Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան. «Պէտք Է Ամփոփել 2018-ին Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունենալիք 3 Մեծ Իրադարձութիւններուն Առնչուող Առաջարկները»

November 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 11 նոյեմբերին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 3 մեծ իրադարձութիւններուն` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու վերաբերեալ խորհրդակցութիւն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան զեկուցում ներկայացուցած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստման եւ  կազմակերպման վերաբերեալ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը ներկայացուցած է մայրաքաղաքի հիմնադրման 2800-ամեակի շրջագիծին մէջ նախատեսուող ձեռնարկները եւ  նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ  Ստեփանեանն ալ, իր կարգին, զեկուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Քննարկուած են տարբեր կազմակերպչական հարցեր եւ առաջարկներ:

Վարչապետը, ընդգծելով 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք այս երեք մեծ իրադարձութիւններուն կարեւորութիւնը, շեշտած է, որ անոնք պէտք է կազմակերպուին բարձր մակարդակով եւ պատշաճ: Անդրադառնալով Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին` վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարած է շահագրգիռ նախարարութիւններուն ըլլալ աշխուժ եւ պատասխանատու ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքներով: «Իւրաքանչիւրը իր գործով պէտք է ներգրաւուած ըլլայ կազմակերպչական բոլոր հոլովոյթներուն մէջ, եւ համապատասխան աշխատանքային խումբերը պէտք է կանոնաւոր, առարկայական եւ համակարգուած աշխատին այդ ուղղութեամբ», նշած է կառավարութեան ղեկավարը:

Վարչապետը յանձնարարած է մէկ շաբթուան ընթացքին ամփոփել 3 իրադարձութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները, յստակեցնել նախատեսուող աշխատանքները եւ ներկայացնել յստակ ծրագիրներ:

Նախորդը

Արցախի Խորհրդարանականները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Եռաբլուրի Եւ Ծիծեռնակաբերդի Մէջ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում,  Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար  Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում, Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.