Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրանդ Մարգարեան. «Ինչքանո՞վ Մենք Գործադիրին Մէջ Ներկայացուած Ենք Իբրեւ Դաշնակցութիւն»

November 3, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք, 31 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հերթական միացեալ ընդլայնուած նիստը: Անդրադարձ կատարուեցաւ կուսակցութեան կազմակերպական վիճակին եւ ընելիքներուն, քննարկուեցաւ երկրին մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական ընդհանուր իրավիճակը, Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը: Ներկայացուեցան քաղաքական համախմբական դաշինքի շրջանակներուն մէջ ստանձնուած բնագաւառներուն մէջ առկայ հիմնախնդիրներն ու ընթացող բարեփոխումները:

Հանդէս գալով բացման խօսքով` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ կարեւոր է անդրադառնալ` արդեօք մաս կազմելով Հայաստանի պետական կառավարման գործին, կ՛իրականացուի՞ն Դաշնակցութեան առաջադրած նպատակներն ու խնդիրները, քաղաքական համագործակցութիւնն ու յանձն առած պատասխանատուութիւնը, կ՛ապահովուի՞ երկրի զարգացման դրական ընթացքը:

«Ես կ՛ուզեմ, որ մենք միմեանց նկատմամբ ըլլանք չափազանց յարգալից, չափազանց հաւատարիմ, բայց անխնայ: Անխնայ, երբ հարցը կը վերաբերի աշխատանքին, ազգային եւ կուսակցական շահին», ըսաւ Հրանդ Մարգարեան: Իշխանութեան հետ քաղաքական համախմբական դաշինք կազմելը Դաշնակցութեան համար ինքնանպատակ չէ եղած: Երկրի ընկերային-տնտեսական, քաղաքական, կրթական եւ հասարակական կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւններու, ընկերային արդարութեան հաստատման համար ՀՅ Դաշնակցութիւնը պետական կառավարման համակարգին մէջ է:

«Այս ժողովի նպատակը այն է, որ տեսնենք, թէ ինչքանո՛վ մենք ինքնուրոյն ներկայութիւն ունինք, ինչքանո՛վ մենք ներկայ ենք իբրեւ Դաշնակցութիւն, ինչքանո՛վ մեր օրակարգերով ներկայութիւն ենք գործադիր իշխանութեան մէջ, եւ այն նպատակները, որ մենք դրած ենք գործադիրին մաս կազմելով, կը յաջողցնե՞նք զանոնք, կ՛իրագործուի՞ն, թէ՞ չեն իրագործուիր», ըսաւ Հրանդ Մարգարեան: Բոլոր հարցերն ալ կարեւոր են, սակայն Հրանդ Մարգարեան առանձնացուց ամէնէն կարեւոր հարցը, որ Դաշնակցութեան համար ե՛ւ սկզբունք է, ե՛ւ առաջնային խնդիր. ընկերային արդարութեան հաստատումը: Հակառակ որոշ դրական տեղաշարժերու եւ արդիւնքներու, երկրին մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական վիճակը տակաւին բեկումնային փոփոխութիւններու չէ ենթարկուած:

Հրանդ Մարգարեան հաստատեց. «Երկրին մէջ համատարած թանկացումներ կան: Մեր խնդիրը պէտք է ըլլայ, որ ընկերային գետնի վրայ անապահով շերտերը կարենանք ապահովագրել այս թանկացումներէն: Բոլոր ոլորտներուն մէջ ասիկա պէտք է ըլլայ մեր խնդիրը, որ ընկերային մակարդակի վրայ անապահով շերտերը պէտք է թանկացումներու այս երեւոյթին դէմ յանդիման չանճրկին: Որովհետեւ ժողովուրդի իրական շահերու պաշտպանի առաքելութիւնը մերն է համախմբական կառավարութեան մէջ»:

 

Նախորդը

Վարչապետ Կարապետեան. «Ես Եւ Հրանդ Մարգարեանը Տարբեր Բաներ Չենք Ըսած»

Յաջորդը

«Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» Համաժողովը Առաջնահերթ Նկատեց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.