Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցած Է Նախագահ Բակօ Սահակեանի Երդման Արարողութիւնը

September 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած յատուկ նիստ` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի ստանձնումին:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երդման համար Ազգային ժողովի դահլիճ բերուած է Արցախի Սահմանադրութիւնը եւ 17-րդ դարու Աւետարան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար, երդման իր խօսքին մէջ, Բակօ Սահակեան ըսած է. «Ստանձնելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` կ՛երդնում անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները, յարգել մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը` ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովուրդին»:

Երդմնակալութեան արարողութեան օրհնութեան կարգ կատարած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, այնուհետեւ` շնորհաւորանքի խօսք յղած Բակօ Սահակեանին:

Երդման հանդիսաւոր խօսքէն ետք, Բ. Սահակեան խորհրդարանին մէջ հանդէս եկած է ելոյթով, որուն ընթացքին մասնաւորապէս ըսած է, որ 19 յուլիսին Ազգային ժողովին կողմէ հրաւիրուած յատուկ նիստին ժամանակ ինք ելոյթ ունեցած է` իբրեւ նախագահի թեկնածու, ուր ներկայացուցած է իր եւ իր թեկնածութիւնը պաշտպանած քաղաքական ուժերուն տեսակէտները, մօտեցումները` Արցախի անվտանգութեան ապահովման, քաղաքացիներու բարեկեցութեան աստիճանի բարձրացման առնչութեամբ:

«Այդ ելոյթին մէջ մանրամասն անդրադարձած եմ բանակաշինութեան, մեր զինուած ուժերու մարտական ոգիի եւ պատրաստուածութեան հետեւողական բարձրացման, զինուորներու հասարակական խնդիրներու լուծման: Յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած եմ ժողովրդավարական հոլովոյթներու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած մեր կողմէ ապագային իրականացուելիք աշխատանքները: Մատնանշած եմ այն աշխատանքները, որոնք մենք ձեզի հետ միասին պէտք է իրականացնենք տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն` ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, քաղաքաշինութեան մարզերուն մէջ: Ներկայացուցած եմ, թէ ապագային ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ պետութեան քաղաքականութիւնը: Նշած եմ մեր երկրին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կրթական համակարգի, մշակութային ոլորտի, զբօսաշրջութեան, մարմնակրթութեան, ժամանակակից արհեստագիտութիւններու զարգացման եւ հասարակական կեանքի ձեւաւորման ուղղուած քայլերը: Այսօր ձեր ներկայութեամբ ես կ՛ուզեմ համոզում յայտնել, որ մենք ձեզի հետ միասին ունակ ենք գիտակցուած, հետեւողական աշխատանքներ իրականացնելու` նշուած ծրագիրները եւ առաջադրանքները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ», ըսած է Բակօ Սահակեան:

Իսկ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ըսած է, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ իր պաշտօնին ստանձնումը իւրատեսակ ամփոփումն է այն հոլովոյթներուն, որոնք սկիզբ առած են Արցախի նոր Սահմանադրութեան ընդունումով:

«Այսօրուան հանդիսաւոր ձեռնարկով միաժամանակ քաղաքական նոր փուլի սկիզբ կը տրուի մեր երկրին մէջ, որուն գլխաւոր նպատակը պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է` առկայ իրողութիւններու հաշուառումով», նշած է Ա. Ղուլեան:

Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ներկայ եղած է Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան անդամներ, պետական այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, արցախեան շարժման մասնակիցներ, հանրային գործիչներ:

 

Նախորդը

Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ Կեդրոնի Բացման Արարողութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանը Սփյուռք չէ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.