու մէջ հայ-վրացական փոխադարձ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափով յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանային եւ միջազգային արդի խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ, անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին:


