Ռայի Պատրիարքը Կը Բաժնէ Հարիրիի Հրաժարականին Պատճառները
Նախագահ Աուն. «Հարիրիի Պէյրութ Վերադարձը Առիթ Պիտի Տայ Քննարկելու Անոր Հրաժարականին Պայմանները»
Վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութ վերադարձի արշաւը կը շարունակուի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան, Տար Ֆաթուայի, մարոնի համայնքի պատրիարքութեան, շրջանային, միջազգային եւ յատկապէս եւրոպական մակարդակներով:
Տասը օրէ ի վեր Լիբանանէն բացակայող վարչապետին վերադարձը պահանջող կոչերուն պատասխանը երէկ տրուեցաւ Սաատ Հարիրիի կողմէ, երբ ան վերադարձաւ իր նախկին սովորութեան` թուիթըրեան գրառումներուն եւ արձանագրեց հետեւեալը. «Ժողովո՛ւրդ, պէտք է հանդարտինք. ես լաւ վիճակի մէջ եմ, եւ երկու օրէն Լիբանան կը վերադառնամ, իսկ ընտանիքս կը գտնուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ` բարիքի երկրին մէջ»:
Հակառակ Հարիրիի գրառումին, երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ վարչապետին Լիբանան վերադարձը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբաթասկիզբին:
Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն աւարտին հաստատուեցաւ Լիբանանի սահմանադրութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած չէզոք կեցուածքին նկատմամբ յարգանքով վերաբերելու անհրաժեշտութիւնը:
Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց ինքզինք շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու կեցուածքը որդեգրելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան արաբական երկիրներու հարցերուն պէտք չէ միջամտէ:
Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց արդար պետութիւն մը հիմնելու անհրաժեշտութիւնը: «Պետութիւն մը, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կ՛իշխէ եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը կ՛ամբողջացնէ», նշուեցաւ պլոքին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձը առաջնահերթութիւն է` ներքին եւ արտաքին հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար: Պլոքը ողջունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը` նշելով, որ անիկա կը փաստէ, թէ բոլոր լիբանանցիները կը փափաքին իրենց յարաբերութիւնները ամուր պահել արաբական բոլոր երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ:
Ռայի Ռիատի Մէջ Կը Հանդիպի Հարիրիին
Պատմական այցելութեամբ Սէուտական Արաբիա ուղղուած մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Ռիատի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, ապա վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանին եւ Ռիատի Ֆայսալ պըն Պանտար պըն Ապտել Ազիզ իշխանին հետ:
Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սէուտական Արաբիոյ ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարները` Ապտել Ազիզ պըն Սէուտ պըն Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզն ու Ատել Ժուպէյրը, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Ծոցի երկիրներու հարցերու պետական նախարար Թամեր Սապհանը:
Հանդիպումին ընթացքին Սալման թագաւորը եւ Ռայի պատրիարքը ընդգծեցին կրօններու դերակատարութեան կարեւորութիւնը` ահաբեկչութեան ու ծայրայեղութեան վերջ դնելու եւ շրջանին մէջ բնակող ժողովուրդներուն ու աշխարհին անվտանգութիւնը ապահովելու իմաստով:
Անոնք քննարկեցին նաեւ լիբանանեան-սէուտական եղբայրական յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդուած պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ոչ մէկ թղթակից ներկայ գտնուեցաւ, սակայն հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ միայն սէր ու զօրակցութիւն գոյութիւն ունի:
Ան հաստատեց, որ Հարիրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական, եւ թէ ինք կը բաժնէ Հարիրիի հրաժարականին պատճառները` աւելցնելով, որ վարչապետը շուտով պիտի վերադառնայ Լիբանան:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը Ռիատէն ուղղակի պիտի ուղղուէր Հռոմ, սակայն ան մետասաներորդ պահուն փոխեց իր ուղղութիւնը` վերադարձաւ Պէյրութ, ապա մեկնեցաւ Վատիկան:
Ռայի պատրիարքը երեկոյեան 8:30-ին հասաւ Պէյրութ, ուր ժամ մը մնալէ ետք, ժամը 9:30-ին ուղղուեցաւ Վատիկան:
Նախագահ Աուն Նշեց, Որ Հարիրիի Պէյրութ Վերադարձին Գծով
Լիբանանեան Համախոհութիւն Կայ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն քաղաքական, կուսակցական եւ դիւանագիտական խորհրդակցական իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ Հարիրիի հրաժարականին նկատմամբ Լիբանան համակարծիք է` աւելցնելով, որ այդ տեսակէտը ազգային միացեալ կեցուածքով կ՛արտայայտուի լիբանանեան քաղաքական թէ կրօնական հեղինակութիւններուն կողմէ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձը առիթ պիտի տայ քննարկելու անոր հրաժարականին պատճառները, որպէսզի ըստ այնմ որոշում տրուի:
