Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանանէն բացակայութենէն 12 օր ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խզեց իր լռութիւնը:
Երէկ, առաւօտեան, հանրապետութեան նախագահ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Տեղեկատուութեան ազգային խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին խորհուրդի անդամներ, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէններ, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի տեղեկատուական մարզի եւ հանրային կապերու պատասխանատու Վիգէն Աւագեան:
Պատուիրակութեան անդամներուն դիմաց իր արտասանած խօսքին մէջ, նախագահ Աուն յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի կալանաւորուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ինչ որ կը նկատուի թշնամական արարք մը Լիբանանի դէմ` նկատի ունենալով, որ վարչապետը դիւանագիտական իր հանգամանքով անձեռնմխելի է` ըստ Վիեննայի համաձայնագիրին:
Նախագահ Աուն ըսաւ, որ վարչապետ Հարիրիի եւ իր ընտանիքին ազատութիւնը կաշկանդուած է, եւ անոնք հսկողութեան տակ են: Ան շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ ազգային միասնական ճիգերով պահանջել վարչապետին վերադարձը: «Այս իմաստով, Լիբանան պիտի դիմէ կարելի բոլոր միջոցներուն` վարչապետին ազատ արձակումը ապահովելու համար` իր հաղորդակցութիւնները շարունակելով արաբական թէ եւրոպական երկիրներու հետ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Շարունակելով, նախագահ Աուն նշեց, որ վարչապետ Հարիրիի ազատութեան կաշկանդումը անարգանք է բոլոր լիբանանցիներուն արժանապատուութեան:
Նախագահը նաեւ հաստատեց, որ Հարիրիի վերադարձի պարագային, պատրաստ է անոր հետ քննարկելու իր հրաժարականին պատճառները, պայմանով որ այդ պատճառները չհակասեն երկրին գերիշխանութեան եւ ապահովութեան պահպանման:
Ան նշեց, որ արաբական երկիրներ փորձած են միջամտել Հարիրիի տունդարձին համար, սակայն ապարդիւն դուրս եկած են անոնց ճիգերը, «հետեւաբար դիմեցինք միջազգային հեղինակութիւններու, ներառեալ նաեւ Իտալիան, որ այժմ կը նախագահէ Ապահովութեան խորհուրդի ներկայ նստաշրջանին», ըսաւ ան:
Խօսքի աւարտին նախագահ Աուն հաւաստիացուց, որ երկրին տնտեսական ու ելեւմտական վիճակը հակակշիռի տակ է եւ վտանգուած չէ, եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան բոլոր լրատուամիջոցներուն օժանդակելու երկրին ազգային միասնականութիւնը ամրապնդուած պահելու աշխատանքին, ինչպէս որ էր պարագան նախորդ երկու շաբթուան ընթացքին:
Սէուտական Արաբիա Կը Պատասխանէ
Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական եւ ապահովական գերագոյն խորհուրդը երեկոյեան ժամը 5:00-ին յայտարարեց, որ աւելի ուշ նիստ մը պիտի գումարէ եւ բաւական խիստ պատասխան մը պիտի տայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` անոր արտայայտած երէկուան կեցուածքներուն գծով:
Այդ յայտարարութենէն անմիջապէս ետք նախագահ Աունի միջազգային հարցերու խորհրդատու Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ նախագահ Աուն յանձնառու է լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններուն եւ չ՛ուզեր, որ Հարիրիի կացութեան շուրջ անյստակութիւնը այդ յարաբերութիւններուն դէմ օգտագործուի:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Լիբանանի մէջ առեւանգուած սէուտցի քաղաքացի Ալի Պշըրրաուի ազատ արձակուեցաւ:
Պշըրրաուի առանձինն յայտնուեցաւ Պեքաայի Հաուշ Սէյիտ Ալի շրջանի բանակի գաղտնի սպասարկութեան անցարգելին մօտ:
Հարիրի Թուիթըրեան Այլ Գրառումով Մը Կը Վերահաստատէ
Երկու Օրէն Պէյրութ Վերադառնալու Լուրը
