Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորները

November 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 նոյեմբերին ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ:

Պատուիրակութիւնը Հայաստան հասած է մասնակցելու Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովներուն միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի 12-րդ նիստին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի կապի վարչութիւնը, հանրապետութեան նախագահը ողջունած է պատուիրակութիւնը եւ կարեւոր նկատած միջխորհրդարանական սերտ յարաբերութիւնները հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ` ընդգծելով, որ ինչ ձեւաչափով ալ դրսեւորուի փոխադարձ գործակցութիւնը` միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի նիստեր, Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու պարբերաբար իրականացուող միացեալ նիստեր կամ պատգամաւորական խումբերու շփումներ, ատիկա, ամէն պարագայի, լաւագոյն ձեւն է իրարու միջեւ տեղեկատուութիւն փոխանակելու եւ ընդհանուր խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ջանքերը համատեղելու:

«Ինծի միշտ լաւատեսութեամբ կը համակէ այն, որ` հակառակ պարտադրուած պատերազմին, հակառակ սահմանագիծին վրայ առկայ լարուածութեան, Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները մեծ հաւատքով լեցուած են իրենց ապագային նկատմամբ եւ այդ հաւատքով կ՛ամրապնդեն իրենց պետականութիւնը, կ՛աւելցնեն բարեկեցութիւնը, կը զարգացնեն ժողովրդավարութիւնը: Եւ ասիկա բոլորս կը համոզէ, որ ճիշդ ճամբուն վրայ ենք, եւ որ մեր կամքը անբեկանելի է: Այս ճամբուն վրայ, վստահաբար, շատ կարեւոր փուլ էր ընթացիկ տարուան 20 փետրուարին տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն, որ մէկ անգամ եւս հաստատեց, որ չկայ խզուածութիւն Արցախի գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւններու եւ ժողովուրդին միջեւ, իսկ ասիկա չափազանց կարեւոր հանգամանք է մարտահրաւէրները դիմակայելու: Կը կարծեմ` ոեւէ մէկը չի կասկածիր, որ այս ուղին անցնելու ճամբուն վրայ ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ո՛չ միայն մեր բոլոր քաղաքացիները, այլեւ համայն հայութիւնը ձեր կողքին է, եւ միշտ այդպէս պիտի ըլլայ», ըսած է նախագահը` ընդգծելով, որ խորհրդարանականներու քննարկումներուն արդիւնքները անհրաժեշտ է պարբերաբար հասցնել նաեւ երկու հանրապետութիւններու քաղաքացիներուն, քանի որ, ըստ նախագահ Սարգսեանի, մենք ամուր ենք, լաւատես ենք, հաստատակամ ենք, եթէ մեր քայլերը համահունչ են մեր ժողովուրդի ցանկութեան:

Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին հիւրընկալութեան համար` նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին հետ միջխորհրդարանական համագործակցութեան նիստերու ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահին մօտ աւանդաբար հիւրընկալուիլը շատ կարեւոր է խորհրդարանականներուն համար, քանի որ նման հանդիպումները լաւ կարելիութիւն են համագործակցութեան օրակարգէն բացի անդրադառնալու երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող արդիական նիւթերուն, համահայկական նշանակութեան խնդիրներուն:

Ան նախագահին տեղեկացուցած է կառուցողական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող միջխորհրդարանական երէկուան նիստին քննարկուած հարցերուն մասին:

«Մեր հրատապ հարցերու շարքին են նաեւ յետսահմանադրական զարգացումները ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի մէջ: Ինչպէս դուք նշեցիք, պարո՛ն նախագահ, մենք հիմա շատ կարեւոր փուլ մտած ենք ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի մէջ սահմանադրական հանրաքուէներէն ետք մեր կեանքի կարգաւորումները նոր սահմանադրութիւններով պայմանաւորելու առումով: Թէկուզ մենք տարբեր կառավարման ձեւեր ընտրած ենք, բայց այս հոլովոյթին մէջ ունինք շատ ընդհանրութիւններ, որովհետեւ անցած ճամբան ալ այդ մասին կը վկայէ: Կան որոշ առանձնայատկութիւններ, որոնք, ի հարկէ, մենք կը ցանկանք քննարկել մեր գործընկերներուն հետ, որոնք տեղեակ եղած են այդ հոլովոյթէն եւ կրնան օգտակար ըլլալ մեր օրէնսդրութիւնը հիմնական օրէնքին համապատասխանեցնելու գործին», Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Նախորդը

Ազրպէյճան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակէն Գործնական Քայլեր Կ՛ակնկալէ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.