Ան ընդգծեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ազգային ազատ որոշումներուն չմիջամտելու իմաստով ցուցաբերուած միջազգային հակազդեցութիւններէն:
Նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որ հաստատեց, որ Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանը կը զօրակցի նախագահ Աունի ջանքերուն, որոնց նպատակն է Լիբանանը փրկել իր դիմագրաւած զգայուն կացութենէն:
Քանայի ընդգծեց, թէ Քուէյթի իշխանը հաստատած է, որ Քուէյթ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:
Նախագահ Աուն զօրակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելէն:
Մերքել յայտնեց, որ ինք կը հետեւի լիբանանեան իրադարձութիւններուն, յատկապէս Հարիրիի հրաժարականին լոյսին տակ: Ան ողջունեց նախագահ Աունի դերակատարութիւնը` լուծելու համար այս տագնապը:
Մերքել շեշտեց, որ Գերմանիա կը զօրակցի Լիբանանին` աւելցնելով, որ Պերլին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ եւրոպական երկիրներու հետ` լուծելու համար տիրող տագնապը եւ յարգելու համար Լիբանանի գերիշխանութիւնը:
Պասիլ Սկսաւ Վարչապետ Հարիրիի Տունդարձը Պահանջող
Եւրոպական Ընդարձակ Շրջապտոյտի Մը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ուղղուեցաւ Պրիւքսել, ուրկէ յայտարարեց, թէ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականին տագնապը Լիբանան տակաւին Ռիատի հետ եղբայրական յարաբերութիւններուն ընդմէջէն կը փորձէ լուծել:
Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մոկերինի կոչ ուղղեց վարչապետ Հարիրին եւ անոր ընտանիքը յառաջիկայ օրերուն ապահով կերպով փոխադրելու Լիբանան` երաշխաւորելու համար լիբանանեան ներքին կայունութիւնը եւ ամրապնդելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Յետմիջօրէին Պասիլ ուղղուեցաւ Ֆրանսա, ուր ընդունուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ:
Հանդիպումի աւարտին Պասիլ Էլիզէի պալատէն յայտնեց, թէ Ֆրանսա հաստատած է, որ ճիգ պիտի չխնայէ զօրակցելու համար Լիբանանին, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ լաւ ու հեզասահ յարաբերութիւններ ունի:
Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը փափաքի որոշումի ազատութիւն ունենալ: Ան ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանցիները անհամբեր կը սպասեն վարչապետ Հարիրիի վերադարձին, որպէսզի երկիրը արտասովոր եւ արտակարգ իրավիճակէն դուրս գայ:
Լրագրողներուն հարցումներէն մէկուն պատասխանելով` Պասիլ ըսաւ, որ անկարելի է ընդունիլ Լիբանանի դէմ ուղղուած այն ամբաստանութիւնը, թէ ան այլ երկրի մը վրայ հրթիռարձակում կատարած է: «Եթէ Իրանի հետ խնդիրներ կան, ապա այդ հարցերը պէտք է լուծել Իրանի հետ: Լիբանանը ո՛չ Իրան է, ո՛չ Սէուտական Արաբիա եւ ո՛չ ալ Սուրիա: Լիբանանը Լիբանան է եւ ունի արտաքին անկախ քաղաքականութիւն», հաստատեց Պասիլ:
Ֆրանսա իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք Պասիլ ուղղուեցաւ Լոնտոն:
Նշենք, որ Պասիլի այցելութենէն ետք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան այսօր երեկոյեան հանդիպում մը պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի հետ, որուն հետ պիտի քննարկէ Լիբանանի կացութիւնը:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ հաստատեց վարչապետ Հարիրին ազատօրէն Լիբանան վերադարձնելու կարեւորութիւնը:
Հարիրիի Հրաժարականին Մասին Կեցուածքները Կը Շարունակուին
Հարիրիի հրաժարականին վերաբերող կեցուածքներուն եւ մեկնաբանութիւններուն ծիրին մէջ, երէկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ շեշտեց, որ Հարիրի իր անձին եւ ուրոյն որոշումներուն տէրը չէ` աւելցնելով, որ ան չէ հրաժարած, այլ պաշտօնանկ եղած է:
Ասատ հաստատեց, որ ինք շրջանին մէջ պատերազմ չի նախատեսեր` աւելցնելով, որ իսկապէս պատերազմի պատրաստուողը պատերազմի փողեր չի հնչեցներ:
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ապտալլա Մոալլեմի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ մէջ տնային կալանքի տակ չի գտնուիր եւ քանի մը օրէն ան պիտի վերադառնայ Պէյրութ:
Մուսթաքպալ Հոսանքը Կը Պատասխանէ
Մուսթաքպալ հոսանքը երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատասխանեց նախագահ Ասատի կատարած յայտարարութեան` շեշտելով, որ Սաատ Հարիրի իր անձին եւ որոշումին տէրն է` աւելցնելով, որ Պաշշար Ասատ վերջին անձն է, որուն արտօնուած է խօսիլ անձնական գերիշխանութեան կամ որոշումի ազատութեան մասին:
«Պաշշար Ասատի կողմէ Հարիրիի հասցէին կատարուած յայտարարութիւնները միայն անոր անձին կը վերաբերին եւ անոր յատկանիշները կ՛արտայայտեն», նշեց Մուսթաքպալ հոսանքը` ընդգծելով, որ Ասատ պէտք է կասեցնէ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու եւ լիբանանցիներուն ու անոնց վերաբերող հարցերը թունաւորելու իր սովորութիւնը: