Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Նոյեմբեր 14, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը գումարուեցաւ ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ` նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ թեմի Երեսփոխանական, Ազգային կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան կազմերուն, նաեւ` շարք մը հրաւիրեալներու:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը հիմնականին մէջ յատկացուած էր թեմի գործադիր իշխանութեան նորընտիր երկու կազմերուն` Ազգային կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան յառաջիկայ երկամեակի (2017-2019) գործունէութեան աշխատանքային ուղեգիծ-ծրագիրներու քննարկման եւ հաստատման:

Նիստը սկսաւ առաջնորդ հօր բացման աղօթքով, որ նաեւ իր սրտի խօսքով ներկայացուց նիստի անկիւնադարձային նշանակութիւնը` որպէս վերականգնումի եւ վերաշինութեան նստաշրջան, հրաւիրելով ներկաները ողջմիտ եւ իրատեսական քննարկումներով հարստացնել ժողովը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Յաջորդաբար ներկայացուեցան Ազգ. կրօնական ժողովի եւ Ազգ. վարչութեան երկամեայ աշխատանքային ուղեգիծ-ծրագիրները, որոնք հանգամանօրէն քննարկուեցան ժողովականներուն կողմէ` սուրիական տագնապի աւարտի յուսալից ակնկալութեամբ, վերականգնումի եւ վերաշինութեան ծիրին մէջ:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը մանաւանդ յատկանշուեցաւ.

1.- Բերիոյ հայոց թեմի դարարմատ խորհրդանիշ` Ս. Քառասնից Մանկանց պատմական մայր եկեղեցւոյ նորոգութեան ծրագրի քննութեամբ:

2.- Համազգային ուխտատեղի` նորոգ ազատագրեալ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ ապրիլեան յուշահամալիրի վերաշինութեան ծրագիրը պատրաստելու համահայկական կամքի արտայայտումով:

3.- Մեր համայնքի զաւակներուն հոգեւոր-բարոյական, կրթական, հայեցի դաստիարակութեան, ծառայողական, բազմաբնոյթ ծրագիրներու գործադրութեան տնօրինումով:

4.- Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պատմական առաջին շէնքի ու շրջապատի բարենորոգման ծրագրումով:

5.- Ազգ. առաջնորդարանը յարմարաւէտ կառոյցով մը օժտելու ուսումնասիրութեամբ:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը վերահաստատեց սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու հաստատակամութիւնը, սուրիական հայրենիքի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:

Սրբազան հայրը իր փակման խօսքով բարձր գնահատեց նիստին գումարումը` որպէս խրախուսիչ երեւոյթ, իր ուրախութիւնը արձանագրեց երկամեակի աշխատանքային պատկերացումներուն համար, գնահատանքը` սուրիական բանակին եւ զինակիցներուն, մնայուն ապահովութիւն մաղթեց մեր ժողովուրդին եւ` սուրիական հայրենիքի հողերու ամբողջական ազատագրում, Հայաստանի յարաճուն վերելք ու բարգաւաճում: Ան հրաւիրեց բոլորը յառաջատեսիլ մօտեցումով եւ վերականգնումի հոգեբանութեամբ ներկայացուած ծրագիրները ընդհանրապէս մեկնարկը համարել վերականգնումի եւ վերաշինութեան գործին:

ԴԻՒԱՆ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

10/11/2017

Նախորդը

Կիպրոսի Մէջ. Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ. ՀՅԴ Շրջաններու Նախընտրական Աշխատանքը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?