Նախագահ Աունի կատարած յայտարարութենէն ետք Հարիրի թուիթըրեան գրառումով մը դարձեալ հաստատեց, որ ինք շատ լաւ վիճակի մէջ է եւ պիտի վերադառնայ իր սիրելի Լիբանանը, ինչպէս որ խոստացած էր:
Հարիրին Պէյրութ վերադարձնելու ջանքերուն շրջագիծին մէջ երէկ կէսօրէ ետք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան հասաւ Ռիատ, ուր դիմաւորուեցաւ սէուտցի իր պաշտօնակիցին` Ատել Ժուպէյրի եւ սէուտցի պատասխանատուներուն կողմէ:
Կը նախատեսուէր, որ Լոտրիանի եւ Հարիրիի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունենար:
Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսէն, որ յայտնեց, թէ հաղորդակցութիւնը եղած է սրտանց խօսակցութեան առիթ մը:
Նշենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շեշտեց, թէ Լիբանանի նման երկրի մը ներքին հարցերուն միջամտելու եւ վարչապետը հրաժարելու ստիպելու Սէուտական Արաբիոյ արարքը արտակարգ է եւ պատմութեան մէջ չէ պատահած: «Իսկ իսլամական երկրի մը կողմէ լիբանանցիները ռմբակոծելու իմաստով ներկայացուած խնդրանքը` սիոնական գոյացութեան, ամօթալի է», ըսաւ Ռուհանի:
Ան հաստատեց, որ պատմութեան մէջ չէ պատահած նման իրադարձութիւն` իսլամական պետութեան մը կողմէ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ այդ պետութեան իշխանաւորները հասուն եւ խելահաս ղեկավարներ չեն:
«Ինքզինք Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր յորջորջողը կը շարունակէ եմէնցիները սպանդի ենթարկել, առանց գէշ զգալու կամ զղջալու, իսկ ՄԱԿ այդ մասին լուռ կը մնայ, յստակ եւ կտրուկ կեցուածքներու դիմելու փոխարէն», ըսաւ Ռուհանի:
Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մաղթեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կարենայ Լիբանանի մէջ իր հրաժարականը ներկայացնել: Ան վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ անոր ընտանիքը հրաւիրեց Ֆրանսա:
Այս շրջագիծին մէջ ֆրանսական «Լոփինիոն» օրաթերթը գրեց, թէ Մաքրոնի Ռիատ այցելութեան ընթացքին, երբ ան Սէուտական Արաբիոյ Մոհամետ պըն Սալման գահաժառանգ իշխանին հետ արծարծած է վարչապետ Հարիրիի հարցը, ապա իշխանը պատասխանած է հաստատելով, որ անիկա ընտանեկան հարց է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով ընդգծեց Լիբանանի մէջ զգայուն հարցերու լուծման անհրաժեշտութիւնը` առանց արտաքին միջամտութիւններու:
Պըրրի. «Նախագահ Աունի Հետ Համաձայն Ենք,
Թէ Հարիրիի Վերադարձէն Առաջ Ոչինչ Կրնանք Ընել»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ իրենք համաձայն են նախագահ Աունի հետ, թէ Հարիրիի վերադարձէն առաջ երկրին մէջ ոչինչ կարելի է ընել:
Պըրրի ընդգծեց, որ Հարիրիի կողմէ իր հրաժարականը յետս կոչելու որոշումը պէտք չէ այս կամ այն կողմը ընդվզեցնող արարք նկատել, այլ անոր մէջ պէտք է տեսնել լիբանանեան եւ արաբական կայունութիւնն ու արդարութիւնը պահպանող քայլ:
Պըրրի հաստատեց, որ հակառակ իր դիմագրաւած տագնապին, Լիբանան տակաւին կը գտնուի քաղաքական եւ տնտեսական ապահով փուլի մէջ, «իսկ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը կ՛երաշխաւորէ երկրին պահպանումն ու անոր տագնապին խաղաղ եւ խոհեմ լուծումը», ըսաւ ան:
Պըրրի կոչ ուղղեց նախագահ Աունին շարունակելու իր հաղորդակցութիւնները, որովհետեւ այդ հարցը ազգային արժանապատուութեան հարց է:
Պասիլ Բրիտանիոյ Եւ Իտալիոյ Մէջ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ
Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Վարչապետ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձը ապահովելու նպատակով արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ շարունակեց իր սկսած արշաւը:
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Պասիլի սկսած շրջապտոյտը լրիւ համադրուած է Հարիրի ընտանիքին եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ:
Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսընի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ճոնսըն կոչ ուղղեց վարչապետ Հարիրիի անյապաղ Պէյրութ վերադարձին` ընդգծելով Բրիտանիոյ յանձնառութիւնը` Լիբանանի կայունութեան ապահովումին եւ շրջանային հաշիւները մաքրելու գործողութիւններէն Լիբանանը հեռու պահելու կարեւորութեան:
Իր կարգին, Պասիլ շեշտեց Հարիրիի Լիբանան վերադարձին առաջնահերթութիւնը` ընդգծելով, որ ան Պէյրութի մէջ պիտի արժանանայ հանրապետութեան նախագահին ամբողջական ուշադրութեան` իր արծարծելիք բոլոր հարցերուն վերաբերեալ:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ պէտք չէ Լիբանանի մէջ ցարդ իրագործուած նուաճումները ոչնչացնել:
Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը շրջանային եւ համաշխարհային կայունութեան կը նպաստէ:
Ապա Պասիլ ուղղուեցաւ Հռոմ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ իտալացի իր պաշտօնակիցին` Անճելինօ Ալֆանոյի հետ:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի նպատակն է իր ապահովական կայունութիւնը պահպանել, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել նաեւ շրջանին եւ Եւրոպայի կայունութիւնը:
Ան նշեց, որ Իտալիա իր այցելութիւնը կը միտի այս նպատակին շուրջ լիբանանեան միասնականութեան նկատմամբ Իտալիոյ զօրակցութիւնը ապահովել:
Պասիլ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի իրավիճակը անյստակ է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան բազմիցս արտայայտեց Լիբանան վերադառնալու իր ցանկութիւնը, իսկ այս իմաստով միջազգային ուխտերը կ՛արտօնեն անոր ազատ շարժումն ու Լիբանան վերադարձի անհրաժեշտութիւնը:
«Մենք պէտք է կարենանք ազատօրէն խօսիլ Հարիրիի հետ, քննարկել անոր պահանջները եւ գործել անոր հետ` լուծելու համար խնդիրները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հարիրիի Ռիատ մեկնումէն ի վեր ինք վարչապետէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն չէ ստացած:
Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կը պահանջեն Հարիրիի ազատութիւնը եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի ան կարենայ վերադառնալ Պէյրութ:
Պասիլ դիտել տուաւ, թէ ինք, Հարիրին եւ լիբանանցիները Հըզպալլա եւ Իրան չեն` աւելցնելով, որ եթէ Սէուտական Արաբիա Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ հարց ունի, ապա ան այդ հարցը ըստ այնմ պէտք է լուծէ` առանց լիբանանցիները միջամուխ դարձնելու:
Հռոմի մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք յայտարարութիւններ չկատարուեցան:
Վաղը` ուրբաթ, 17 նոյեմբերին, Պասիլ պիտի ուղղուի Մոսկուա` հանդիպում մը ունենալու համար իր ռուս պաշտօնակիցին` Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Տար Ֆաթուայի Մէջ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք:
Հարպ մաղթեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը լուծուի եւ հարցերը վերադառնան իրենց բնականոն վիճակին:
Հարպ շեշտեց, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը սուրբ է` աւելցնելով, որ Հարիրի պէտք է վերադառնայ Լիբանան:
Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր: Քննարկուեցան Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակն ու Հարիրիի հրաժարականին լոյսին տակ արձանագրուող իրադարձութիւնները: