Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիել»-ի Մէջ. Կլոր Սեղան` «Les Arméniens Du Liban.Cent Ans De Présence» Խորագրեալ Գիրքին Մասին

November 13, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի ֆրանսախօս գիրքի տօնավաճառի շրջագիծին մէջ, ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին,  «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը վերջերս լոյս տեսած “Les Armeniens du Liban. Cent ans de presence” գիրքին մասին` մասնակցութեամբ Լեւոն Նորտիկեանի, Վահէ Թաշճեանի, Պութրոս Լապաքիի եւ Հանրի Լորանսի: Նիստավարն էր Քրիստին Պապիկեան-Ասաֆ, որ շեշտեց, թէ այս տեսակ հրատարակութիւններու պակասը մղեց հեղինակները գրելու այս գիրքը` ներկայացնելու համար հայութեան ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ եւ անոնց ներդրումը զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս` քաղաքական, տնտեսական, ճարտարարուեստական, մշակութային եւ այլն:

Ապա ան խօսքը փոխանցեց հնաբան Լեւոն Նորտիկեանին, որ ներկայացուց լիբանանահայութեան ներդրումը լուսանկարչութեան մարզին մէջ` շեշտելով, որ 20-րդ դարու կէսերուն հայ լուսանկարիչները կը կազմէին Լիբանանի լուսանկարչութեան մարզին մէջ աշխատողներուն մօտ 60 առ հարիւրը` ըլլալով շատ մը հռչակաւոր դէմքերու լուսանկարողները, որոնց շարքին` նախագահ Շամուն, Ֆէյրուզ եւ այլն:

Ապա խօսք առաւ դոկտ. Վահէ Թաշճեան, որ ներկայացուց Ցեղասպանութենէն ետք Լիբանան ապաստանած հայ որբերը, որոնք կը գտնուէին ծովեզերեայ շրջաններու տարբեր որբանոցներու մէջ, ինչպէս` Ղազիր, Անթիլիաս, Սայտա, Մաամըլթէյն, Ժիպէյլ:

Իր կարգին, փրոֆեսոր Պութրոս Լապաքի նշեց, որ իր մեծ հայրը Ատանայի մէջ վիրաբուժ եղած է եւ ունեցած սերտ կապեր հայ ընտանիքներու հետ: Ան նաեւ շեշտեց, որ Պէյրութ կը հանդիսանայ սփիւռքահայութեան կեդրոնը եւ նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ իր մէկ հանդիպման ընթացքին երջանկայիշատակ հայրապետը հաստատած է, որ Լիբանան հայութեան համար ամէնէն յարմար վայրն է (Հայաստանէն դուրս)` պահելու համար իր ինքնութիւնը:

Վերջապէս, փրոֆեսոր Հանրի Լորանս նկատել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը շատ լաւ օրինակ կը հանդիսանայ այսօրուան միլիոնաւոր գաղթականներուն` տրուած ըլլալով, որ հայերը անցած են բոլոր այն փուլերէն, որոնցմէ կ’անցնի գաղթական մը, եւ դարձած են լիիրաւ քաղաքացիներ` ունենալով նոյնիսկ ներկայացուցիչներ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն` խմբագիրներուն կողմէ:

 

 

Նախորդը

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

Յաջորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (11). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Դաւիթ Իշխանեանէն Իմացան Արցախի Վերջին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.